Որոնել

2018.12.30 festa della sacra Famiglia, festività santa famiglia, Gesù, Giuseppe e Maria

8-րդ Կիրակի Սուրբ Խաչին։ Մենք մաս կը կազմենք Յիսուսի ընտանիքին (Ղուկաս 8, 17-21)

Կապը` որ կը միացնէ Յիսուսի նոր ու հոգեւոր ընտանիքի բոլոր անդամները իրարու` սէրն է, եղբայրսիրութիւնը մինչեւ անձնազոհութիւն. Ամէն։`
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Յիսուս կը գտնուի Նազարէթ, իր մանկութեան բնակավայրը, ուր ապրեցաւ իր ընտանեկան յարկին տակ, մինչեւ իր հասուն տարիքը: Դէպի իրեն կու գան իր մայրը, Մարիամ եւ իր մօտիկ ազգականները, որոնք կ'ուզեն զինք տեսնել: Սակայն Յիսուս հարց կու տայ շուրջը գտնուող ժղովուրդին. Ո՞վ է իմ հայրս, մայրս, քոյրս կամ եղբայրս։ Կարծէք ան, այս խօսքով՝ երկրորդական կարգի կը դասէ ընտանեկան յարաբերութիւնները: Իրականութիւնը այդ չէ սակայն. Յիսուս կ'ուզէ հասկցնել մեզի թէ բոլոր անոնք որոնք իրեն կը հետեւին՝ արժանի են մաս կազմելու իր ընտանիքին:

            Ճիշտ է որ Յիսուսի համար, առաջնակարգ սէրը եւ յարգանքը կ՛երթայ Աստուծոյ, ինչպէս որ կը հրամայէ առաջին պատուիրանը, սակայն կարելի է ըսել թէ իր բոլոր ջանքը եւ քարոզութիւնը կը գործածէ զարգացնելու եւ աճեցնելու համար ընկերոջ սէրը – զոր կը դասէ համահաւասար առաջին պատուիրանին` Աստուծոյ սիրոյն – եւ երբ կը խօսի ընկերոջ մասին, կ՛ուզէ հասկնալ ոչ միայն մարդու մը ընտանիքը, ազգականները, բարեկամները, այլ` իսկապէս բոլոր իր շուրջ գտնուող անձերը, առանց խտրութեան։

            Ուստի կրնանք եզրակացնել թէ Յիսուս չ'ուզեր որ մէկը իր ընտանիքին սէրը գերադասէ Աստուծոյ սիրոյն եւ նաեւ ընկերոջ սիրոյն. Ընտանիքի սէրը մաս մըն է միայն ընկերսիրութեան եւ ըստ այնմ, Յիսուս կը պատգամէ թէ իր հարազատ ընտանիքը չի կազմուիր միայն իր մօրմէն, եղբայրներէն ու քոյրերէն, այլ` բոլոր անոնցմէ որոնք մտիկ կ՛ընեն իր խօսքին եւ զայն կը գործադրեն, այսինքն հոգեւոր նոր ընտանիք մը։

            Ինչպէ՞ս կրնանք մենք եւս մաս կազմել Յիսուսի այս հոգեւոր ընտանիքին. Անշուշտ մենք քրիստոնեաներս, մկրտութեամբ մաս կը կազմենք Քրիստոնեայ մեծ ընտանիքին, զանազան խորհուրդները ստանալով` այդ ընտանիքի անդամներէն կը սեպուինք, սակայն այս բոլորը կը մնայ տեսական եթէ գործնականօրէն չի հետեւինք իր ուսուցումին եւ ընդհակառակը՝ ապրինք այնպիսի կեանք մը որու ընթացքին անտեսենք Յիսուսի սորվեցուցածը մեզի:

            Արդ, ի՞նչ է գլխաւոր ուսուցումը Յիսուսի եթէ ոչ սէրը ընկերոջ հանդէպ։ Ուստի եթէ միայն մտիկ ընենք Քրիստոսի պատգամին ու իր խօսքերուն եւ չգործադրենք զանոնք, դուրս կը մնանք Յիսուսի ընտանիքէն. Եթէ կ՛ուզենք մաս կազմել այդ ընտանիքին, անպայմանօրէն գործադրելու ենք հետեւեալ կէտերը.

            Ա. Սիրել մեր ընկերը մեր անձին պէս, այսինքն հաւասար սէր ու գուրգուրանք ցոյց տալ մեր շուրջ գտնուող բոլոր անձերուն, իբրեւ թէ անոնք ըլլային մեր հարազատները, մեր հայրը, մայրը, քոյրը կամ եղբայրը։ Սիրէ ընկերդ քու անձիդ պէս:

            Բ. Այդ սէրը ըլլալու է ամբողջական, այսինքն պատրաստ ըլլանք նոյնիսկ մեր անձը նուիրելու կամ մեր կեանքը զոհելու մեր ընկերոջ համար. Յիսուս ըսաւ. Սիրեցէք զիրար ինչպէս ես ձեզ սիրեցի. Եւ ինք` իր կեանքը զոհաբերեց մեզի համար։

            Գ. Վերջապէս այդ սէրը տարածուելու է նոյնիսկ անոնց որոնք մեզի թշնամի են, կամ մեզի հակառակ կը գործեն, անոնց որ մեզի հետ չեն բաժներ մեր կրօնքը, մեր բարոյական սկզբունքները եւ կամ մեր համոզումները, անոնք նոյնիսկ որ կը խորհին թէ ինչպէս կրնան մեզի չարիք հասցնել։ Յիսուս ըսաւ. Սիրեցէք ձեր թշնամիները եւ նոյնիսկ անոնք որ ձեզ կ՛ատեն: 

             Մէկ խօսքով` կապը որ կը միացնէ Յիսուսի նոր ու հոգեւոր ընտանիքի բոլոր անդամները իրարու` սէրն է, եղբայրսիրութիւնը մինչեւ անձնազոհութիւն. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2023, 07:36