Որոնել

2023.10.14 850° morte San Nesres Shnorhali

Շնորհալիի վախճանման 850րդ տարելիցին Հռոմի ձեռնարկները կը յետաձգուին

Կ՛աղօթենք, որ Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի բարեխօսութեամբ Աստուած զօրացնէ մեր ազգի բոլոր զաւակները յաղթահարելու մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրները՝ որպէսզի Արցախէն բռնի տեղահանուած եւ Հայաստան ապաստանած մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելը վերածենք համահայկական զօրաշարժի եւ Արցախի վերատիրացման հրամայականով թիկունք կանգնինք մեր հայրենիքին։
Ունկնդրէ լուրը

Նկատի ունենալով 19 Սեպտեմբեր 2023-էն սկսեալ Ազրպէյճանի ռազմական արարքներն ու Արցախի հայաթափումը, «Աստուածային Շնորհաց Հայոց Առաքեալ» Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-րդ տարելիցին նուիրուած համատեղ ձեռնարկները, որոնք հռոմէական կաթողիկէ եւ հայ եկեղեցիներու կազմակերպութեամբ եւ Ն.Ս. Ֆրանչիսկոս Պապի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս Մինասեան ԻԱ. Պատրիարքի օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ՝ 30 Նոյեմբերէն 2 Դեկտեմբեր 2023-ին Հռոմի մէջ տեղի պիտի ունենային, անորոշ ժամանակով յետաձգուած են:

Կ՚աղօթենք, որ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին բարեխօսութեամբ Աստուած զօրացնէ մեր ազգի բոլոր զաւակները՝ յաղթահարելու մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրները, որպէսզի Արցախէն բռնի տեղահանուած ու Հայաստան ապաստանած մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելը վերածենք համահայկական զօրաշարժի եւ Արցախի վերատիրացման հրամայականով թիկունք կանգնինք մեր հայրենիքին։

13 Հոկտեմբեր 2023

(Հաղորդագրութիւնը՝ կազմակերպիչներէն)

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2023, 09:29