Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Կաթողիկոսի մխիթարական նամակը որդեկորոյս իշխանի մը

Հաղորդաշար (28) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ. Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այս աշ­խար­հի տա­րա­տե­սակ ցա­ւե­րէն ո՛ր մէ­կը կր­նայ հա­մե­մա­տուիլ որ­դե­կո­րոյս ծնո­ղի մոր­մո­քող սր­տի կս­կի­ծին... Ո՞ր մխի­թա­րա­կան խօս­քը կր­նայ թա­փան­ցել եւ ամո­քել վար­դա­բոյր ման­կիկ մը կորսն­ցու­ցած մար­դու ցա­ւա­տանջ սիր­տը։­

Ա­րե­ւել­քէն Հռոմկ­լայ ժա­մա­նած նա­մակ մը, կամ վշ­տա­կիր մար­դիկ հա­ղոր­դած պէտք է ըլ­լան այս ան­տա­նե­լի վշ­տի մա­սին, եւ Սուրբ Ներ­սէս Շնոր­հա­լի Հայ­րա­պե­տը, գթա­սիրտ հօր մը պէս, նուի­րեալ բժիշ­կի մը նման կը փու­թայ օգ­տա­կար սպե­ղա­նին մա­տա­կա­րա­րել։ Մխի­թա­րա­կան նա­մակ մը կ՚ուղ­ղէ արե­ւե­լեան, այ­սինքն Մեծ Հայ­քի իշ­խան­նե­րէն մէ­կուն, որու անու­նը անյայտ կը մնայ մե­զի։

«­Թուղթ մխի­թա­րա­կան առ ոմն իշ­խան արե­ւե­լեան վասն որդ­ւոյ իւ­րոյ տա­րա­ժամ մե­ռե­լոյ». Կա­թո­ղի­կո­սա­կան պաշ­տօ­նա­կան նա­մակ մը չէ, այլ եր­կու ու­թո­տեան մա­սէ բաղ­կա­ցած 58 տո­ղա­նի չա­փա­ծոյ գրու­թիւն մըն է, որու իւ­րա­քան­չիւր տո­ղը կը սկ­սի այ­բու­բե­նի տա­ռով մը։ Տա­ռե­րու աւար­տին՝ մնա­ցած 22 տո­ղե­րու ծայ­րա­կա­պը կը կազ­մէ «Ներ­սե­սի է Կա­թո­ղի­կո­սի Հաոց»[1] նա­խա­դա­սու­թիւ­նը, կար­ծէք ասով Շնոր­հա­լի ու­զած ըլ­լայ ստո­րագ­րել իր գրու­թիւ­նը։

Ա­ռա­ջին քա­ռեակին մէջ Ս. Ներ­սէս իրա­պաշ­տօ­րէն կը ներ­կա­յաց­նէ որ աս­տուա­ծային յոյսն ան­տե­սա­նե­լի է մար­դուն, եւ միայն հա­ւատքն է որ կր­նայ բա­նալ մար­դու աչ­քե­րը՝ հայեաց­քը նիւ­թա­կա­նէն կտ­րե­լով՝ երկ­նայի­նին բարձ­րաց­նե­լու, եւ գործ­նա­կա­նօ­րէն հոն գան­ձեր կու­տա­կե­լու, ուր ոչ սուգ, ոչ ալ տրտ­մու­թիւն կր­նայ հա­մա­կել մար­դու հո­գին։ Հե­տե­ւա­բար, Շնոր­հա­լի կը յոր­դո­րէ իշ­խա­նին ըսե­լով. «Դուն ալ եթէ մեղ­քի մթագ­նող մէ­գը մաք­րես հո­գիիդ բի­բէն՝ այ­լեւս դառ­նակս­կիծ չես ող­բար քու սի­րե­լի մա­նուկ տղադ, տես­նե­լով զինք... հրեշ­տակ­նե­րու ին­նը դա­սե­րուն հետ... Հօր գիր­կը... եւ եղ­բայ­րա­ցած՝ Հօր Միած­նին՝ աշ­խար­հի Լոյ­սին»։

