Որոնել

2023.11.10 Riunione della Comece e la dichiarazione per la pace

Աշխարհը աղէտի դիմաց է` Եւրոպան կայունութիւն և խաղաղութիւն թող բերէ. Եւրոմիութեան Երկիրներուն եպիսկոպոսները

Եւրոպական Միութեան Եպիսկոպոսական համահաւաք Դասերու Յանձնաժողովին անդամ եպիսկոպոսները իրենց մտահոգութիւնը արտայայտած են աշխարհի մէջ տիրող անկայունութեան նկատմամբ ու այս ուղղութեամբ կոչ ուղղած են վերագտնելու եւրոպական արժէքները ու խթանելու երկխօսութիւնը եւ դիւանագիտութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աշխարհը կարծես կը նահանջէ դէպի վտանգաւոր շարժականութիւն, որ կը յիշեցնէ մարդկութեան ամենամութ պահերը, որոնք կը կարծէինք, որ վիճակուած են մնալ պատմութեան գիրքերուն մէջ»: Այս կը կարդանք Եւրոպական Միութեան Եպիսկոպոսական համահաւաք Դասերու Յանձնաժողովին հրատարակած մէկ կոչին մէջ ուղղուած Եւրոպական Միութեան քաղաքական ներկայացուցիչներուն, որոնցմէ կը պահանջեն «գործունեայ դեր մը ունենալ... ցամաքամասին ու աշխարհի նուիրելու կայունութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան տեսլական մը»։

Մտահոգութիւն ու աղօթք ի տես պատերազմներուն

Եւրոպացի Եպիսկոպոսներուն մտահոգութիւնը սեւեռած է յատկապէս Ուքրանիոյ մէջ տիրող պատերազմին ինչպէս նաեւ անցեալ 7 հոկտեմբերէն սկսեալ Միջին Արեւելքի մէջ բռնկած հակամարտութեան։

«Խոր վիշտով կ՛աղօթենք աշխարհի այս և այլ հակամարտութիւններու բոլոր զոհերուն համար, մասնաւորապէս՝ երեխաներուն համար»,- կը նշեն եպիսկոպոսները իրեն զօրակցութիւնը յայտնելով այդ զոհերու «ընտանիքներուն և բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին պատերազմի և բռնութեան հետևանքներէն»։

Եւրոպական երկիրներու եպիսկոպոսները ապա իրենց մտավախութիւնը կ՛արտայայտեն ի տես «Մեծ տէրութիւններու միջեւ մրցակցութեան նորոգուած տրամաբանութեան եւ բազմակողմ համագործակցութեան ծիրէն ներս վստահութեան քայքայման»: Անոնք ապա կը դատապարտեն որոշ երկիրներուն մէջ տարածուած հակասեմական երեւոյթները, արմատականացումի և այլատեացութեան դրսեւորումները։

Իրականացնել Եւրոպայի Հիմնադիր Հայրերու երազները` խաղաղութիւն եւ միութիւն

Ապա միացած Ֆրանչիսկոս Պապին կոչ կ՛ուղղեն Եւրոպայի քաղաքական իշխանութիւններուն վերագտնելու եւ իւրացնելու «Եւրոպայի հիմնադիր հայրերու երկու մեծ երազները` խաղաղութիւնն ու միութիւնը»։ Եւ որպէսզի «Եւրոպան լիովին օգտագործէ իր ներուժը՝ հակամարտութիւնները լուծելու և յոյսի լոյս սփռելու համար՝ հանդէս գալով որպէս միասնական, վստահ և ընդելուզող ուժ, որ ի սիրտ ունենայ ժողովրդավարական սկզբունքները և օրէնքի գերակայութիւնը իր սահմաններէն ներս եւ սահմաններէն դուրս»:

Խուսափելով պատերազմի տրամաբանութենէն նպատակը պէտք է ըլլայ «սկիզբ տալ երկխօսութեան զուրծընթացքներու եւ զարգացնել խաղաղութեան հետեւողական դիւանագիտութիւն մը»։ Մէկ խօսքով ըլլալ խաղաղութեան արհեստաւորներ դիմելով «սպառազինութիւններու վերահսկման, չտարածման և զինաթափման հայող ընդհանրական համաձայնագիրերու համահունչ իրականացումին»՝ որպէս միջազգային կայունութեան յենասիւն` որուն նպատակը ըլլայ նաեւ խթանել փոխադարձ վստահութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/11/2023, 08:00