Որոնել

2023.09.28 Immagini del Cardinal Pietro XV AGAGIANIAN

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (45)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի օրոք Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի Հռոմ այցելութեան:

ԽԵ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի օրոք Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի Հռոմ այցելութեան:

Ուրբաթ 8 Մայիս 1970-ին, կը զուգադիպի Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա.  Կաթողիկոսի պաշտօնական այցը Հռոմ՝ Պօղոս Զ. Պապին: Պօղոս Զ. Քահանայապետը քրիստոնեաներու միութեան եռանդէն մղուած հրաւիրած էր Էջմիածնի Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը Հռոմ, մեկդի ձգելով նախապատուութեան ամէն նկատողութիւն: Այդ օրերուն, Քահանայապետը կ'աշխատէր ամէն գնով վառ պահել թափը, յառաջացնելու համար քրիստոնեաներու միութեան դժուարին գործը:

Հայոց Հայրապետի շքախումբին մաս կը կազմէին յատկապէս Պոլսոյ Ամեն. Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան և Երուսաղէմի Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեան: Իրաւամբ, Էջմիածնի Հայրապետի պատմական այցելութեամբ Հռոմ՝ Հայ Եկեղեցին մեծ շուքով ողջագուրուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ: Առաջին անգամն էր որ Հռոմի Պապը պատիւը և ուրախութիւնը կ'ունենայ ընդունելու Էջմիածնի Կաթողիկոսը, քանի երկար ժամանակէ մը ի վեր Ամենայն Հայոց Հայրապետ մը չէր այցելած Հռոմի Սրբազան Պապին:

Վատիկանի նշանաւոր Սիքստեան մատրան մէջ, որ զարդարուած էր Միքէլանճելոյի և այլ արուեստագէտ նկարիչներու գլուխ-գործոցներով, Հռոմի և Հայ Եկեղեցիներու Հովուապետները կը հանդիպէին իրարու, եղբայրական ողջագուրումով: Այդ պատմական հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Կարդինալ Աղաճանեան, հակառակ իր  կրած խոր ցաւերուն, եկած էր դիմաւորելու Հայոց Հայրապետը, և մինչ Պօղոս Զ. կ'ողջագուրուէր Երուսաղէմի և Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքներուն հետ, Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան բարի գալուստ կը մաղթէր Ամենայն Հայոց Հայրապետին:

Ճշմարտացի էր Սաղմոսերգուին խօսքը թէ. «Որքա՜ն բարի է, որքա՜ն վայելուչ, որ եղբայրներ միասին բնակին»:  Այս առթիւ՝ Պօղոս Զ. կը յիշատակէ Խորէն Ա. Կաթողիկոսին այցը, ակնարկելով հայոց հզօր հաւատքին, Մեծ Հայաստանը որուն փարումը՝ Քրիստոնէական հաւատքին հիացումով լեցուցած էր նախորդ Քահանայապետ՝ Գրիգոր ԺԳ. Պապը:

Տեղին է յիշել թէ՝ 1967-ի Մայիսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. Կաթողիկոս եւս պաշտօնապէս այցելած էր Վատիկան Պօղոս Զ. Քահանայապետին (Աւետիք, 1970, թիւ 6-9, էջ 65): Արդ, Վազգէն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի այցելութեամբ նոր հանգրուան մը կը սկսէր Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ և Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ:

Կիլիկեան շրջանէն դարեր ետք, այս այցելութիւնը իրապէս անկիւնադարձ մը կ'ըլլայ Հռոմէական և Հայ Եկեղեցւոյ ժամանակակից պատմութեան մէջ, որուն իբր հետեւանք՝ յաճախակի եղան Հայ հոգեւոր Առաջնորդներու և պատգամաւորներու այցելութիւնները Հռոմայ Սրբազան Քահանայապետին: Յիշատակութեան արժանի է թէ Լեհահայ բազմահմուտ վարդապետ՝ Հ. Գրիգոր Բեդրովիչ երկար տարիներ Վատիկանի արշիւները ուսումնասիրելէ ետք յայտնաբերած է կարգ մը Հայ կաթողիկոսներու պատմական արժէք ունեցող նամակներ ուղղուած Հռոմի Պապերուն, ուր անոնք ստուգապէ՛ս Ս. Պետրոսի գլխաւորութեան իրենց հաւանութիւնը յայտնած են, փոխադարձ սիրոյ և յարգանքի: Այս մէկը ցոյց կու տայ թէ Հռոմի Կաթողիկէ և Հայ Եկեղեցւոյ յարաբերութեանց ուշ միջնադարու պատմութիւնը բանասէրներու կողմէ ուսումնասիրուելու կարիքն ունին: Կիրակի 10 Մայիսին, Քահանայապետական Պատարագի ընթացքին, Պօղոս Զ. Պապը հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեան՝ կը կատարէ անմոռանալի արարք մը, իջնելով իր գահէն, կը յառաջանայ դէպի Հայոց Կաթողիկոսը, կ'ողջագուրուի անոր հետ և իր սեփական մատանին կը փոխանակէ անոր մատանիին հետ, ի նշան մշտնջենաւոր եղբայրութեան և հաղորդութեան Կաթողիկէ և Հայաստանեայց Եկեղեցիներու միջեւ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2023, 07:50