Արամ Ա Կաթողիկոսը նոր կառուցուելիք Եկեղեցւոյ Հողի օրհնութիւնը կատարեց Ուաշինկթընի մէջ
Կիրակի, 12 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Ուաշինկթընի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, առընթերակայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի:
Թէ՛ եկեղեցւոյ ու թէ՛ համայնքին սրահը լեցուն էին հաւատացեալներով, որոնք Ս. Պատարագին հետեւեցան զետեղուած պաստառներուն միջոցաւ:
Վեհափառ Հայրապետը ողջունելէ ետք առաջնորդ սրբազանը՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը, եւ եկեղեցւոյ պատասխանատու մարմինները, իր պատգամը կեդրոնացուց Քրիստոսի այն խօսքին վրայ, որ կ՚ըսէ «Ես եմ կեանքը»: Յիշեալ խօսքին վերլուծումը կատարելով` ան ըսաւ, թէ Քրիստոս-կեանքը պէտք է դարձնել կեդրոնը մեր կեանքին. առանց Քրիստոսի ներկայութեան մեր կեանքը իր իմաստը կը կորսնցնէ. երկրրոդ՝ Քրիստոսը ընդունիլ իբրեւ մեր կեանքը կը նշանակէ անոր բերած արժէքներով շաղախել ու իմաստաւորել մեր կեանքը, եւ երրորդ՝ Քրիստոսը ընդունիլ մեր կեանքին կեդրոնը կը նշանակէ մեր կեանքին յստակ ուղղութիւն ու նպատակ տալ:
Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, թէ Քրիստոս եղաւ երկրորդ Ադամը. երբ առաջին Ադամը մեղանչած էր եւ եղծած էր Աստուածային պատկերը, երկրորդ Ադամը՝ Քրիստոսը, վերականգնեց Աստուածային պատկերը ու դարձաւ վաւերական մարդու ու ճշմարիտ կեանքի աղբիւր։
Ս. Պատարագէն ետք Նորին Ս. Օծութիւնը, անոր ընկերացող շքախումբն ու ժողովուրդը ուղղուեցան այն հողամասը, ուր պիտի կառուցուի Ուաշինկթընի նոր եկեղեցին՝ իր յարակից կառոյցներով: Հոն տեղի ունեցաւ հողի օրհնութիւն։
Նոյն օրը երեկոյեան, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց ի պատիւ իրեն տրուած ճաշկերոյթին: Այս ընթացքին խօսքեր արտասանեցին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետը, հոգեւոր հովիւը եւ առաջնորդ սրբազանը: Նորին Սրբութիւնը իր փակման խօսքին մէջ, անդրադառնալով իր այցելութեան բնաբանին՝ «հաւատք, համայնք եւ ազգ»-ին, անոնց շարքին աւելցուց նաեւ «հայրենիք» եզրը: Ան խօսեցաւ իւրաքանչիւրին իմաստին ու կարեւորութեան մասին եւ շեշտեց ազգաշինութեան ու հայրենաշինութեան հրամայականը՝ յատկապէս մեր պատմութեան ներկայ ճակատագրական խաչմերուկին: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեցուց, որ իշխանութիւնները ժամանակաւոր են, մնայունը հայրենիքն է. անձերը վաղանցուկ են, յաւերժականը արժէքներն են։ Հարկ է կառչիլ մնայունին, յաւերժականին, գերագոյնին եւ ընդհանրականին։ Արցախը կորսնցուցինք, դժբախտաբար. Հայաստանը վտանգի սեմին է։ Հարկ է միացնել մեր ուժերը՝ ի խնդիր Հայաստանի գերիշխանութեան, անկախութեան ու ամբողջականութեան առաւել ամրացման, ըսելով՝ Հայրապետը եզրափակեց իր խօսքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