Որոնել

2023.11.11 Cerimonia di Concessione di Tirolo di Vartabed al Collegio Armeno - Patriarca Minassian e Cardinal Cugerotti

Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ Ծայրագոյն վարդապետի տիտղոսի տուչութիւն

Ձեռամբ` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետի, ներկայութեամբ` Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան վերատեսուչ` Վսեմաշուք Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթիի, Գերյ. Մաշտոց Ծ.Վրդ. Զահթէրեան (Հունգարիոյ եւ Ռումինիոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւ), Գերյ. Խաչիկ Ծ.Վրդ.Գույումեան (Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան վարժարանի Մեծաւոր) եւ Գերյ. Նարեկ Ծ.Վրդ. Մնոյեան (Պատրիարքի քարտուղար) արժանացան Ծայրագոյն Վարդապետի տիտղոսին
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Ուրբաթ` 10 Նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն, որուն ընթացքին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան շարքերը համալրուեցան 3-Ծայրագոյն վարդապետութեան տիտղոսակիրներով ` Գերյ. Մաշտոց Ծ.Վրդ. Զահթէրեան (Հունգարիոյ եւ Ռումինիոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւ), Գերյ. Խաչիկ Ծ.Վրդ.Գույումեան (Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան վարժարանի Մեծաւոր) եւ Գերյ. Նարեկ Ծ.Վրդ. Մնոյեան (Պատրիարքի քարտուղար...)։

Արարողութիւնը նախագահեց ՆԱԳՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետի, ներկայութեամբ` եւ համանախագահութեամբ` Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան վերատեսուչ Վսեմաշուք Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթիի։

Ներկայ էին Հռոմի մէջ Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու ներկայացուցիչ Արհիապատիւ եւ Գերապատիւ հայրեր, Անարատ Յղութեան Հայ Կաթողիկէ միաբանութեան Առաքինազարդ քոյրերը եւ Հռոմի հայ համայնքի հաւատաւորներ, ինչպէս նաեւ Վատիկանեան տեղեկատուական ոլորտի ներկայացուցիչները ու անշուշտ Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանի սաները։

Գերյ. Հ. Գրիգորիս Ծ.Վ. Սերենեանի ներկայացումը

Արարողութեան նախորդեց Գերյ. Հ. Գրիգորիս Ծ.Վ. Սերենեանի Վարդապետական գաւազանի տուչութեան եւ Ծայրագոյն վարդապետի աստիճաններու հակիրճ բացատրութիւնը` հայերէն եւ իտալերէն լեզուներով, ով նաեւ ծիսակատարութեան ընթացքին կատարուած որոշ արարքներուն ու անոնց նշանակութեան։ Ան իր խօսքին մէջ մէջբերեց Առաքեալներու Գործերէն այն հատուածը ուր՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալները զանց առնելով ամէն այլ գործունէութիւն, յաւուր պատշաճ համարեցին նուիրուիլ աղօթքի եւ Խօսքի քարոզութեան։

Գերյ. Հ. Գրիգորիս Ծ.Վ. Սերենեանի ներկայացումէն ետքը տեղի ունեցաւ հոգեպարար արարողութիւնը որուն ընթացքին տիտղոսակիրները արժանացան գերյարգելիական պատմուճանին, վարդապետական գաւազանին ու մատանիին նորոգելով իրենց հաւատարմութիւնը ու մինչեւ իսկ արեան զեղումով զոհաբերումը ի սպաս Քրիստոսին ու անոր Եկեղեցւոյ։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիորջ սրտի խօսքը

Արարողութեան աւարտին Ամեն եւ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը իր սրտի խօսքը ուղղելով նախ գոհունակութիւն յայտնեց առ Աստուած, որ իր առատ շնորհներով եւ անհուն ողորմութեամբ կը շարունակէ ճոխացնել Հայ Կաթողիկէ նուիրապետական դասը։

