Որոնել

Attacco a Israele, giorno 1

Այս հողը պէտք է արդարութեան եւ հաշտութեան հող ըլլայ․ Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքարանը տարածած է մամլոյ հաղորդագրութիւն

Պատրիարքարանը կոչ կ’ուղղէ միջազգային հանրութեան, տարածաշրջանի և աշխարհի կրօնական առաջնորդներուն՝ «գործադրել բոլոր ջանքերը՝ մեղմացնելու համար իրավիճակի սրացումը, վերականգնելու հանդարտութիւնը եւ գործելու տարածաշրջանի մէջ մարդկանց հիմնարար իրաւունքները երաշխաւորելու համար»
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Անցեալ 7 Հոկտեմբերին, Կազայի հատուածէն Իսրայէլի վրայ յանկարծակի յարձակումը եւ անոր յաջորդած իսրայէլական ռազմական գործողութիւնները պատճառած են հարիւրաւոր զոհեր, բազմահազար վիրաւորներ եւ հսկայական աւերածութիւններ երկու կողմերուն համար։ Ըստ Իսրայէլի հաղորդած վերջին պաշտօնական տուեալներուն զոհուած են աւելի քան 700, վիրաւորուած շուրջ 2156, առեւանգուած հարիւրաւոր իսրայէլացիներ։

Երուսաղեմի Պատրիարքարանի կոչը միջազգային հանրութեան

Այդ առթիւ Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքարանի կայքէջին վրայ հրապարակուած գրառումի մէջ կը կարդանք, որ բռնութեան յանկարծակի պայթիւնը «շատ մտահոգիչ է իր ծաւալով եւ ուժգնութեամբ: Կազայի կողմէ սկիզբ առած գործողութիւնը եւ իսրայէլական բանակի արձագանքը մեզ յետ կը տանին դէպի մեր նորագոյն պատմութեան ամենավատ ժամանակաշրջանները: Չափազանց շատ զոհերը եւ չափազանց շատ ողբերգութիւնները, որոնց հետ կը բախուին պաղեստինեան եւ իսրայէլական ընտանիքները, պիտի ստեղծեն աւելիով ատելութիւն եւ պառակտում եւ միշտ աւելիով պիտի խորտակեն կայունութեան ցանկացած հեռանկարը»:

Ասկէ մեկնելով Պատրիարքարանը կոչ կ’ուղղէ միջազգային հանրութեան, տարածաշրջանի և աշխարհի կրօնական առաջնորդներուն՝ «գործադրել բոլոր ջանքերը՝ ի նպաստ իրավիճակի սրացումի մեղմացման, վերականգնելու հանդարտութիւնը եւ գործելու տարածաշրջանին մէջ մարդկանց հիմնարար իրաւունքները երաշխաւորելու համար»:

Տեղեկագիրի մէջ ընդգծուած է նաեւ Սուրբ Երկիրի եւ ի մասնաւորի Երուսաղեմի մէջ գտնուող բոլոր սրբավայրերու «Status Quo»ի պահպանման կարեւորութիւնը եւ հրատապ նկատուած «պաղեստին-իսրայէլական հակամարտութեանը կայուն եւ համապարփակ լուծում գտնելու անհրաժեշտութիւնը, հողի մը վրայ, որ կոչուած է ըլլալու ժողովուրդներու միջեւ արդարութեան, խաղաղութեան եւ հաշտութեան հող»։

Հաղորդագրութիւնը կ’եզրափակուի առ Աստուած խնդրանքով՝ «ներշնչել աշխարհի առաջնորդներուն խաղաղութիւն եւ ներդաշնակութիւն հաստատելու իրենց ջանքերու մէջ, որպէսզի Երուսաղեմը ըլլայ բոլոր ժողովուրդներու համար աղօթքի տուն»։

Բացի այդ, Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքարանը կը տեղեկացնէ, որ բռնկուած հակամարտութեան պատճառաւ անորոշ ժամանակով յետաձգուած են Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարք` Գերերջանիկ Փիերպաթթիսթա Փիցապալլային՝ որպէս նորանշանակ կարդինալ ընդունելու նպատակով նախատեսուած բոլոր արարողութիւնները:

Իսրայէլի պատասխանը՝ օրինական ինքնապաշտպանութիւն է․ Սուրբ Աթոռի մօտ դեսպանատուն

Նշենք նաեւ, որ 7 Հոկտեմբերի երեկոյեան յայտարարութիւն տարածած է նմանապէս Սուրբ Աթոռի մօտ Իսրայէլի դեսպանատունը, որուն մէջ կը հաստատուի, որ «Իսրայէլը պատերազմի մէջ է», եւ կը շեշտուի, որ այնպիսի իրավիճակի մը մէջ, երբ «տասնեակ իսրայէլացի խաղաղ բնակիչներ սպաննուած են ՀԱՄԱՍ-ի և «Իսլամական ժիհատի» զինեալներու կողմէ սարսափելի պատերազմական յանցագործութեան ծիրէն ներս», «պախարակելի է լեզուական երկիմաստ եւ կեղծ համաչափութիւն ակնարկող եզրոյթներու օգտագործումը»։ Յայտարարութեան մէջ, կը պնդուի, որ «Իսրայէլի պատասխանն այս պայմաններու մէջ կարելի չէ որակել այլ բան, քան ինքնապաշտպանութեան իրաւունք»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/10/2023, 09:41