Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Կաթողիկոսի յանդիմանական նամակը դաւանափոխի մը – Ա. Մաս

Հաղորդաշար (29) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ. Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

«­Նա­մակ Կոս­տանդ­նու­պո­լիս գտ­նուող Պօ­ղոս անու­նով Կի­լի­կեան Տար­սո­նա­ցի հա­յազ­գի քա­հա­նային, որ հոն գա­ցած հո­ռոմ դար­ձած էր եւ մեր ազ­գը կը բամ­բա­սէր, Կիւռ Մա­նուէլ թա­գա­ւո­րին ժա­մա­նակ, երբ Հայե­րը Յոյ­նե­րու հետ կը պատ­րաս­տուէին միաբա­նիլ. իսկ ան գրեց Տէր Ներ­սէ­սին՝ չք­մե­ղանք­ներ ընե­լով իր պատ­ճա­ռած վնա­սին»։

­Ձե­ռա­գիր­նե­րու մէջ պահ­պա­նուած այս վեր­նա­գի­րը Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լիի նա­մա­կին վե­րա­բե­րեալ բո­լոր պատ­մա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը մե­զի կը փո­խան­ցէ։ Մեր ձեռ­քը կի­սատ հա­սած կարճ նա­մակ մըն է, խո­րա­թա­փանց, սրա­միտ, բարձր հո­գե­կա­նու­թեամբ եւ միաժա­մա­նակ աչալր­ջու­թեամբ օծուն՝ մե­զի կը փո­խան­ցէ լու­սա­շող պատ­կե­րը հայ­րե­նի աւան­դու­թիւն­նե­րուն նա­խան­ձախն­դիր հո­վուա­պե­տին, որ ոգի ի բռին Հայ եկե­ղեց­ւոյ պաշտ­պան ու ջա­տա­գով կը կանգ­նի եւ կը յան­դի­մա­նէ հայ­րե­նադ­րուժ դա­սա­լիք­նե­րը։

­Նա­մա­կի յա­ռա­ջա­բա­նէն եւ վեր­ջա­բա­նէն կ՚ի­մա­նանք որ Պօ­ղոս անու­նով հո­գե­ւո­րա­կան մը իր ընդ­դի­մա­խօս­նե­րուն դէմ չք­մե­ղա­կան նա­մակ գրած է Ներ­սէս Դ. Կա­թո­ղի­կո­սին, միաժա­մա­նակ յոյ­նե­րու ար­քու­նի ատեան բո­ղո­քե­լով՝ թէ Հռոմկ­լայէն իր Սա­մուէլ ըն­կե­րոջ հաս­ցէագ­րուած նա­մակ մը զինք որ­պէս աղան­դա­պետ սա­մոս­տա­ցի կո­չած ըլ­լայ։­

Այս նա­մա­կը գրուած է երբ Շնոր­հա­լի Հայ­րա­պե­տը յոյ­նե­րու հետ երկ­խօ­սու­թիւն սկ­սած էր եւ կայս­րին հետ նա­մակ­ցե­լով կը փոր­ձէր հաշ­տու­թեան եզ­րեր գտ­նել եւ վե­րաց­նել բա­ժա­նու­մի պա­տուա­րը՝ Քրիս­տո­սի սի­րով փո­խըմբռն­ման եւ զի­ջու­մի պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ, առանց եր­բեք զո­հե­լու հայ­րե­նի աւ­ա­նդու­թիւն­նե­րը։­

Այս ամ­բաս­տա­նագ­րին կը պա­տաս­խա­նէ հռե­տո­րա­կան վեհ եւ նուրբ ոճով ըմ­բե­րա­նե­լով հա­կա­ռա­կոր­դը, քմ­ծի­ծա­ղով ու հեգ­նան­քով գրե­լով. «Կար­դա­ցի մեր առ­ջեւ քեզ ամ­բաս­տա­նող­նե­րուն հա­կա­դար­ձող՝ վեհ Պօ­ղո­սի հա­մա­նու­նիդ եւ քա­ղա­քակ­ցիդ նա­մա­կը. երա­նի՛ թէ գոր­ծա­կից ալ ըլ­լայիր Քրիս­տոսն աւե­տա­րա­նո­ղին եւ Անոր չար­չա­րանք­նե­րուն պա­կա­սը իր մարմ­նին մէջ կրո­ղին»։

Շ­նոր­հա­լի կը նկա­րագ­րէ թէ ինչ­պէս քսու դա­ւա­նա­փոխ­ներ յոյ­նե­րուն հա­ճո­յա­նա­լու հա­մար հայ­րե­նի աւան­դու­թիւն­նե­րը ստայօդ բամ­բա­սանք­նե­րով կը վար­կա­բե­կէին, «ինչ­պէս նա­խա­պէս մեզ­մէ ան­ջա­տուած­նե­րէն շա­տեր ըրին» - կը գրէ, եւ որոշ ժա­մա­նակ մը ետք վե­րա­դառ­նա­լով հայ­րե­նի եր­կիր, յոյ­նե­րու մա­սին կը չա­րա­խօ­սէին, պատ­մե­լով «այն ինչ որ ոչ թէ կա­տա­րեալ­նե­րուն՝ այլ թե­րեւս ան­պի­տան­նե­րուն մօտ տե­սան եւ լսե­ցին»։ Այս քսու չա­րա­խօս­նե­րու պատ­ճա­ռով, կը գրէ Հայ­րա­պե­տը, «այս­պի­սի սեր­մե­րը աճե­լով եւ պտ­ղա­բե­րե­լով՝ մեր եր­կու ազ­գին մէջ այս­քան խա­ւար ատե­լու­թիւն» առա­ջա­ցու­ցին։­

Այս վեր­լու­ծա­կան եզ­րա­կա­ցու­թեան տխուր շեշ­տէն կա­րե­լի է հասկ­նալ քրիս­տո­սա­սէր Կա­թո­ղի­կո­սի վիշ­տը՝ եր­կու քրիս­տո­նեայ ազ­գե­րու պա­ռակ­տու­մին հա­մար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2023, 08:00