Որոնել

2023.09.28 2023.09.28 Immagini del Cardinal Pietro XV AGAGIANIAN

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (43)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի Հաւատոյ Տարածման նախագահի իր պաշտօնէն հրաժարման դրդապատճառներուն:

ԽԳ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի Հաւատոյ Տարածման նախագահի իր պաշտօնէն հրաժարման դրդապատճառներուն

Հռոմի մէջ կարճատեւ հանգիստէ մը ետք, 1966 Մայիս 25-ին, Պօղոս Զ. Քահանայապետը ամբողջական վստահութիւն ունենալով Կարդինալ Աղաճանեանի պատկառելի անձին նկատմամբ, զայն կը նշանակէ Վատիկանի Բ. Ժողովի վճիռներու գործադիր յանձնախումբի անդամ: Արդարեւ, Աղաճանեան այս լուրջ և պատասխանատու պաշտօնը կը ստանձնէ ամենայն նախանձախնդրութեամբ: Եւ յիրաւի, հակառակ այն իրողութեան որ յաճախ կ'անհանգստանար, այսուհանդերձ ան վերստին իր աշխատանքին կը նուիրուէր:

Բազմաթիւ ճամբորդութիւններ կատարելով հանդերձ, վարչական որոշումներուն նկատմամբ ամենայն լրջութեամբ կը մօտենար առ ի գործադրութիւն: Իրապէ՛ս որ, ան հայութեան պարգեւն էր քրիստոնեայ աշխարհին: 1968 Յունուար 7-ին, Ուրբանեան Վարժարանի տնօրէնութիւնը, ի տես իր նախկին աշակերտ և դասախօս՝ Աղաճանեան Կարդինալի մեծ վաստակին՝ արժանաւոր կերպով կը յիշատակէ անոր քահանայ ձեռնադրութեան 50-ամեակը:

Պատմական այս նախաձեռնութիւնը կարծէք հրաժեշտի արարք մըն էր ի պատիւ Հայոց մեծ Կարդինալին: Աւա՜ղ, 31 Յուլիս 1969-ին, Պօղոս Զ. Պապին հետ դէպի Ափրիկէ կատարուած շրջապտոյտին մասնակցելէ ետք, Աղաճանեան Կարդինալին առողջութիւնը այն աստիճան կը վատթարանայ, որ Հաւատոյ Տարածման նախագահի իր պաշտօնէն հրաժարման մասին կը մտածէ:

Ժամանակը հասած էր հանգստանալու, արդէն իսկ լուրջ մտահոգութիւններ կային յառաջացող հիւանդութեան (քաղցկեղ) մասին: Հռոմ վերադարձին՝ Ծիրանեփառ Հայրապետը նախ կը քաշուի իր այնքան նախասիրած մատուռը, զոր նուիրուած էր Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր. Այնտեղ, ըստ ականատեսներու երկար ժամանակ աղօթելէ ետք, որոշում կ'առնէ իր հրաժարականը ներկայացնել Սրբազան Քահանայապետին:

Արդարեւ, ինչպէս յայտն է թէ Կարդինալը տարիներու իր հովուական և եկեղեցական ծառայութիւնները կ'ամբողջացնէր աղօթքով և հոգեւոր կեանքով: Ժամասացութիւնը ըստ Աւետարանական պատուէրին՝ «Յամենայն ժամ աղօթս արարէք» կը կատարէր մեծ բարեպաշտութեամբ: «Վարք Սրբոց» գիրքը յաճախակի կ'ընթերցէր և մտածական աղօթքը միշտ կը կատարէր անխափանօրէն: Հոգեպարար սուրբ Պատարագը համակ սրտով կը մատուցանէր:

Խոստովանանքի Խորհուրդին անյապաղ կը մերձենար և առանց Տիրամօր սուրբ Վարդարանի հոգեթով ջերմեռանդութեան՝ իր օրը չէր անցներ: Քրիստոսի նման կ'ուրանար իր անձը և խաչն առնելով՝ կը բարձրանար կրօնական և ազգային կեանքի Գողգոթան. և այսպէս, զոհուելով Քրիստոսի նման՝ փրկագործութիւնը կ'արդիւնաւորէր հոգիներուն մէջ, յօգուտ Եկեղեցւոյ և հաւատացեալ ժողովուրդին, Ախալքալաքէն մինչեւ Հռոմ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2023, 08:03