Որոնել

2021.11.10 XXXIII domenica ordinaria B - Gesù parabola del fico

Երրորդ Կիրակի Յիսնակաց Ապաշխարեցէք, եթէ ոչ` պիտի կորսուիք (Ղուկաս 13, 1-9)

Յիսնակաց երրորդ կիրակին մեզի կոչ կ՛ուղղէ ապաշխարութեան, որ քրիստոնէական կեանքի առաջին սկզբունքներէն մին է. Յիսուս իր առաջին քարոզութիւնը սկսաւ հետեւեալ խօսքերով. «Ապաշխարեցէք, որովհետեւ մօտեցած է երկնքի արքայութիւնը.»

Խիստ են Քրիստոսի այս խօսքերը, սակայն մերկ իրականութիւնը կը դնեն մեր առջեւ։ Աշխարհի մէջ ամէն օր իրարու կը յաջորդեն աղէտները, ոմանք բնական, ուրիշներ` մարդոց կողմէ կատարուած։ անշուշտ կը խնդրենք որ Տէրը փրկէ մեր անձերը ամէն աղէտէ եւ չար փորձանքէ, սակայն անոնք կրնան պատահիլ որեւէ ատեն։ Ուստի հարկ է պատրաստ ըլլալ, եւ ամենալաւ միջոցը պատրաստուելու ապաշխարանքն է։

Անպտուղ թզենիի առակին մէջ` Յիսուս կու գայ անգամ մը եւս մեզի բացատրելու Աստուծոյ կամքը մեզ փրկելու ամէն գնով։ Գարշահոտ աղբը զոր պարտիզպանը կը դնէ ծառին շուրջ` խորհրդանիշն է այն զոհողութիւններուն զոր մարդս պէտք է ընէ իր անձը փրկելու համար, կամաւորապէս ինքզինք զրկելով հաճելի բաներէ։ Այս գինով միայն կրնանք մեր անձին համար ապահովել հիմնական փոփոխութիւն մը, որ փրկարար պիտի ըլլայ եւ մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի առաքինի կեանք մը։

Յիսնակաց երրորդ կիրակին մեզի կոչ կ՛ուղղէ ապաշխարութեան, որ քրիստոնէական կեանքի առաջին սկզբունքներէն մին է. Յիսուս իր առաջին քարոզութիւնը սկսաւ հետեւեալ խօսքերով. «Ապաշխարեցէք, որովհետեւ մօտեցած է երկնքի արքայութիւնը.» Իր կեանքի ընթացքին, յաճախ կը հրաւիրէ իրեն հետեւորդները իրենց խաչը առնելու եւ հետեւելու իրեն, մէկ խօսքով մահացուցնելու իրենց կեանքը, զայն կորսնցնելու, եթէ հարկ է, պայմանաւ որ շահինք մեր հոգին եւ փրկենք զայն յաւիտենական դատապարտութենէն։

Յիսուս ընդհանրապէս կը նմանցնէ աշխարհի այս կեանքը տառապանքի, զրկանքի եւ նեղութեան շղթաներու, իսկ երկնքի յաւիտենական երջանկութիւնը` յաճախ ներկայացուած է խնճոյքի եւ կերուխումի պատկերներուն տակ։ Մարդիկն այսօր` աւելի կը նախընտրեն ներկայ աշխարհիկ կեանքը ապրիլ խնճոյքներու եւ կերուխումներու մէջ, առանց մտահոգուելու իրենց հոգւոյն եւ անոր յաւիտենական կեանքին մասին։ Ինչ որ մարմնաւոր է եւ աղբիւր շահի կը հետաքրքրէ զիրենք, իսկ ինչ որ հոգեւոր է եւ աղբիւր մահացուցեալ կեանքի, անկէ կը փախչին եւ անոր մասին ոչ իսկ կ՛ուզեն մտածել։ Հռչակաւոր երգիչներու սրահները միշտ լեցուն են եւ մարդիկ կարգի կը սպասեն հոն մտնելու համար, իսկ եկեղեցիները յաճախ դատարկ են կիրակի օրերը։

Յիսուսի Ծննդեան տօնը եւ Յատնութիւնը տօնական երեւոյթներ կ՛առնեն փողոցներուն մէջ, ամէն տեղ կը լուսաւորուի եւ կը զարդարուի, սակայն յաճախ մարդիկ չեն գիտեր թէ ի՞նչ բան կը տօնեն, որու՞ն ծնունդը եւ ի՞նչ բանի յայտնութիւնը։ Այլասերած է քրիստոնէական կոչուած երկիրներու մէջ` իմաստը աւետարանին մէջ պարունակուած ճշմարտութիւններուն։ Աւանդութիւն մըն է ծննդեան տօնը, բայց որեւէ կապ չունի հոգեւոր կեանքի հետ, ուստի եւ չի խօսիր իրենց սրտին։ Կը սիրեն եկեղեցական տօներու շրջանին` ապրիլ ուրախ մթնոլորտի մէջ, կատարել ամէն ինչ որ կը պատճառէ հրճուանք եւ հաճոյասիրութիւն, իրարու նուէրներ պատրաստել, խնճոյքներ կազմակերպել։ Սակայն տօնին բուն իմաստը բոլորովին կորսուած է եւ մտքերէն վերջնականապէս հեռացած։

Քաղաքական իշխանութիւնները նոյնիսկ կարգ մը տեղեր հակառակ են մսուրներու ներկայութեան, որով կրօնական բնոյթ պէտք չէ ունենայ ծնունդի տօնը, այլ միայն մշակութային։ Պայքարը մեծ է. Մենք քրիստոնեաներս պէտք չէ յուսահատինք, այլ մեր բոլոր ջանքերով աշխատելու ենք տօնին հոգեւոր իմաստը յայտաբերելու։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2023, 07:34