Որոնել

Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր  (AFP or licensors)

Կարդինալ Փիցցապալլայի կոչը. «Սուրբ Երկիրը յոյժ կարիքը ունի օգնութեան»

Լատինաց Պատրիարք կարդինալ Փիցցապալլա կոչ ըրաւ որուն մէջ անդրադարձաւ Կազայի եւ տարածաշրջանին մէջ աղքատներուն ճիչին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ հակամարտութեան ի տես, Սուրբ Երկրի Լատինաց Պատրիարք, կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլան կոչ ուղղեց նշելով, թէ իւրաքանչիւր պատերազմի «Տոմինօ»ի սարսափելի հետեւանքը կը քանդէ ոչ միայն հոն ուր որ կ՝իյնայ այլեւ հոն ուր որ կը տարածուի անոր ապակայունացնող ալիքները։

«Առկայ ճգնաժամը ոչ միայն Կազայի մէջ մահուան, քանդումի եւ անօթութեան պատճառ դարձաւ այլեւ բարձր մակարդակով գործարկութեան, յատկապէս Բեթղեհեմի տարածքին մէջ, ինչպէս նաեւ ընկերային հարցեր ստեղծեց ամբողջ Սուրբ Երկրին մէջ» ըսաւ Երուսաղեմի պատրիարքը անդրադառնալով դժուար իրավիճակին, որուն մէջ կ՝ապրին տարբեր կրօններու բազմաթիւ ընտանիքները։

«Գործնականին մէջ ամէն բան կը կիսենք, սկսեալ կերակուրէն, ջուրէն, դեղերէն» նշեց Կարդինալ Փիցցապալլան դիտել տալով «մեր նիւթական պաշարները տարածուեցան մեր պատերէն անդին ներառելով մեզի մօտ տառապողներն ու բոլոր անոնք որոնք գաղթած են այլ տեղ»։

Վստահութեան սերմեր ցանել

Կարդինալ Փիցցապալլ կոչին մէջ նշեց, թէ համայն աշխարհէն ստացած են հարիւրաւոր մարդոց կողմէ օգնութիւն՝ շօշափելի աջակցութեան համար, սակայն դիտել տուաւ Ան, որ «հիմա պէտքը կայ նոյնքան կարեւոր բանի. «Այս դժուար կացութեան մէջ, սորվեցանք, թէ նիւթական աշխարհը կառուցելու համար պէտք է պաշտպանել եւ վերականգնել անձերու միջեւ վստահութիւնը։ «Օգնեցէք մեզի կրկին ստեղծելու համար անհրաժեշտ միջավայրը որպէսզի ատելութեամբ յատկանշուած ընկերութեան մէջ ցանուին վստահութեան, յոյսի եւ սիրոյ սերմեր»։ նշեց Կարդինալ Փիցցապալլան եզրափակելով իր կոչը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2023, 10:54