Որոնել

Լռութեան մէջ աղօթք Լռութեան մէջ աղօթք 

«Հեզութիւն եւ ներում քրիստոնէութեան մէջ» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Հեզութիւնը հզօր զէնք մըն է, որ կրնայ մէկու մը սիրտը փոխել զայն լեցնելով մեղմութեամբ եւ ազնուութեամբ: Ան ոյժ մըն է որ կրնայ փոխարկել ամէն անձ՝ զայն դարձնելով առաքինի, օրհնեալ եւ բոլորէն սիրուած:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Քրիստոնեայ կրօնքին մէջ, հեզութիւնը հաւատացեալին գոհարներէն մին է: Անով հոգին կը բացայայտուի ու կը վերանայ: Հեզութիւնն ու ներումը կը ներկայացնեն քրիստոնէութիւնը ոչ միայն խօսքերով, այլ նաեւ գործերով: Քրիստոնէութիւնը կրօն մը չէ աշխարհական կանոնագիրի մը առումով, այլ ապրելակերպ մը՝ կիրառուած հաւատացեալներուն կողմէն եւ լի մեր Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի մաքրութեամբ եւ անմեղութեամբ :

Հեզութիւնը հզօր զէնք մըն է, որ կրնայ մէկու մը սիրտը փոխել զայն լեցնելով մեղմութեամբ եւ ազնուութեամբ: Ան ոյժ մըն է որ կրնայ փոխարկել ամէն անձ՝ զայն դարձնելով առաքինի, օրհնեալ եւ բոլորէն սիրուած :
«Թող ձեր խօսքերը ըլլան մեղմ բայց սերտ որպէսզի իմանաք ինչպէս պատասխանել ամէնուն» կ'ըսէ իմաստունը : Երբ ձեր բոլոր գործերը լի են հեզութեամբ, կամքով, ուրախութեամբ եւ բարեսրտութեամբ, դժուարութիւնը կ'անհետանայ եւ ձեր աշխատանքը կ'ըլլայ աւելի դիւրին եւ թեթեւ: Նոյն պարագան է երբ խաղաղ էք եւ թէ ձանձրոյթը տեղ չունի ձեր մէջ : Սակայն, երբ ձեր խօսքերը կարծր կը դառնան եւ ձեր պատասխանները՝ զեղուն գոռոզութեամբ, չէք հանդուրժեր ուրիշին ազդարարութիւնները եւ ժամանակ կը կորսնցնէք ամենահասարակ ինչքերու համար. ձեր հոգին կ՚ըլլայ կսկիծ եւ տխրութիւնը ձեզ կը տիրապետէ, ձեզ ընելով ծոյլ եւ զանցառու անձ մը: Պարզագոյն գործերը ձեզ կը թուին բեռ մը, եւ ուրիշները ձեզ կը համարեն իբրեւ վատ օրինակ :

Եթէ մէկը ձեզի խիստ բարկացոտ խօսքեր ըսէ, մի՛ ընէք անոր նման այլ պատասխանեցէք համեստօրէն: Եւ եթէ ձեր նուրբ վերաբերումը ազդեցութիւն չունենայ իր վրայ, անտեսեցէք զայն եւ ոեւէ գայթակղութիւն եւ սրտնեղութիւն ցոյց մի տաք : Ձեզ չի վայլեր բարեսրտութեան բոցը մարել քանի մը կաթիլ ջուրով : Մի՛ մոռնաք ձեր անձը, ոճը մի բարձրացնէք այլ միշտ խաղաղ եղէք սրտով, հոգիով եւ խիղճով: Ձեր հանդարտութիւնը մի կորսնցնէք անիմաստ պատմութիւններու համար, որոնք ձեզ աւելի կը վիրաւորեն քան կ'ուրախացնեն: Կրակին վրայ իւղ մի դնէք եւ ուրիշին յանդիմանութիւնը հանդարտօրէն ընդունեցէք։

Թշնամին կարելին կ'ընէ երկպառակութիւն ցանելու ձեր եւ ձեր հարազատներուն միջեւ. մասնակից մի դառնաք անոր դաւադրութեան՝ կացութիւնը թունաւորող չար խօսքերուն: Այլ ետ դարձէք եւ վտարեցէք սատանան ձեր սրտէն: Մի արտօնէք, որ գայթակղութիւնը ձեր վրայ տիրապետէ եւ ձեր սրտին մէջ մնայ մինչեւ յաջորդ օրը: Մի դպնաք գուրգուրանքին եւ լաւութեան, այլ հարցը լուծեցէք համեստութեամբ եւ խաղաղութեամբ: Եթէ ձեր եղբայրը ձեզ վիրաւորէ ներեցէք անոր, նկարագրելով անոր արարքը որպէս թշնամիին ցանած երկպառակութիւնը մեր երկուքին միջեւ: Յիշաչարութիւն մի ունենաք անոր հանդէպ եւ ոխի մասին մի մտածէք, այլ նկատեցէք զայն, որպէս ձեր անդամներէն մին. ոչ մէկ մարմնային անդամ մը ուրիշ անդամի վնաս կը հասցնէ : Մարդս երբեք իր ակռաները չի խլեր, երբ իր լեզուն կը խածնէ. կամ իր ոտքը չի յանդիմաներ երբ սայթաքի : Եթէ չէք ներեր ուրիշները երբ մեզ կը վիրաւորեն, չէք կրնար ըսել Աստուծոյ՝ «Ներէ մեր յանցանքները ինչպէս մենք ալ ուրիշներուն կը ներենք»:

Մի բերկրիք ուրիշին տկարութիւններով, նուաստացումով, թերութիւնով կամ չարիքով, որ անոր կը պատահի. այլ ձեր սրտերուն մէջ պահեցէք ամէն սէր եւ խաղաղութիւն բոլորին հանդէպ՝ ձեր բարեկամներուն եւ ձեր թշնամիներուն հաւասարօրէն: Մի գործադրէք առածը աչքի դէմ, ակամայ ակռայի դէմ», այլ ըմբռնեցէք հետեւեալը «սիրեցէք մեր թշնամիները, օրհնեցէք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն եւ աղօթեցէք մեզ հալածողներուն եւ դաժանացնողներուն» : Այսպէս կ'ըլլաք Ատուծոյ զաւակները՝ բարի եւ հնազանդ : Տէրը ստեղծած է արեւը վատերուն եւ չարերուն համար, եւ Ան անձրեւ կը պարգեւէ հաւասարապէս զոհերուն եւ դահիճներուն: Եթէ միայն սիրէք ձեզ սիրողները, ի՞նչ արժանիք պիտի ունենայիք : Մեղաւորներն ալ կը սիրեն զիրենք սիրողները:
Տէրը ստեղծած է արեւը լաւերուն եւ չարերուն. Ան անձրեւ կը պարգեւէ հաւասարապէս գողերուն եւ դահիճներուն : Եթէ միայն ձեզ սիրողները ընդունիք, ի՞նչ արժանիք պիտի ունենաք: Եթէ միայն ձեր սիրելիները ընդունէիք, ի՞նչ աւելի բան պիտի ունենաք ուրիշներէն: Նոյնիսկ մեղսագործերը կարողութիւնը ունին սիրելու : Եղէք ուրեմն կատարեալ՝ Աստուծոյ պատկերին նման:

Այս օրերուն շատ մը մարդիկ կը մտածեն իրենց շահերուն եւ անձնասիրութեան : Քիչեր կ'ապրին իսկական հեզութեամբ եւ բարութեան:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2023, 08:22