Հայրապետը ապա Գերյարգելի վարդապետներուն հայրաբար խրատեց թէ այս տուչութիւնը պարզապէս պատիւի եւ անցողակի աշխարհային փառք մը չէ այլ՝ յանձնառում ի սպաս Եկեղեցւոյ ծառայութեան ու յարատեւօրէն Աստուծոյ Խօսքի սպասաւոր մնալու նշան։

«Դուք պէտք է ձեր հաւատքը վկայէք ձեր կեանքի օրինակով։ Դուք պէտք է հաւատարիմ մնաք ու սիրահարը ըլլաք Քրիստոսի հակառակ կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն։ Աստուծոյ այգիին մէջ գործը դիւրին չէ։ Ան որ կը սիրէ Աստուած պէտքէ  Անոր նուիրուի իր ամբողջ էութեամբ։ Այս գաւազանները թող ըլլան ոչ թէ պատիւ այլ ազդակ` որպէսզի հասկնաք թէ ով էք եւ որուն կը ծառայէք» ըսաւ ի միջի այլոց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը։

Ան ապա Իր հայրական օրհնութիւնը տալով եւ բարի առաքելութիւն մաղթելով անոնց խօսքը փոխանցեց Վսեմաշուք Ծիրանաւոր Քլաուտիօ Կուճերոթթիին, որ նախ շնորհաւորեց Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ անուանակոչութիւնը ապա քաջածանօթ ըլլալով Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան եւ ծէսին հարազատօրէն իր խրատը փոխանցեց նոր ծայրագոյն վարդապետներուն։

Կարդինալ Կուճերոթիին յորդորը

Յիշելով Հայ Եկեղեցւոյ լուսաւոր վարդապետներու օրինակները քաջալերեց զանոնք հետեւելու անոնց վսեմ ժառանգութեան, որպէսզի Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութիւնը հաւատարմօրէն շարունակէ արքասաբեր առաքելութիւնը Ընդհանրական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։

Կարդինալ Կուճերոթթին եզրափակեց իր խօսքը այն վկայութեամբ թէ հայ ժողովուրդը մարտիրոս եւ նահատակ ժողովուրդ մըն է, որ աշխարհիս այսօրուայ խառնիճաղանչ օրերուս կարիքը ունի նորանոր վկայութիւններու՝ Աստուծոյ խօսքի ու բարի աւետիսի կենդանի վկայութեամբ։

Կոնդակի ընթերցում

Արարողութեան աւարտին, խարտաւիլակ հայր Նարեկ Թ.Ծ.Վ. Նաամոյեանը ընթերցեց Հայրապետական սրբատառ Կոնդակը, զոր Հայրապետը յանձնեց ծայրագոյն վարդապետներուն, ապա անոնք ընդունեցին ներկաներուն շնորհաւորութիւնները։

Եղբայրական ագապ

Տեղի ունեցաւ եղբայրական ագապ Լեւոնեան Վարժարանի սեղանատան մէջ, որուն ընթացքին ժառանգաւորները փոխանցեցին իրենց շնորհակալական եւ շնորհաւորական խօսքերը։ Հայերէնով եղբ. Շանթ Տէմիրճեան իսկ իտալերէնով եղբ. Յովիկ Գոյունեան, որմէ ետք Լեւոնեան վարժարանի մեծաւոր գերյ. Հայր Խաչիկ Ծ.Վ. Գույումճեանը փոխանցեց իր սրտի խօսքը։

Ան բարի գալուստ մաղթեց Վսեմաշուք Ծիրանաւորին, որ առաջին անգամն է որ որպէս նորանշանակ Ծիրանաւոր կ՛այցելէ Վարժարանը, որ «դուք լաւապէս կը ճանչնաք ու ձեր տունն է» ըսաւ Մեծաւոր Հայրը եւ շնորհաւորեց նաեւ Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ անուանակոչութեան տօնը։

Ան հուսկ անդրադարձաւ դաստիարակչական՝ ապագայի սերունդի կազմաւորման եւ պատրաստութեան հրամայականին։

Ի վերջոյ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հատեց օրուայ հանդիսութեան առիթով պատրաստուած կարկանդակը մինչ այս պատմական օրը վերջ գտաւ Գոհաբանական աղօթքով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/11/2023, 11:08