Որոնել

2023.11.07 il Dio che dà la vita

Ոչ մէկ կեանք երբեք պէտք չէ խտրականութեան ենթարկուի․ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դաս

4 Փետրուար 2024ին Կեանքի ԾԶ Օրուան ընդառաջ իրենց պատգամի մէջ, իտալացի եպիսկոպոսները կը յիշեցնեն հաւատացեալներուն, որ կեանքի խթանումը «հաւատքի եւ սիրոյ պարտաւորիչ յանձնառութիւն մըն է»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Կան բազմաթիւ մարդկային կեանքեր, որոնց հասարակութիւնները կը մերժեն, որոնց գոյութիւնը կ’արգելուի կամ որոնցմէ կը խլուի արժանապատուութիւնը: Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը (CEI)՝ իր 4 Փետրուար 2024ին Կեանքի ԾԶ Օրուան առթիւ պատգամը կը սկսի՝ թուարկելով այն բոլոր կեանքերը, որոնց արժէքը չի ճանչցուիր․ Գաղթականներու կեանքը՝ կորսուած կամ շահագործման ենթարկուած անապատներու եւ ծովերու մէջ։ Աշխատողներու կեանքը, որ քիչ գումարով գնուող ապրանք կը դիտուի, յաճախ սեւ աշխատավարձով եւ անվտանգութեան պայմաններու բացակայութեան պատճառով վտանգի տակ կը գտնուի։ Կանանց կեանքը՝ «բռնութենէ նուաստացած կամ յանցագործութեան մէջ ընկղմուած»։ Ծանր հիւանդներու եւ հաշմանդամներու կեանքը՝ «ապրելու համար անարժան համարուող», այն աստիճան, որ անգամ «մարդասիրական արարք կը նկատուի օժանդակուած ինքնասպանութիւնը կամ հրահրուած մահը»։ Մանուկներու կեանքը՝ ծնուած եւ չծնուած՝ պայմանաւորուած «մեծահասակներու ցանկութիւններով»:

Կեանքի զարմանալի ուժը

 «Կեանքի ուժը մեզի կը զարմացնէ», տիտղոսն է CEIի պատգամին, որով եպիսկոպոսները կ’ուզեն շեշտել, որ իւրաքանչիւր կեանք արժէքաւոր է։ Պէտք է ընդամէնը  յաղթահարել «գաղափարական տեսլականները», քանի որ բազմաթիւ են պատմութիւնները թերարժէք համարուող մարդկանց մասին, որոնք սակայն «յղման կէտեր» դարձած են կամ յաջողութեան հասած են՝ այդպիսով ապացուցելով, որ «ոչ մէկ կեանք երբեք չպէտք է ենթարկուի խտրականութեան կամ ոտնահարուի»: Կան հիւանդներ, որոնք մխիթարութիւն կը դառնան մարմինով առողջ մարդկանց համար, որոնք սակայն ներքուստ լաւ չեն զգայ իրենք իրենց։

Կեանքի իրաւունքները

Կեանքը «ունի հիմնաւոր իրաւունքներ, որոնք միշտ եւ ամէն պարագային կը  վկայեն անոր արժանապատւութիւնն ու արժէքը», նշած են պատգամին մէջ եպիսկոպոսները եւ ընդգծած սահմանները գտնելու դժուարութիւնը այն պահուն, երբ ինչ-որ մէկը կ’որոշէ «որ պարագային եւ երբ կեանքն մը իրաւունք ունի գոյատեւելու, եւ աւելին, ամբարտաւանութիւնը կ’ունենայ անոր վերջը որոշելու կամ այն ապրանք դիտելու»։ Ասկէ մեկնելով եկեղեցական առաջնորդները մտահոգութիւն արտայայտած են «հեշտամահութեան նիւթին շուրջ տեղական եւ ազգային օրէնսդրական զարգացումներու վերաբերեալ»։

Կեանքի ԾԶ Օրուան կոչը ուստի ուղղուած է անհնարին նկատել «իւրաքանչիւր կեանքի արժէքը ժխտումը»: «Կեանքի նկատմամբ յարգանքը չպէտք է վերածուի դաւանանքի խնդրի», քանի որ իւրաքանչիւր քաղաքացիական հասարակութեան խնդիրն է կեանքին նայիլ յարգանքով եւ աջակցիլ անոր՝ տնտեսական եւ հասարակական տեսանկիւնէ:

Որպէս հաւատացեալներ կանգնիլ կեանքի կողքին

Եպիսկոպոսները պատգամը եզրափակած են՝ մատնանշելով Կեանքի Օրուայ տիեզերական եւ կրօնական արժէքը, քանի որ հաւատացեալներու համար կեանքի պաշտպանութիւնն ու խթանումը «հաւատքի եւ սիրոյ պարտաւորիչ յանձնառութիւն մըն է»։ Հետեւաբար, իւրաքանչիւր դաւանանքի հաւատացեալները կոչուած են «պատուիլ եւ ծառայել Աստուծոյ՝ փխրուն կեանքերու խնամքի եւ արժեւորումի միջոցաւ՝ վկայելով աշխարհին, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը պարգեւ մըն է»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/11/2023, 12:10