Որոնել

2021.09.27 Sua Beatitudine Raphael Bedros XXI Minassian

Վերադառնանք խելքի ու խելքի արուեստին վերջ տալու համար պատերազմներուն. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ

«Ինծի համար պատերազմը մարդկային տկարութիւն է, անիկա կը նշանակէ` որ մարդուս միտքը տհաս է տակաւին, ու ան կարող չէ երկխօսութեամբ լուծել հարցերը ու կը դիմէ ուժին...կը խնդրեմ բոլորին աղօթքը` աշխարհի խաղաղութեան համար»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի մէջ անցեալ 4 հոկտեմբերէն մինչեւ 29 հոկտեմբեր կայացած եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսական հաւաքին աւարտին, Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժանմունքը առիթը ունեցաւ զրուցելու Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ի հետ, որ մասնակցած էր գրեթէ մէկ ամիս տեւած վերոնշեալ հաւաքի աշխատանքային նիստերուն եւ որ մեզի հետ խօսեցաւ սիւնհոդոսին հայող տարբեր նիւթերու մասին, ինչպէս նաեւ իր եւ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ տեղի ունեցած տարբեր զրոյցներու մասին, որոնք ընդգրկեցին տեղահանուած արցախահայութեան հարցը` որոնց նկատմամբ Նորին Սրբութիւնը մեծ ու խոր մտահոգութիւն արտայայտած է եւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջմէ խնդրած է յաւելեալ տեղեկութիւններ։

Ունկնդրէ հարցազրոյցը

Հարցազրոյցի վերջին բաժնին մէջ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հայրապետը անդրադարձ կատարեց Միջին Արեւելքի մտահոգիչ կացութեան նշելով, որ իրեն համար պատերազմը մարդկային տկարութիւն է, «անիկա կը նշանակէ` որ մարդուս միտքը տհաս է տակաւին, ու ան կարող չէ երկխօսութեամբ լուծելու հարցերը ու կը դիմէ ուժին...»

«Վերադառանք խելքի ու խելքի արուեստին վերջ տալու համար պատերազմներուն» կոչ ուղղեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ ապա հրաւէր ուղղեց բոլոր հաւատացեալներուն որպէսզի աղօթեն աշխարհի խաղաղութեան համար

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/11/2023, 09:47