Որոնել

«Մեծ Խաչ»-ի առաջին կարգի շքանշան կը ստանայ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը «Մեծ Խաչ»-ի առաջին կարգի շքանշան կը ստանայ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը 

Հունգարիոյ Հանրապետութեան նախագահը «Մեծ Խաչ»-ի առաջին կարգի շքանշանով կը մեծարէ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը

Լիբանանի մօտ Հունգարիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը՝ Վերնէր Չիլակ Հունգարիոյ հանրապետութեան նախագահին անունով «Մեծ Խաչ»-ի բարձրագոյն շքանշանը յանձնեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքին:
Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 3 Նոյեմբեր 2023-ին, կէսօրէ առաջ, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ, Լիբանանի մօտ Հունգարիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը՝ Վերնէր Չիլակ Հունգարիոյ հանրապետութեան նախագահին անունով «Մեծ Խաչ»-ի բարձրագոյն շքանշանը յանձնեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքին:

Հանդիպումին ընթացքին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Հունգարիոյ հանրապետութեան նախագահ Քաթալին Նովաքին՝ անոր այս նախաձեռնութեան համար ու բարձր գնահատեց երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ առկայ յարաբերութիւնները:

Հունգարիոյ դեսպանը, իր կարգին, ողջունեց Գերերջ. Հոգեւոր Տիրոջ ուրոյն ու մեծ դերը Միջին Արեւելքի եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ, ինչ կը վերաբերի քրիստոնեաներուն ներկայութեան ու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ անոր մեծ ներդրումը մարդասիրական եւ ընկերային մակարդակներուն վրայ:

Ան նաեւ անդրադարձաւ եւ գնահատեց Գերերջ. Հոգեւոր Տիրոջ դիւանագիտական դերը հունգարական ու հայկական պետութիւններուն միջեւ հաշտեցումին եւ տարիներէ ի վեր ամբողջովին խզուած յարաբերութիւններոնւ վերականգնումին գործընթացին մէջ:

Հետեւաբար, «այս շքանշանը երախտագիտութեան ու գնահատանքի արտայայտութիւնն է վերոնշեալ կատարուած բոլոր բարի գործերուն համար», եզրափակեց տիար դեսպանը։

Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

«Մեծ Խաչ»-ի շքանշանը
«Մեծ Խաչ»-ի շքանշանը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2023, 08:20