Որոնել

REPAMի տարեդարձը REPAMի տարեդարձը 

ՌԷՓԱՄ. Տասը տարիներ Ամազոնի ժողովուրդին ծառայութեան ի սպաս

Համամազոնեան եկեղեցական ցանցը հիմնուած է 2014 թուականին, Ափարեսիտայի մէջ գումարուած ժողովէն բխած որոշումին վրայ։ Ներկայացուեցաւ հիմնադրութեան տասը տարուայ տարեդարձի տօնախմբութիւններու տարբերանշանը որ կ՝ընդգծէ, թէ ինչպէս այդ տարածաշրջանի ժողովուրդները կապուած են իրարու միջեւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

2007 թուականին, Պրազիլի Ափարեսիտա քաղաքին մէջ գումարուած Լատին Ամերիկիոյ եւ Քարիպեան կղզիներու եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերուն 5-րդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին լոյս տեսաւ Համ Ամազոնեան եկեղեցական ցանց REPAM կազմակերպութիւնը ու հիմնուեցաւ 2014 թուականին եւ մօտ ապագային կը նշուի հիմնադրութեան առաջին տասնամեակը։

Համ-Ամազոնեան եկեղեցական ցանցի նպատակն է Ամերիկեան ցամաքամասերու մէջ իրազեկել ողջ մարդկութեան համար Ամազոնի կարեւորութեան մասին եւ փնտռել զարգացնել կազմակերպուած հովուական ծառայութիւն մը տարբեր եկեղեցական համայնքներու միջեւ, որոնք կը գտնուին Ամազոնեան շրջանի Հարաւային Ամերիկայի երկիրներու մէջ։

Արդարեւ՝ եկեղեցական ցանցի հիմնադրութեան 10-րդ տարուան առթիւ ներկայացուեցաւ յիշատակի տարբերանշան մը որ ձեւաւորուած է REPAM-ի մաս կազմող ինը երկիրներէ՝ ներկայացուած ծաղիկներուն թերթերով, որոնք կը խորհրդանշեն ժողովուրդներու բազմազանութիւնը եւ անոնց տարբեր իրականութիւնները։

Աւետարանն ու Եկեղեցին, որոնք կը ծառայեն Ամազոնի ժողովուրդներուն, ներկայացուած են խաչով մը։

Տասը տարիներու յիշատակը ներառուած է տարբերանշանին մէջ ձկնորսութեան ցանցի մը հետ միասին՝ իր տարբեր գոյներով եւ խորհրդանիշերով, որոնք կը ներկայացնեն տարբեր մշակոյթներ ու ինչպէս անոնք կապուած են տարածաշրջանին հետ։

Տասը տարիներու տարեդարձի յիշատակի արարողութեան նպատակն է լուսարձակի տակ առնել տասը տարիներու ընթացքին REPAM-ի աշխատանքներն ու վերանորոգել յանձնառութիւնը Ամազոնի ժողովուրդներու նկատմամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2023, 11:00