Որոնել

2022.10.27 Napoli, i mosaici del Battistero di San Giovanni in Fonte

Մտաւորական Կաթողիկոսներ եւ հոգեւորականներ` լուսարձակի տակ։ ՅԱԿՈԲ ՔՌՆԵՑԻ (ԺԳ. ԴԱՐ _ԺԴ. ԴԱՐ) - Բ մաս

Հաղորդաշար (9) նուիրուած Միջնադարեան Հայաստանի հոգեւոր պատմութեան մէջ իրենց նշանակալի աւանդը բերած մտաւորական-Կաթողիկոսներուն եւ հոգեւորականներուն։ Հաղորդաշարը պատրաստած են` Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեան
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Մարաղայի լատին Եպիսկոպոս Բարթուղիմէոս 1330-ին, կը տեղափոխուի Քռնայ: Ան գիտուն եւ կարող Եպիսկոպոս էր: Ան կրօնական ուսմանց կը միացնէր բնագիտական եւ աստղագիտական հմտութիւններ ալ: Քռնայի մէջ ստեղծուած հայ միարարական միաբանութեան մասնակցած՝ հայ եւ եւրոպացի վարդապետներու կողքին, իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Յակոբ Քռնացին: Ան ազդեցիկ դիրք ունէր Քռնայի դպրոցի ծաղկմանն ու բարգաւաճմանը գործառոյթին մէջ: Ան այստեղ թարգմանչական, ինչպէս եւ հեղինակային աշխատութիւններ ստորագրեց, որոնցմէ կարեւորագոյններէն՝ «Գիրք վեցից սկզբանց», «Համառօտ հաւաքումն աստուածաբանական ճշմարտութեան», «Գիրք դատաստանաց հաւաքեալ ըստ կանոնաց Եկեղեցւոյ Հռովմա», «Համառօտ վերլուծութիւն ստորագրութեանցն Արիստոտէլի», «Վերլուծութիւն ի վերայ գրոցն, որ կոչի Պերիարմենիաս», «Համառօտ հաւաքումն ի վերայ ներածութեան Պորփիւրի» երկերու թարգմանութիւնը եւ շատ այլ գործեր:

Քռնայի միարարական շարժման ներկայացուցիչ Հայրերը, Հայոց գանձարանը հարստացուցած են, ծիսական մատեաններով՝ պատարագամատոյց, ժամագիրք, ժամուց գիրք, դաւանաբանական գործերով, աղօթագիրքերով, կանոններով եւ այլն: Անոնց ջանքերով ստեղծուած են նաեւ քարոզի գիրքեր, դատաստանագրքեր, աստուածաբանական մեկնութիւններ, իմաստասիրական եւ բնագիտական երկեր: Հայերէնի թարգմանուած աստուածաբանական, ծիսական, պատմական եւ իմաստասիրական այս երկերը, որոնք ստեղծուած էին միարարական միջավայրի մէջ, պիտի ծառայէին կաթողիկէադաւան հայ եկեղեցականներուն եւ համայնքին: Սակայն ասոնք շուտով դուրս գալով կաթողիկէ նեղ շրջանակներէն, տարածուեցան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ գիտական եւ ուսումնական կեդրոնները: Հայոց հոգեւոր բարձրաստիճան դասը, մեծ ուշադրութիւն ցուցաբերեց այդ երկերուն հանդէպ, պատճառը՝ նախ արեւմտեան աշխարհի հոգեւոր եկեղեցական դրուածքի եւ աստուածաբանական իմացաբանութեան հանդէպ ունեցած հետաքրքրութիւնն էր, որոնց ծանօթ չէր հայ հոգեւորականութիւնը, իսկ ամենակարեւորը, այդ երկերուն մէջ ամփոփուած էին հնագոյն աշխարհէն ժառանգուած այն գիտելիքները, որոնք կը վերաբերէին յունական-հելլենական մշակոյթին, արաբական, հրէական թարգմանութիւններուն, լատինական կրօնական գրականութեան, որոնք ԺԲ. եւ ԺԳ. դարերուն, Եւրոպան ամբարած էր իր եկեղեցական հայրերու կողմէ:

Այս բոլոր նոր տեղեկութիւնները կը հաղորդէին հին յունական իմաստասէրներու, ինչպէս նաեւ մարդու ծագման, տիեզերքի կառուցուածքի եւ զանազան բնագիտական հարցերու շուրջ:

Արդեօ՞ք միջնադարուն հայ միարարներու կատարած մշակութային դրական դերակատարութիւնը ուրանալ կարելի է: Անոնց ժառանգած աւանդը միջնադարեան մեր մտածողներուն համար ուսանելի աղբիւրներ հանդիսացան: Անոնք շարժեցին հայ եկեղեցական ինքնապարփակ մտածելակերպը եւ հակադրեցին հայ հոգեւորականներուն եւս հասկնալու, որ միայն յունական լեզուն եւ մշակոյթը ժամանակակից մտաւոր շարժման հետ քայլ պահելու համար բաւարար չէր, այլ՝ անհրաժեշտ էր իմանալ նաեւ լատինական մշակոյթը եւ իւրացնել անոր դրական կողմերը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2023, 08:02