Որոնել

A picture and its story: Grief in Gaza and the loss of a child

Լիբանանեան Քարիթաս. Մարդասիրական ճգնաժամի վտանգ՝ տարածաշրջանային հակամարտութենէն ներս

Կազմակերպութեան նախագահ Հայր Միշել Ապպուտը իր մտահոգութիւնը յայտնած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պատերազմի սրման ուղղութեամբ եւ ահազանգած, որ պէտք է պատրաստ ըլլալ զանգուածային տեղահանման տեսարանին։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Անյետաձգելի օգնութեան կոչ եւ նախազգուշացում Մերձաւոր Արեւելքի մէջ շարունակուող հակամարտութեան սրման պատճառով հնարաւոր մարդասիրական ճգնաժամի առնչութեամբ: Լիբանանեան Քարիթասի նախագահ Հայր Միշել Ապպուտը յուզիչ բաց նամակի մը միջոցաւ խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ տարածաշրջանային լարուածութեան վերաբերեալ եւ կը խնդրէ գործընկերներէն եւ աջակիցներէն հետեւիլ իրավիճակի զարգացումներուն։

Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ հակամարտութիւնը կարող է «լուրջ հետեւանքներ» ունենալ Լիբանանի վրայ, մասնաւորապէս հարաւային շրջաններուն մէջ, ուր լարուածութիւնը կ’աճի մտահոգիչ թափով: Սահմանամերձ շրջաններու բնակիչները սկսած են լքել իրենց տուները: Համաձայն ՄԱԿի գաղթականութեան գործակալութեան 27 Հոկտեմբերի տուեալներուն՝ Լիբանանի մէջ նոյն ամսուայ ընթացքին շուրջ 29,000 մարդ ենթարկուած է ներքին տեղահանումներու։

Անյապաղ մարդասիրական օգնութիւն

Իր նամակին մէջ Հայր Ապպուտ կ’ընդգծէ, որ պէտք է «պատրաստ ըլլալ» անյապաղ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու հրատապութեան՝ «ներառեալ ապաստանի, հասարակական աջակցութեան, սնունդի եւ բժշկական օգնութեան տրամադրումը»: Իրավիճակի լրջութիւնը կը հաստատուի նաև ՄԱԿի զեկոյցներով, որոնց մէջ Արտակարգ գործողութիւններու եւ մարդասիրական հարցերու գրասենեակները ազդարարած են, որ կը պատրաստուին «զանգուածային տեղահանման տեսարանի»:

Հակամարտութեան ընդլայնման հաւանականութիւնը

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հակամարտութեան ընդլայնման հաւանականութեան եւ մօտալուտ ճգնաժամի լրջութեան գիտակցութեամբ, Լիբանանեան Քարիթասի նախագահը կը զգուշացնէ, որ այդ «միջոցները սահմանափակ են, իսկ կարիքները կարող են հսկայական ըլլալ», ուստի եւ աջակցութեան կոչ ըրած է։

Կրօնաւորը հաւաստիացուցած է Լիբանանեան Քարիթասի մշտական ​​յանձնառութիւնը, միաժամանակ սակայն նկատել տուած է, որ ի տարբերութիւն Լիբանանի մէջ 2006ի ճգնաժամին՝ ներկայիս իրավիճակը տարբեր է, քանի որ «մարդիկ կանգնած են տնտեսական ճգնաժամի առջեւ, ուր շատ ընտանիքներ կարելիութիւն չունին հիւրընկալելու իրենց հարազատները, եւ անգամ եթէ ընդունին, ապա նիւթական դժուարութիւններու պիտի հանդիպին»։

Ի վերջոյ, Հայր Ապպուտ կոչ ուղղած է բոլորին զօրակցութիւն յայտնել Լիբանանեան Քարիթասին միաժամանակ յոյս ու մաղթանք յայտնելով, որ «պատերազմը աւարտի եւ խաղաղութիւնը տիրէ ողջ աշխարհի մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2023, 11:06