Որոնել

2020.03.21 Bibbia candela

Աղօթք խաղաղութեան համար. Սուրբ Երկրին մէջ չտեսնուած ողբերգութիւն. Կարդինալ Փիցցապալլա

Ասսիզին կը պատրաստուի յառաջիկայ 27 հոկտեմբերին ապրելու Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կամքով 37 տարիներ առաջ սկիզբ առած «Ասսիզիի հոգին», կազմակերպելով տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներուն հետ միասին աղօթքի հաւաքը, ճիշտ այն օրը` զոր Ֆրանչիսկոս Պապը որոշեց նուիրել աշխարհի ու յատկապէս Սուրբ Երկրի խաղաղութեան համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իտալիոյ եւ աշխարհի մէջ կը կրկնապատկուին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան համար աղօթքները ի տես անցեալ 7 հոկտեմբերին բռնկած հակամարտութեան, որ անգամ մը եւս ի յայտ դրաւ ոխի ու ատելութեան դրսեւորումներ, բռնութիւն ու կործանում, որուն զոհը դարձան բազմաթիւ անմեղ քաղաքացիներ։

Անցեալ 18 հոկտեմբերին Իտալիոյ Քոմօ քաղաքի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ կայացած աղօթքի երեկոյթի մը ընթացքին Քաղաքին եպիսկոպոսը` Կարդինալ Օսքար Քանթոնի հաստատեց` որ «հաշտութեան ճանապարհը երկար է, բայց անիկա կը մնայ միակ իրագործելի ճանապարհը»։ Աղօթքին առիթով ցուցադրուեցաւ նաեւ Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարք Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլային լսատեսողական պատգամը, որուն մէջ Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց աղօթքներուն համար ապա ակնարկեց ապրուած` «չտեսնուած բռնութեամբ ու ատելութեամբ լի ողբերգական օրերուն», հուսկ նշեց թէ` «դժուարութեան պահերուն մենք կարիքն ունինք մէկու մը, որ մեզի մօտիկ ըլլայ, եւ ասոր համար է, որ կ՛ուզենք աղօթել, որպէսզի Աստուած, որ մեր կեանքին մէջ իսկական ներկայութիւն մըն է, ըլլայ մեզի մօտիկ»։

Ասսիզիի հոգին

Աղօթքի ձեռնարկներու շարքին` յառաջիկայ 27 հոկտեմբերին Ասսիզիի մէջ կազմակերպուած է ժողովուրդներու միջեւ հաշտութեան ու խաղաղութեան համար աղօթքի հաւաքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն այլ կրօններու պատկան ներկայացուցիչներ։ Օրը կը զուգադիպի Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հռչակուած խաղաղութեան համար աղօթքի ու ծոմապահութեան օրուան, ու կը յիշատակէ` 37 տարիներ առաջ, նոյն օրը, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կողմէ կազմակերպուած Ասսիզիի մէջ տեղի ունեցած պատմական միջկրօնական աղօթքի օրը։

Միջկրօնական աղօթքը տեղի պիտի ունենայ «Սանթա Մարիա Տէյլի Անճելի» Եկեղեցւոյ «Փորցիունքոլայի» սրահէն ներս, կապ հաստատելով նաեւ Սուրբ Պետրոս հրապարակին հետ, ուր Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ տեղի պիտի ունենայ Աշխարհի խաղաղութեան համար աղօթքը։

Շաբաթ 28 հոկտեմբերին նախատեսուած է նաեւ գիտաժողով` նուիրուած «Կրօնները կարո՞ղ են պատերազմը կասեցնել» նիւթին։ Իսկ Կիրակի 29 հոկտեմբերին Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Պազիլիքային մէջ տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Պատարագ` նախագահութեամբ տեղւոյն Եպիսկոպոս Տոմենիքօ Սորրենթինոյի։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2023, 09:30