Որոնել

Rally held for the end of the blockade of the Republic of Artsakh, in Sydney

ԱՄՆ-ի եպիսկոպոսներու միջազգային կոմիտէի նախագահին կոչը դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը

«հակամարտութեան շարունակուող փակուղիի եւ շրջափակման աճող հետեւանքներուն ի տես, եկէք բոլորս մէկ մտքով եւ մէկ հոգիով աղօթենք այս հակամարտութենէն տառապողներուն համար, որպէսզի տեսնենք մարդասիրական այս աղէտին աւարտը ու հակամարտութեան խաղաղ ճանապարհով լուծումը» գրած է Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի միջազգային արդարութեան եւ խաղաղութեան յանձնաժողովի նախագահը իր կոչի աւարտին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի միջազգային արդարութեան եւ խաղաղութեան յանձնաժողովի նախագահ, Գերապայծառ David J. Malloy of Rockford կոչ յղած է խաղաղ կերպով դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը։

ԱՄՆ-ի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի պաշտօնական կայքէջին վրայ հրատարակուած յայտարարութեան մը մէջ, Գերապ. David J. Malloy of Rockford յիշելով 2022 դեկտեմբերէն ի վեր Ազրպէյճանի կողմէ լաչինի միջանցքի արգելափակումը որ «կործանարար ազդեցութիւն ունի 120,000, հիմնականին մէջ, հայ քրիստոնեայ բնակչութեան վրայ» ու ակնարկելով սնունդի, դեղորայքի և բժշկական պարագաներու, վառելանիւթի, ելեկտրականութեան մատակարարման ահռելի պակասին, գրած է. «Կը շարունակենք աղօթել պատերազմի աւարտին եւ մարդասիրական աճող ճգնաժամին համար։ Նորին Սրբութեան 2016 թուականին երկու առաքելական այցելութիւններ հարաւային Կովկասի մէջ ինչպէս նաեւ ընթացիկ տարուան սկիզբը Անոր յղած կոչը՝ Լաչինի միջանցքի մարդասիրական ծանր ճգնաժամին համար, կ՛արտացոլեն խաղաղ լուծման համար մեր մեծ յոյսը»։

Ակնարկելով հուսկ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի յուլիս ամսոյն ընթացքին հայաստան եւ Ազրպէյճան տուած այցելութիւններուն ընդգծած է, թէ անոնք «վկայութիւն են խաղաղութեան ձգտումի Սուրբ Աթոռի ջանքերուն»։

«Հակամարտութեան շարունակուող փակուղիի եւ շրջափակման աճող հետեւանքներուն ի տես, եկէք բոլորս մէկ մտքով եւ մէկ հոգիով աղօթենք այս հակամարտութենէն տառապողներուն համար, որպէսզի տեսնենք մարդասիրական այս աղէտին աւարտը ու հակամարտութեան խաղաղ ճանապարհով լուծումը» գրած է Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի միջազգային արդարութեան եւ խաղաղութեան յանձնաժողովի նախագահը իր կոչի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2023, 12:56