Որոնել

Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմ  (AFP or licensors)

Միջին Արեւելք. Եւրոպայի մէջ քրիստոնեայ եկեղեցիները. «Բանալ խաղաղութեան համար լուրջ բանակցութիւններ»

Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու եւ Եւրոպայի եկեղեցիներուն դասի համատեղ նիստի աւարտին հրապարակուած յայտարարութիւնը. Կոչ միջազգային ընտանիքին եւ զօրակցութիւն անոնց որոնք Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մէջ կ՝աշխատին խաղաղութեան համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

5-էն 7 նոյեմբեր, 2023-ին, Պելկրատի մէջ Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերուն խորհուրդն ու Եւրոպական եկեղեցիներուն դասը գումարեցին համատեղ նիստ մը, որուն աւարտին հրապարակեցին միջին արեւելքի վերաբերեալ յայտարարութիւն մը։

Կարեկցութիւն զոհերու համար եւ աջակցութիւն ընտանիքներուն

Յայտարարութեան մէջ Եւրոպայի մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն առաջնորդները իրենց խոր ցաւը յայտնեցին մեռեալներու եւ վիրաւորներու համար ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնք կորսնցուցին իրենց սիրելի անձ մը, անոնք յիշեցին նաեւ գերիները ու անոնց ընտանիքները։

«Մենք կը ճանչնանք այս հակամարտութեան երկու կողմերուն վիթխարի տառապանքը», կը կարդանք յայտարարութեան մէջ, որուն ստորագրողները իրենց խոր ցաւը յայտնեցին աւանդաբար որպէս ապաստանի վայրեր համարուող, սուրբ վայրերու կործանման համար։

Հրադադար բոլոր ճակատներուն վրայ

Յայտարարութեան մէջ Եւրոպայի եկեղեցական համայնքներու առաջնորդները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մէջ խաղաղութեան համար աշխատող անձերուն նկատմամբ նշելով, որ կեանքի կործանումը չնպաստեր ոչ ճշմարտութեան եւ ոչ արդարութեան։ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները կոչ ըրին երկու կողմերու քաղաքական ներկայացուցիչներուն իրենց պատասխանատուութիւնը գործադրելու,  ապահովուելու համար հրադադար՝ ամէն ճակատներուն վրայ։

Բանալ լուրջ բանակցութիւններ

Ակնարկելով ապա Կազայի մէջ ապրող ժողովուրդին ծանր իրավիճակին, Եւրոպայի եկեղեցական համայնքներուն առաջնորդները միջազգային ընտանիքէն խնդրեցին, որ ամէն ջանք թափեն աջակցելու համար միջազգային իրաւունքին, յատուկէն Միացեալ Ազգերուն կազմակերպութեան բանաձեւերուն, այն նպատակով լուրջ բանակցութիւններ բանալ՝ ստեղծելու համար մշտական խաղաղութիւն, ճշմարտութեան եւ արդարութեան մէջ։

«Կ՝աղօթենք եւ կը յուսանք, որ նաեւ անոնք որոնք իշխանութիւն ունին Ազգերու վրայ ներգրաւուին անկեղծ երկխօսութեան մը մէջ, որ կը պաշտպանէ մարդկային արժանապատուութիւնը բոլորին եւ կարելի կը դարձնէ երկու պետութիւններու մէջ երկու ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութիւն» կը կարդանք յայտարարութեան մէջ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2023, 12:44