Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Ներսէս Կաթողիկոսի պատասխան նամակը անպատկառ հոգեւորականին - Գ. Մաս

Հաղորդաշար (33) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ. Ջամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Լ­պիրշ եւ ամ­բար­տա­ւան հո­գե­ւո­րա­կա­նը հա­սած էր նոյ­նիսկ մե­ղադ­րե­լու գթա­սիրտ Հայ­րա­պե­տը՝ առանց իր խնդ­րան­քին զինք ձեռ­նադ­րած ըլ­լա­լու հա­մար. «նոյ­նիսկ կ՚ը­սես զղ­ջա­ցած ըլ­լալ, առանց խնդ­րած ըլ­լա­լուդ, քե­զի տուա­ծիս հա­մար։ Ամէն­քի արա­րիչն ալ օծուե­ցաւ պոռ­նի­կէն, եւ սաս­տեց աշա­կերտ­նե­րուն՝ երբ կ՚ան­հանգս­տաց­նէին զինք։ Իսկ դուն՝ կը գրես թէ կ՚ափ­սո­սաս՝ որ ես քեզ իւ­ղով օծած եմ»։ Ի՜նչ սար­սա­փե­լի կոյր ատե­լու­թիւն. ապե­րախ­տու­թեամբ մեր­ժել ձեռ­նադ­րիչ հո­գե­ւոր ծնո­ղը եւ շնոր­հած գե­րա­զանց պար­գե­ւը։ Միաժա­մա­նակ Հայ­րա­պե­տին ան­բա­ցատ­րե­լի խո­նար­հու­թիւ­նը՝ որ ինք­զին­քը կը նոյ­նաց­նէ Քրիս­տո­սի ոտ­քե­րը օծող պոռ­նի­կին։ Այս զու­գա­հեռն ալ ան­պատ­կա­ռի անու­նին հետ կա­պուած կը թուի ըլ­լալ։­

Այս անե­րե­ւա­կայե­լի ցնո­րա­բա­նու­թեան դի­մաց Շնոր­հա­լի կը բա­ցա­գան­չէ. «Ա­րու­սեակի ախտն է դա, եւ ոչ ճշ­մա­րիտ լոյ­սի հո­գիին։ Իրաւ էր երբ կ՝ը­սէի որ չես գի­տակ­ցիր ի՛նչ կը կրես մէջդ։ Մարդ մէկ հի­ւան­դու­թե­նէ չի մեռ­նիր, այլ տար­բեր եւ բազ­մա­թիւ հի­ւան­դու­թիւն­նե­րէ։ Նոյն­պէս ալ հո­գիին հա­մար մա­հա­ցու չեն միայն նիւ­թա­կան հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը այլ նաեւ հո­գե­կան­նե­րը»։­

Այս խօս­քե­րուն մէջ կը գտ­նենք թէ՛ վշ­տա­կիր հայ­րը եւ թէ՛ խնա­մա­տար բժիշ­կը, որ ան­գամ մը եւս կը փոր­ձէ արթնց­նել, զգաս­տաց­նել եւ գի­տակ­ցու­թեան հրա­ւի­րել ախ­տա­ւոր հի­ւան­դը՝ բու­ժե­լու եւ առող­ջաց­նե­լու նպա­տա­կով։

«Գ­րած ես որ այ­լեւս որե­ւէ կա­րի­քի հա­մար մօտս պի­տի չգաս. դուն եր­բեք կա­րի­քի հա­մար չես եկած, բայց եթէ այ­սու­հետ կը զղ­ջաս գա­լուդ հա­մար, այ­լեւս չեմ ան­հանգս­տաց­ներ որ գաս, միայն թէ ուր որ ըլ­լաս՝ աղօթք­նե­րուդ մէջ յի­շէ, եթէ ախոր­ժիս։ Ո՛ղջ մնայ»։­

Այս­քան քաղրց­րու­թեամբ աւար­տել նա­մակ մը՝ իրա­պէս գե­րա­զանց առա­քի­նու­թեան տէր ան­ձ մը եւ իս­կա­պէս գթա­սիրտ հայր մը կը յա­ջո­ղի։ Շնոր­հա­լի որ­քան կը սի­րէր իր հո­գե­զա­ւա­կը եւ ամէն ձե­ւով կը փոր­ձէ ուղ­ղու­թեան առաջ­նոր­դել։ Նոյն ոճով ալ սկ­սած էր իր պա­տաս­խան նա­մա­կը՝ յան­դուգն քա­հա­նային սիր­տը շա­հե­լու հա­մար։ «Ս­տա­ցայ սի­րոյ եւ յան­դի­մա­նա­կան նա­մակդ, Իմաս­տու­նին ըսա­ծին պէս, թէ լաւ է սի­րե­լիին վէր­քը քան թշ­նա­միին համ­բոյ­րը։ Չտխ­րե­ցայ, այլ ու­րա­խա­ցայ, որով­հե­տեւ ես ինքն­զինքս կը ճանչ­նամ, եւ ան­տե­ղեակ չեմ։ Այն­պէս որ՝ ոչ թէ միայն քու լե­զուդ եւ գրիչդ այլ նոյ­նիսկ եթէ բո­լոր ադա­մա­ծին­նե­րու խօսքն ու գրու­թիւ­նը ջա­նար իմ մէջ եղած պար­սա­ւե­լի կիր­քե­րը ի յայտ բե­րել, ի վի­ճա­կի պի­տի չըլ­լային։ Միայն մէկ մխի­թա­րու­թիւն ու­նիմ այդ կիր­քե­րու նկատ­մամբ, որ տե­ղեակ եմ, եւ չեմ ան­գի­տա­նար»։

Ամ­փո­փե­լով այս բո­լոր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րը՝ կր­նանք վս­տա­հա­բար ըսել որ այդ ամ­բար­տա­ւան, բար­կա­ցոտ, շո­ղո­քորթ եւ զր­պար­տող ան­պատ­կառ ան­ձը Շնոր­հա­լի Հայ­րա­պե­տէ սի­րուած եւ իր­մէ ձեռ­նադ­րուած հո­գե­ւո­րա­կան մըն էր՝ Քրիս­տոս անու­նով, անյայտ վայ­րի մը սուրբ Աս­տուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ հո­վիւ, որ ոչ միայն կը չա­րա­խօ­սէր Հայ­րա­պե­տի դէմ, այլ եւ չէր ըն­դու­ներ զինք որ­պէս Կա­թո­ղի­կոս:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2023, 07:27