Որոնել

Իտալացի թղթակիցներու եւ Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պարգեւատրում Իտալացի թղթակիցներու եւ Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պարգեւատրում 

Իտալացի թղթակիցներու եւ Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պարգեւատրում

Աւարտին, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնները արտայայտեց բոլորին, այս մութ ու տխուր օրերուն քաջաբար արդարութեան պահանջքով իրենց ձայնը բարձրացնող թղթակիցներուն, որոնք ի հեճուկս քաղաքական ճնշումներու դիմակայեցին եւ երբեք չնահանջեցին, քաջալերելով զանոնք շարունակելու իրենց գործունէութիւնը յանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան։

Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեան - Վատիկան

Շաբաթ 15 հոկտեմբեր 2023-ի յետմիջօրէին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի դահլիճէն ներս, նախագահութեամբ Ամեն. և Գերջ. Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ի, ներկայութեամբ Վատիկանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր Դեսպան Կարէն Նազարեանի, տեղի ունեցաւ Իտալացի թղթակիցներու պարգեւատրում։
Ներկայ էին նաեւ Լեւոնեան վարժարանի մեծաւոր Հ. Խաչիկ վրդ. Գույումճեան, հոգեւոր հայրեր, Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու միաբանութեան անդամներ, Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Կաթողիկէ Վարժարանի սաներ եւ հայ ու իտալացի հրաւիրեալներ։

Լեւոնեան Ք. Վարժարանի մեծաւոր Հայր Խաչիկ Գույումճեան
Լեւոնեան Ք. Վարժարանի մեծաւոր Հայր Խաչիկ Գույումճեան

Արարողութեան ընթացքին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պարգեւատրեց Իտալացի այն թղթակիցները որոնք իրենց առօրեայ աշխատանքով ու յատկապէս 44 օրեայ պատերազմի օրերէն մինչեւ օրս, իրենց գրչով, իտալական թերթերու միջոցաւ հանրութիւնը հասու դարձուցին ամենօրեայ իրական իրադարձութիւններով, պաշտպանեցին մարդկային արդարութիւնը եւ իրաւունքը, Արցախի ժողովուրդին իրենց հողերու վրայ խաղաղ ապրելու արդար իրաւունքը։
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Վարժարանի մեծաւոր հայր` Հայր Խաչիկ Գույումճեան, ապա Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժանմունքի տնօրէն տիար Ռոպէր Աթթարեան ներկայացուց իւրաքանչիւր թղթակիցի մասին կարեւոր տուեալներ։

Արարողութենէն պահ մը
Արարողութենէն պահ մը

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իւրաքանչիւրին պարգեւատրեց սուրբ Խաչով եւ շնորհակալական վկայագրով։
Պարգեւատրուած թղթակիցներն էին` Մարքօ Թոզաթթի, Ֆրանքա Ճանսոլտաթի, Վիք Վան Պրանթեկէմ, Մարիա Քիարա Պաճոնի եւ Անտրէա Կալիարտուչչի։

«Խաչը, ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ, եղած է հայերու շքանշանը, որուն համար անոնք իրենց արիւնը թափեցին ու կը շարունակեն մինչ օրս կառչած մնալով իրենց հայրենական հաւատքին»։ Ան յատուկէն անդրադարձաւ Ատրպէյճանի իրագործած ցեղային զտումներուն ու Արցախահայութեան ստիպողաբար տեղահանութեան, ցաւ արտայայտելով թէ ինչպէս այս բոլորը տեղի ունեցաւ միջազգային հանրութեան մեղսակցութեամբ։

Լրագորղ Ֆրանքա Ճանսոլտաթի
Լրագորղ Ֆրանքա Ճանսոլտաթի

Իւրաքանչիւր թղթակից ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց։ Անոնք կեդրոնացան իրենց տարած աշխատանքին եւ եղելութիւններուն վրայ, շնորհակալութիւն յայտնելով Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ այս անակնկալ պարգեւատրումին։
Անոնք ցաւ ի սիրտ արտայայտուեցան ցաւալի պատահարներուն եւ կրկին անգամ կեդրոնացան հայ ժողովուրդին հանդէպ կատարուած պատերազմին ու անմարդկային անարդարութեան մասին։ Զգացական ապրումներով բաժնեցին իւրաքանչիւր հայի ապրած խոր վիշտը եւ միաձայն կոչով մը հանդէս եկան համաշխարհային հանրութեան` նեցուկ հանդիսանալու Արցախի ժողովուրդին, պաշտպանելու անոնց պապենական հողին վրայ ազատ ու խաղաղ ապրելու իրաւունքը։

Վսեմաշուք Դսպան Կարեն Նազարեանի պարգեւատրումը
Վսեմաշուք Դսպան Կարեն Նազարեանի պարգեւատրումը

Անոնք վստահեցուցին թէ պիտի շարունակեն իրենց առաքելութիւնը եւ երբեք յետ չեն կանգնելու մինչեւ որ արդարութիւնը հաստատուի եւ իւրաքանչիւրը կրկին տիրանայ իր սեփական իրաւունքին։
Ապա, անակնկալօրէն Կաթողիկոսական տնօրինումով, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» մետալով Հոգեւոր Տէրը պարգեւատրեց Վատիկանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կարէն Նազարեանին, որուն դիւանագիտական պաշտօնը մօտ օրերուն կը հասնի իր աւարտին։ Ան բարձր գնահատեց դեսպանին տարիներու աշխատանքը երկու պետութիւններու միջեւ ի սպաս հայ ժողովուրդի եւ հայկական պետականութեան։ Դեսպան Նազարեան, իր սրտի խօսքը արտասանեց բարձր գնահատելով Հոգեւոր Տիրոջ եւ Լեւոնեան Վարժարանի ունեցած մշտական աջակցութիւնը դեսպանութեան բոլոր ծրագիրներու յաջող գործունէութիւններու ծիրէն ներս։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ

Ան աւելցուց թէ՝ «...համատեղ աշխատանքը եւ փոխ համագործակցութիւնները առիթ հանդիսացան իտալական եւ վատիկանեան հանրութիւններուն ծանօթանալու մեր ազգային եւ հոգեւոր արժէքներուն, զորս խթան հանդիսացան ներգրաւելու անոնց աջակցութիւնները եւ պետութիւններու մօտ բարձրաձայնելու արդարութեան պահանջքը»։

Աւարտին, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնները արտայայտեց բոլորին, այս մութ ու տխուր օրերուն քաջաբար արդարութեան պահանջքով իրենց ձայնը բարձրացնող թղթակիցներուն, որոնք ի հեճուկս քաղաքական ճնշումներու դիմակայեցին եւ երբեք չնահանջեցին, քաջալերելով զանոնք շարունակելու իրենց գործունէութիւնը յանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2023, 09:33