Որոնել

Airstrike on Al Ahli hospital in Gaza

Արքեպիսկոպոս Ուելպի. Իսրայէլը եւ ՀԱՄԱՍը պէտք է յարգեն կեանքը եւ պաշտպանեն խաղաղ բնակիչները

Անկլիքան եկեղեցւոյ Առաջնորդը յայտարարութիւն մը տարածած է, որուն մէջ կշտամբած է Ալ Ահլի հիւանդանոցին վրայ կատարուած յարձակումը՝ կոչ ընելով ազատ արձակել պատանդները, պաշտպանել բնակչութիւնը եւ դէպի Կազա մարդասիրական մուտքը թոյլատրել։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Անկլիքան եկեղեցւոյ Առաջնորդ, Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ժասթին Ուելպին, 18 Հոկտեմբերին յայտարարութիւն մը տարածած է, հրապարակուած Sir լրատուական գործակալութեան կողմէ, որուն մէջ Կազայի Ալ Ահլի հիւանդանոցին վրայ յարձակումը «վայրագութիւն» կը բնութագրէ, որ «կ’ոտնահարէ մարդկային կեանքի սրբութիւնն ու արժանապատւութիւնը»։

«Ես կ’արտասուիմ մեր եղբայրներու եւ քոյրերու հետ, կը խնդրեմ աղօթել անոնց համար: Ես կրկին անգամ կոչ կ’ուղղեմ, որպէսզի խաղաղ բնակիչները պաշտպանուած ըլլան այս աւերիչ պատերազմին ընթացքին»: Այսպէս Արքեպիսկոպոս Ուելպին իր խոր ցաւը արտայայտած է այն ամէնուն համար, ինչ տեղի կ’ունենայ Կազայի եւ Իսրայէլի մէջ Անկլիքան եկեղեցւոյ կողմէ կառավարուող եւ ռմբակոծումէ տուժած այդ առողջապահական հաստատութեան վրայ յարձակման հետևանքով, ուր Ուելպին անցեալին անձամբ այցելած էր։

Պաշտպանել մարդկային կեանքը

Ալ Ահլիին վրայ յարձակումը, կը շարունակենք կարդալ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսի յայտարարութեան մէջ, «Մարդասիրական իրաւունքի խախտում է, որ յստակ կը սահմանէ, որ հիւանդանոցները, բժիշկները եւ հիւանդները պէտք է պաշտպանուած ըլլան», եւ որ անհրաժեշտ է հնարաւոր մեղաւորները մատնանշելէն առաջ փաստերը պարզել:

Ժասթին Ուելպին ՀԱՄԱՍ-ի «չար եւ նողկալի» ահաբեկչական յարձակումները իսրայէլացիներու դէմ «յանցագործութիւններ Աստուծոյ եւ մարդկութեան դէմ» անուանելով կ’ընդգծէ Իսրայէլի՝ «իրեն պաշտպանելու օրինական իրաւունքն ու պարտականութիւնը», բայց նաև այն, որ պէտք է յարգել «քաղաքացիական անձանց և իւրաքանչիւր մարդկային կեանքի արժէքը պաշտպանելուն» ծառայող պատերազմի կանոնները, հակառակ պարագային «բռնութեան շղթան կը շարունակուի մինչև յաջորդ սերունդներ»։

Բռնութիւնը չ’երաշխաւորեր Սուրբ Երկիրի ժողովուրդներուն արժանի ապագայ

Անկլիքան եկեղեցւոյ Առաջնորդն ապա կը յորդորէ դադրեցնել «բոլոր կողմերու անմեղ մարդկանց արիւնահեղութիւնը, ջարդն ու տառապանքը» եւ պատկերացնել՝ ըլլայ անվտանգ Իսրայէլ պետութեան, ըլլայ մօտ ու ապահով Պաղեստին պետութեան համար պատրաստ հասարակութիւն։ Ըստ Արքեպիսկոպոսին այդ ճանապարհը յստակ չէ, այդուհանդերձ անիկա պէտք է պատկերացնել, քանի որ վստահաբար «այս բռնութիւնը չ’երաշխաւորէր Սուրբ Երկիրի ժողովուրդներուն այն ապագան, որուն անոնք արժանի են»:

Յայտարարութիւնը կ’եզրափակուի պատանդներուն ազատ արձակելու, խաղաղ բնակիչներուն պաշտպանելու եւ Կազայի հատուած «անյապաղ եւ անվտանգ մարդասիրական մուտքի թոյլտւութեան» կոչով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2023, 11:38