Որոնել

Հայր Ֆրանչէսքօ Փաթթոն Հայր Ֆրանչէսքօ Փաթթոն 

Սուրբ երկրի պահակը. «Հազարաւոր մեռեալներ. Թող արթննան Երկրի մեծերուն խիղճերը»

Սուրբ Երկրի պահակ, Հայր Ֆրանչեսքօ Փաթթոն «Վատիկան Նիուզ«ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին մաղթեց որ Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը դպչի երկրի մեծերու խիղճերուն»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Երկրի եւ Կազայի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կիրակի Մարեմեան աղօթքին ընթացքին՝ պատերազմները դադրեցնելու ի սպաս յղած կոչին կապակցութեամբ, Սուրբ Երկրի պահակ, Հայր Ֆրանչեսքօ Փաթթոն «Վատիկան Նիուզ«ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին մաղթեց որ Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը դպչի երկրի մեծերուն խիղճերուն»։

Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մանուկները կ՝ուզեն խաղաղութեան մէջ ապրիլ

«Պապին խօսքերը նախ եւ առաջ ինծի յիշեցուցին, երեկ հոս Երուսաղեմին մէջ տեղի ունեցած միջոցառումը, ուր մանուկներ կ՝աղօթէին խաղաղութեան համար» Զիս շատ տպաւորեց հինգ տարեկան մանուկի աղօթքը, որ մտահոգուած կ՝աղօթէր իր հօր համար։ Այս մտավախութիւնը պիտի նշանաւորէ, ոչ միայն իր մանկութիւնը, այլ համայն կեանքը» ըսաւ Հայր Փաթթոն

Սուրբ Երկրի պահակը նշեց թէ Կազայի մէջ առկայ իրավիճակը սարսափելի է եւ պէտք է անիկա արթնցնէ մեծերու խիղճերը ինչպէս նաեւ այս աշխարհի հզօր այր մարդոց եւ կիներուն խիղճերը, որոնք կարողութիւնը ունին զօրաւոր ձեւով ազդելու անմիջական եւ ապագայ որոշումներուն վրայ։

Սուրբ Երկրի մէջ տարեցները

Հայր Փաթթոն յիշեց նաեւ տարեցները որոնք կ՝ապրին այս ողբերգական իրավիճակին մէջ՝ գրեթէ մէկ ամիսէ ի վեր։ «Անոնք մտահոգ են իրենց թոռնիկներուն, զաւակներուն համար ու չեն մտածեր իրենց ապագային համար, այլ իրենց սիրելիներունը» ըսաւ Հայր Փաթթոն աւելցնելով որ բազմաթիւ անձեր նամանաւանդ տարեցներ Կազայի մէջ ապագան չեն տեսներ իրենց զաւակներու եւ թոռնիկներուն համար ու զանոնք կը հրաւիրեն հեռանալու երկրէն ուրիշ տեղ ապրելու համար։

Կազայի մէջ քրիստոնեայ հասարակութիւնը

Կազային մէջ քրիստոնեայ փոքրիկ հասարակութեան վերջին տեղեկութիւնները կը վերաբերի Եկեղեցւոյ մօտ պայթած մեծ ռմբակոծումներուն, որոնցմէ մէկ պայթած է մայրապետներուն դպրոցին մօտակայքը։ Կազայի մէջ նաեւ մանուկները միացան Ֆրանչիսկոս Պապին մանուկներուն հետ հանդիպումին որ տեղի կ՝ունենայ երկուշաբթի, 6 նոյեմբերին ուղարկելով տեսերիզ մը որուն մէջ շնորհակալութիւնը կը յայտնեն Պապին կատարած աշխատանքներու համար ինչպէս նաեւ կ՝աղօթեն եւ ցոյց կու տան նոյնիսկ ռումբերուն տակ, քրիստոնէական յոյսի կողմը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2023, 12:28