Որոնել

2023.09.28 Immagini del Cardinal Pietro XV AGAGIANIAN

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (42)

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Աղաճանեան Կարդինալի խոկումներու

ԽԲ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Աղաճանեան Կարդինալի խոկումներու

Աղաճանեան Կարդինալի այս մտածումները քաղուած են «Ձայն Հովուական» գիրքէն, զոր ձօնուած է Հռոմի Լեւոնեան Ք. Հայկազեան Դպրեվանքի կողմէ ի յիշատակ 50-ամեայ քահանայութեան Կարդինալ Գրիգոր Աղաճանեանի, զորս յաջորդաբար մէջբերելով՝ պիտի յայտանբերենք անոր աստուածաբանական, բարոյական ու տոհմային պատմութեան խոր գիտութիւնը և իմացական հարուստ պաշարը:

Հաւատքի մասին ան ըսած է. «Հաւատքը հայ ժողովուրդի ամենամեծ գանձն է: Եթէ կորսնցնենք մեր հարստութիւնը՝ կը ցաւինք: Եթէ կորսնցնենք մեր առողջութիւնը՝ աւելի կը ցաւինք: Եթէ կորսնցնենք մեր հաւատքը՝ ամէն բան կորսնցուցած կ'ըլլանք: Ի՞նչ կ'արժէ եթէ շահինք ամբողջ աշխարհը և կորսնցնենք մեր հաւատքը, մեր հոգին: Մեր հաւատքը պահելու համար, յարենք միշտ աչքերնիս Ս. Եկեղեցւոյն, այն արեգակին, որ լոյս ու սէր կը բաշխէ միշտ»:

Աստուածաշունչի մասին ան հետեւեալ ձեւով արտայայտուած է. «Եթէ մատեան մը կայ որուն ընթերցումը կարելի ըլլայ յանձնարարել Եզեկիէլ մարգարէին ուղղուած սոյն պատգամով, «Կեր զմատեանդ զայն», այդ, յիրաւի Ս. Գիրքն է. Աստուծոյ խօսքը, Աստուծմէ ներշնչեալ հեղինակներէ գրի առնուած. որով կը սնանի բովանդակ Քրիստոնէութիւնն ու Աշխարհը, իբրեւ ճշմարտութիւն և սրբութիւն ամէնառատ արօտավայրի մը մէջ:

Բայց նոյն ինքն Ս. Գրքի մէջ Նոր Կտակարանը և ի մասնաւորի Սուրբ Աւետարանները առաջին տեղը կը գրաւեն, ըլլալով ամփոփումը Յիսուսի Քրիստոսի, մարդացեալ Որդւոյն Աստուծոյ և մեր Փրկչին, խոնարհ ու վսեմ կեանքին, անոր աստուածային շրթունքներէն բղխած խօսքերուն, որոնք իսկապէս Հոգի են և Կեանք (Յովհ Զ. 69):

Մեծապէս կը ցանկանք որ ան մուտք գործէ ամէն հայ ընտանիքէ ներս և դառնայ ամէնօրեայ հոգեւոր ընթերցանութեան և մտածութեան առարկայ, սնունդ յաւիտենական կեանքի: Երանի անոնց որոնք Եզեկիէլ մարգարէին նման, խորունկ երախտագիտութեամբ և հոգեզմայլ յափշտակութեամբ, պիտի բացագանչեն թէ «Կերայ զայն (զմատեան) և եղեւ ի բերան իմ իբրեւ զքաղցրութիւն մեղու» (Եզեկ Ա.3), կերայ զայն և բերնիս մէջ դարձաւ մեղրի նման քաղցր»:

Քրիստոսի վարդապետութեան մասին ան ըսած է. «Ես եմ լոյսն աշխարհի: Յիսուս Լոյս է, լոյս ի լուսոյ: Մեր նախահայրերը որոնեցին զայն անդուլ, ոգեկոչեցին խանդակաթ կերպով: Լոյս ի լուսոյ, որ մատչելի դարձուց ինքզինքը, երեւցաւ մարդկութեան: Սիմէոն ծերունին լոյս տեսաւ Քրիստոսի մէջ: Առաքեալները՝ Թափօր լերան վրայ լոյս տեսան Յիսուսի պայծառակերպ դէմքին վրայ: Լոյս կը ճառագայթէ Յիսուսի էութենէն թէ՛ մանուկին, թէ՛ չափահասին և թէ՛ ծերունիին համար, ամէն դասակարգի և ամէն վիճակի արարածներու համար:

Ես եմ Լոյս աշխարհի երէկ, այսօր և յաւիտեան: Լոյս են աւետարանները, լոյս՝ Ս. Պատարագը, լոյս՝ խորհուրդները: Լոյսը սակայն պէտք ունի միջավայրի. եթէ փակէք պատուհանները, դուք ձեզ կը զրկէք այդ գերագոյն բարիքէն: Բացէ՛ք ձեր սրտերը Յիսուսի առջեւ, Յիսուսի, լոյս՝ ի լուսոյ: Ինչո՞ւ Յուդա հեռացաւ վերնատունէն. որովհետեւ հեռացուցած էր իր սրտէն Յիսուսը, փակած՝ անոր առջեւ իր սիրտը: Խաւարը չ'ըմբռնէր լոյսը. խաւարը մեղքն է: Խոստովանութեամբ մերժուած է խաւարը: Եղէ՛ք որդիք լուսոյ, և ձեր լոյսը թող համասփռուի, ճառագայթէ ամէն տեղ. մարդիկ թող տեսնեն զայն: Սեւեռեցէ՛ք ձեր աչքերը միշտ Յիսուսի, թէ՛ աշխատանքի և թէ՛ զբօսանքի ժամանակ, թէ՛ տառապանքի և թէ՛ բերկրանքի մէջ. այն ատեն՝ ձեր հոգւոյն մէջ պիտի ծագի յաւերժական լոյս մը»:

Հայ ընտանիքի մասին ըսած է թէ. «Հայ օճախը նշանաւոր և անպարտելի եղած է իր փառքերու մաքրութեամբ: Ամուսինները գիտցած են միշտ անխախտ պահել Աստուծոյ խորանին առջեւ կնքուած փոխադարձ սիրոյ և հաւատարմութեան ուխտը: Հայ ընտանիքներ, թող ձեր զաւակները հայ ապրին: Հայ ապրիլ կը նշանակէ՝ սորվիլ մեր պատմութիւնը, մեր քաղցր լեզուն, մեր երգը, որպէսզի գիտնան թէ իրենք որեւէ յետամնաց ազգի մը զաւակները չեն»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/10/2023, 07:48