Որոնել

Տիրամօր անարատ սիրտը Տիրամօր անարատ սիրտը 

«Թագուհի Հայաստանի՝ մեր բարեխօսն ու պաշտպանը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Արեւելքի ժողովուրդը զգացական ըլլալով՝ կը նկատէ որ ինչպէս մանուկը կառչած է իր մօր, նոյնպէս հայն ալ կապուած է իր Տիրամօր եւ միշտ խնդրած է անոր բարեխօսութիւնը : Մաքրամաքուր Կոյսը մեծարուած ու յարգուած է համայն մարդկութենէն : Հայ ժողովուրդը իր Եկեղեցիով կը փառաբանէ զինքը իր վանքերն ու եկեղեցիները իրեն նուիրելով: Մենք կընդունինք Սուրբ Կոյսը, որպէս անթառամ ծաղիկ, մայր գթած եւ մայր Հայաստանի :
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Խաչեալ Յիսուսին աստուածային սրտին ամենամեծ նուէրը եղաւ նախ՝ ամենասուրբ Հաղորդութիւնը, ապա՝ Տիրամայրը։
Այս ճշմարտութիւնը պատմական եւ աստուածաբանական է: Մարիամ պաշտօնապէս մեզ ստացաւ իբր զաւակ եւ մենք ընդունեցանք Մարիամը խաչով եւ Խաչեալէն:
Գողգոթայի վրայ՝ զաւակներուն սրտակցութիւնը անհրաժեշտ է անոր նկատմամբ. Ան Մայրն է բոլորիս, Աստուծմէ ընտրուած :

Յիսուս Քրիստոս՝ ինքնին գթութիւնը, բարեսիրութիւնը, ողորմութիւնն ու սէրը մարդացաւ ու մարմնացաւ Մարիամի անարատ սրտին մէջ։ Այսպէս Մարիամ դարձաւ Աստուածային Մայրը ողորմութեան եւ սիրոյ. առանց Մարիամի չկայ Յիսուս Քրիստոս, քանի որ առանց մօր մը չկայ որդի։ Հայ մատենագրութենէն ստուգապէս գիտենք թէ մեր հաւատքի հայրը՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը, քարոզեց Քրիստոսի կուսական յղացումը եւ ծնունդը իր մօրմէն եւ դաւանեցաւ Մարիամի կուսամայր ըլլալը :

Հայ Եկեղեցւոյ մաշտոցը եւ շարակնոցը շատ յստակ են իրենց բանաձեւերու մէջ. «Մայր եւ կոյս, աղախին Քրիստոսի, որ բարեխօս ես աշխարին» աղօթքը:

Առաջին դարերէն ի վեր, հայ ժողովուրդը այնքան սիրեց Խաչեալը եւ խաչելութիւնը, որ հաւասար սիրով եւ յարգանքով շարունակեց սիրել Քրիստոսը եւ իր մայրը : Այնքան առաջնակարգ տեղ ունեցաւ Սուրբ Կոյսը հայ ժողովուրդին մօտ, որ մեր սուրբ Հայրերը ուզեցին սուրբ պատարագին սկզբնաւորութեան աղօթքը իրեն նուիրել, երբ կ'ըսենք՝ «եւ վասն Սրբուհւոյ Աստուածածնին, Տէր, ընկալ զաղաչանս մեր»: Արեւելքի ժողովուրդը զգացական ըլլալով՝ կը նկատէ որ ինչպէս մանուկը կառչած է իր մօր, նոյնպէս հայն ալ կապուած է իր Տիրամօր եւ միշտ խնդրած է անոր բարեխօսութիւնը : Մաքրամաքուր Կոյսը մեծարուած ու յարգուած է համայն մարդկութենէն : Հայ ժողովուրդը իր Եկեղեցիով կը փառաբանէ զինքը իր վանքերն ու եկեղեցիները իրեն նուիրելով: Մենք կընդունինք Սուրբ Կոյսը, որպէս անթառամ ծաղիկ, մայր գթած եւ մայր Հայաստանի :

Ամենասուրբ կոյսը՝ Աստուածամայրը, եղաւ բարեխօսը մեղաւորներուն եւ ապաստանը՝ տառապողներուն, հաւատարիմ աղախինն ըլլալով մեր Արարչին : Մարդ Աստուծոյ Մայր ըլլալով՝ Տիրամայրը կը փոխէ մարդկութեան պատմութեան ընթացքը եւ իմաստ կու տայ մեր գոյութեան եւ մեկնակէտը կը դառնայ փրկագործութեան : Սուրբ Կոյսը Աստուծոյ մարդկային պատմութեան միջամտութեան ծրագրին մէջ կը հանդիսանայ իբր նոր Եւան եւ անոր միջոցաւ կը փոխանցուի մարդ արարածին իսկական ուրախութիւնը : Միթէ՞ Մարիամ չէր, որ անկարելին կարելի դարձուց. միթէ՞ ան չեղաւ պատճառը, որով Յիսուս ստիպուեցաւ Իր առաջին հրաշքը գործել՝ Կանայի հարսանիքի ընթացքին : Անտարակոյս կը հաստատեմ, թէ Մարիամ միշտ բարեխօս ու նեցուկ հանդիսացաւ Աստուծոյ դիմող կարօտեալին :
Մարիամ՝ հաւատքով լեցուն խոնարհ արարածը կը յաղթահարէ կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն խոչընդոտներուն մինչեւ իսկ ականատես վկայ ըլլալով Միածին Որդիին խաչելութեան :
Ան մեզի կը սորվեցնէ չյանձնուիլ յուսահատութեան եւ մարդկային տկարութիւններուն, եւ ոչ մէկ ընդվզում արտայայտել Աստուծոյ անըմբռնելի ծրագրին դէմ :

Աւետարանը յստակօրէն կը յիշեցնէ թէ Մարիամ կանգուն էր խաչին առջեւ : Ո՞ր մայրը արդեօք կարող էր դիմանալ նման վիշտի, հարազատ որդիի չարչարանքներուն եւ մահուան:

Կ՚ուզեմ գրութիւնս փակել՝ մէջբերելով Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետին ուղղած խօսքը՝ Հայ Ազգի Քրիստոնեայ դառնալուն 1700- րդ ամեակի առիթով՝ «Իմ մտածումս կ'ուղղուի Քեզի «Մայր լուսոյն Մարիամ սուրբ կոյս, որ զլոյսն առ ի Հօրէ ծնար մարմնով. եւ եղեր արեւելք արեգականն արդարութեան» : Մեծարուած խոր սիրով Աստուածածին կոչումով, ան ներկայ է այդ ժողովուրդի բազմաչարչար պատմութեան բոլոր վայրկեաններուն մէջ: Բացի Ս. Պատարագի խորհրդակատարութեան եւ Ժամերգութեան մէջ ամէնօրեայ յիշատակութենէն, Եկեղեցւոյ աղօթքը տարուան ընթացքին տօներ կը նախատեսէ, որոնք Աստուածամօր կեանքը եւ կարեւոր խորհուրդները կը յիշատակեն : Օգնական Կոյսը՝ Մարիամ, մեծարուած է որպէս Հայաստանի Թագուհի :


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2023, 07:30