Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Կաթողիկոսի անպատկառ հոգեւորականին երկրորդ պատասխան նամակը

Հաղորդաշար (34) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ.Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ լուրը

Այս նա­մակ պա­տաս­խա­նը շատ մեղմ եւ սի­րա­լիր կը վեր­լու­ծէ նա­մա­կագ­րի թե­րու­թիւն­նե­րը՝ մատ­նան­շե­լով որ ան հպար­տու­թեան եւ բար­կու­թեան ներ­քին բո­ցով հր­դե­հուած՝ կը վա­ռէր ու անընդ­հատ կը բոր­բո­քէր, քա­նի որ կրա­կը նիւ­թա­կան չէր, ապա թէ ոչ նիւ­թը սպա­ռուե­լուն շու­տով կը մա­րէր։ Եւ այս խղ­ճա­լին շա­րու­նակ կը բոր­բո­քէր ոչ թէ ատե­լի­նե­րու՝ այլ եր­բեմ­նի սի­րե­լի­նե­րուն հան­դէպ, որ այժմ ատե­լի կը թուէին իրեն։

«Գ­րած ես, թէ քեզ յանձ­նե­ցի հա­կա­ռա­կորդ­նե­րու ձեռ­քը եւ անոնք հետդ վա­րուե­ցան ինչ­պէս որ ես հրա­մայե­ցի։ Արդ, եթէ գրած նա­մա­կէս աւե­լի խօսք մը իրենց ըսած ըլ­լամ՝ քու գրած դա­տավ­ճիռդ թող իրա­կա­նա­նայ իմ վրաս։ Իսկ եթէ ոչ իսկ մտ­քե­րուս մէջ քե­զի հա­կա­ռակ որե­ւէ բան ան­ցած ըլ­լայ, ուր մնաց խօս­քե­րուս կամ գոր­ծե­րուս, գրած­ներդ քե­զի դառ­նան»։­

Այս յայ­տա­րա­րու­թե­նէն կր­նանք կռա­հել թէ ի՛նչ դա­ժան դա­տավ­ճիռ ար­ձա­կած պի­տի ըլ­լայ այս թշուառ քա­հա­նան, Շնոր­հա­լիի նկատ­մամբ, որ սա­կայն զգու­շա­ւոր կեր­պով կը հա­կա­դար­ձէ, ողջմ­տու­թեան եւ ճշ­մար­տու­թեան նայե­լու հրա­ւի­րե­լով իր ընդ­դի­մա­խօ­սը։

­«Իսկ կիր­քե­րուս մա­սին մեր­ձա­ւոր­նե­րու կամ հե­ռա­ւոր­նե­րու ըրած բամ­բա­սանք­նե­րը որ նա­մակդ կը բա­ցա­յայ­տէ՝ շատ չեմ նե­ղուիր, որով­հե­տեւ ըստ ար­ժան­ւոյն չեն նա­խա­տեր որ­քան որ իմ մէջս յայտ­նի եւ ծա­ծուկ արա­տա­ւոր մութ կող­մեր ու­նիմ»։­

Այս տո­ղե­րուն մէջ ան­գամ մը եւս կը տես­նենք Ս. Ներ­սէս Հայ­րա­պե­տը իր հե­րո­սա­կան ան­գե­րա­զան­ցե­լի խո­նար­հու­թեամբ, որ ոչ միայն զինք մե­ղադ­րող­նե­րու բամ­բա­սանք­նե­րը կ՚ան­տե­սէ, այ­լեւ ինք­զինք կը մե­ղադ­րէ նոյ­նիսկ ծա­ծուկ թե­րու­թիւն­նե­րու հա­մար։

­«Եւ եթէ սխալ­ներս քօ­ղար­կուած չեն զիս դա­տող եւ իրա­ւա­ցիօրէն յան­դի­մա­նող Աս­տու­ծոյ եւ Իր հրեշ­տակ­նե­րուն, թող մար­դիկ ալ գիտ­նան։ Ասի­կա համ­բե­րու­թեամբ տա­նող­նե­րուն՝ յան­դի­մա­նու­թիւ­նը պի­տի թե­թեւց­նէ, իսկ բամ­բա­սող­նե­րուն՝ տոյժ ու տու­գան­քի պատ­ճառ պի­տի ըլ­լայ։ Իսկ ար­դա­րա­ցիօրէն մե­ղադ­րուո­ղին հա­մար՝ զգաս­տա­նա­լու եւ մե­ղադ­րե­լի կիր­քե­րը թօ­թա­փե­լու առիթ պի­տի դառ­նայ»։

­Շաղ­կա­պեալ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ բո­լոր հնա­րա­ւոր պա­րա­գա­նե­րը քն­նե­լով՝ Շնոր­հա­լի Հայ­րա­պե­տը ցոյց կու տայ թէ ինչ­պէս ամ­բաս­տա­նեալի համ­բե­րու­թիւ­նը՝ կը թե­թեւց­նէ պա­տի­ժը, իրա­ւա­ցի մե­ղադ­րան­քը՝ առիթ կու տայ զգաս­տա­նա­լու եւ սր­բագ­րուե­լու, իսկ բամ­բա­սո­ղը՝ կ՚ար­ժա­նա­նայ պա­տի­ժի։

Ս. Ներ­սէս շատ իրա­ւա­խոհ եւ կշ­ռա­դա­տուած եզ­րա­կա­ցու­թեամբ կը փա­կէ իր նա­մա­կը, ցոյց տա­լով իրա­ւա­բա­նի հմ­տու­թիւն եւ ար­դար դա­տա­ւո­րի բա­ցա­ռիկ տա­ղանդ։

­«Իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի արեւ­մուտք փախ­չե­լուդ, այդ ալ իմ պատ­ճա­ռովս, ասոր ալ իրա­ւա­կան վճիռ կը կտ­րեմ. եթէ բար­կու­թե­նէս կամ բռ­նու­թե­նէս հա­լա­ծա­կան՝ ճամ­բան քե­զի որե­ւէ փոր­ձանք պա­տա­հի՝ ես ըլ­լամ պար­տա­կան։ Իսկ եթէ դուն քու բար­քիդ ախ­տե­րով ինք­նա­հա­լած կը փախ­չիս՝ քե­զի եւ քու ան­ձիդ պա­տա­հած բա­րիին կամ չա­րին պատ­ճա­ռը դուն ես եւ ու­րիշ ոչ ոք»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2023, 07:43