Որոնել

Կարդինալ Փիցապալլա Կարդինալ Փիցապալլա  (REUTERS)

Երուսաղեմի Լատինաց պատրիարքը նորանշանակ կարդինալ Փիցցապալլա վերադարձաւ Իսրայէլ։

Կարդինալ Փիցցապալլան տխուր է սակայն ոչ ամբողջովին զարմացած Կազայի մէջ տեղի ունեցած սարսափէն։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Երուսաղեմի Լատինաց պատրիարքը նորանշանակ կարդինալ Փիցցապալլա վերադարձաւ Իսրայէլ։

«Վատիկան Նիւզ»ի հետ զրոյցի ընթացքին Երուսաղեմի լատինացի Պատրիարքը իր ցաւն ու կսկիծը յայտնեց Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն համար։

Կարդինալ Փիցցապալլան տխուր վիճակի մէջ է սակայն ոչ ամբողջովին զարմացած Կազայի մէջ տեղի ունեցած սարսափէն, որովհետեւ երկար ժամանակէ ի վեր ինք նախատեսած է լարուածութեան աճ սակայն ոչ մինչեւ այս աստիճան։ Հռոմէն Սուրբ Երկիր վերադարձած նորանշանակ կարդինալ մտահոգ ու մտավախութիւն ունի, որ այս պատերազմը երկար շարունակուի մինչեւ որ պաղեստինի հարցը չլուծուի։

Երուսաղեմի լատինաց Պատրիարքը շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է մերձաւոր արեւելքի եւ Իսրայէլեան – Պաղեստինեան հարցին աւելի մեծ ուշադրութեամբ հետեւի ու պէտք է շատ աշխատի իրավիճակը հանդարտեցնելու համար, ու կողմերը ողջամտութեան առաջնորդելու՝ միջնորդութիւններով, որոնք անպայմանօրէն հանրային չեն, որովհետեւ այդ հանրայինը երբեք պիտի չգործեն։ «Կարիքը ունինք աջակցութեան, դատապարտել որեւէ բռնութեան ձեւ, կղզիացնել բռնարարքները եւ անխոնջ աշխատի հրադադարի ուղղութեամբ, որովհետեւ որքան որ զէնքերը խօսին, երբեք կարելի պիտի չ՝ըլլայ ունկնդրել ուրիշին ձայները» ըսաւ Կարդինալ Փիցապալլան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2023, 10:48