Հայ­րա­պե­տը կը յի­շէ Հին կտա­կա­րա­նի օրի­նակ­նե­րը, ուր լա­ւա­գոյն կեան­քի տե­սիլ­քով մա­հը կը դի­մագ­րա­ւեն, ինչ­պէս Աբէ­լը՝ որ առա­ջին մեռ­նող զա­ւա­կը եղաւ, կամ Աբ­րա­հա­մը որ յանձն առաւ իր զա­ւա­կը նուի­րել զինք նուի­րո­ղին, եւ կամ Բա­բե­լո­նի հնոց նե­տուած երեք մա­նուկ­նե­րը, եւ Մա­կա­բայե­ցի եօթ եղ­բայր­նե­րը՝ իրենց մօր Շա­մու­նի հետ։ Ապա կը յի­շեց­նէ որ Քրիս­տոս ալ մե­ռաւ եւ իր յա­րու­թեամբ ան­մա­հու­թիւն պար­գե­ւեց բո­լո­րին, նոյ­նիսկ չա­րե­րուն՝ ան­շէջ կրա­կին, ան­վերջ որ­դե­րուն ճա­րակ դառ­նա­լու հա­մար։ «Ան­մեղ տղուդ հա­մար ոչ թէ լաց ու հա­ռա­չանք պէտք է, այլ ու­րա­խու­թեան վայել­չա­գեղ երգ։ Ուս­տի տխ­րա­կան սեւ զգեստդ հա­նէ՛ վրայէդ։ Վերջ տուէք տրտ­մա­կան պոռթ­կում­նե­րուն, դառն ար­ցունք­նե­րուն եւ կա­կան­նե­րուն... գիտ­ցէք որ դա­գա­ղի մէջ դրուած հիւ­ծած մարմ­նին հո­գին՝ երկ­նային խո­րան­նե­րու մէջ է եւ փառ­քով կը փայ­լի ար­քա­յու­թեան մէջ եւ արե­գա­կի պէս պի­տի ծա­գի»։­

Այս­տեղ կ՚ա­ւար­տին այ­բու­բե­նի 36 տո­ղե­րը, եւ Շնոր­հա­լի գրա­ծը բա­ւա­րար չհա­մա­րե­լով, եւս 22 տող կ՚ա­ւելց­նէ, ուր կը մխի­թա­րէ իշ­խա­նը, կը քա­ջա­լե­րէ հա­ւատ­քով եւ լիայոյս նայիլ սուր­բե­րու դա­սին մէջ իր որ­դիին, որ­պէս­զի «սր­տիդ վառ կրա­կը՝ փո­խուի զուար­թա­րար ցօ­ղի»։ Շնոր­հա­լի կը յի­շէ Քրիս­տո­սի ար­տա­սու­քը Ղա­զա­րո­սի հա­մար, եւ Հ. Ղե­ւոնդ Ալի­շան կը գրէ թէ հա­ւա­նա­բար Հայ­րա­պետն ալ քա­նի մը կա­թիլ ար­ցու­քով կն­քած ըլ­լայ իր նա­մա­կը, որ կ՚ա­ւար­տէ վեր­ջին դա­տաս­տա­նի պատ­կե­րով, իշ­խա­նին յանձ­նա­րա­րե­լով. «Մեր­կա­ցիր տրտ­մա­րար զգես­տը՝ Ղա­զա­րո­սի պա­տան­քին պէս... եւ Յի­սուս՝ երկ­նա­գու­մար մեծ օրը՝ տի­րա­բար ձե­զի ցոյց տայ ձեր որ­դին՝ գե­րա­զանց փառ­քի մէջ, եւ իր հետ միասին օրհ­նէք Տէրն ան­դա­դար»։

 

[1] Այսպէս է բնագրին մէջ. կը պակսի «Յ»-ով սկսող տողը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2023, 08:00