Որոնել

2023.05.31 Cardinal Gregorio Pietro XV Agagianian

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (38)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի Վատիկանեան Բ. Ժողովի բերած մասնակցութեան:

ԼԸ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի Վատիկանեան Բ. Ժողովի բերած մասնակցութեան:

 

11 Հոկտեմբեր 1962-ին, Հռոմի մէջ բացուեցաւ Ս. Եկեղեցւոյ ամէնէն մեծղի տիեզերական ժողովը, որ պատմութեան կ'անցնի իբրեւ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողով: Իսկապէս ամենէն կարեւոր ժողովներէն կը համարուի, եթէ նկատի առնենք մասնակցող շուրջ 2800 եպիսկոպոսներու թիւը, աշխարհի բոլոր երկիրներէն, մէջն ըլլալով բազմաթիւ համայնավար երկիրներ: Վատիկանեան Բ. Ժողովին առաջին նստաշրջանը տեղի կ'ունենայ 11 Հոկտեմբեր 1962 մինչեւ 8 Դեկտեմբեր 1962: Բ. Նստաշրջանը՝ 29 Սեպտեմբերէն մինչեւ 2 Դեկտեմբեր 1963: Իսկ Գ. Նստաշրջանը՝ 14 Սեպտեմբերէն մինչեւ 21 Նոյենբեր 1964:

Այս ժողովին մեծ փայլք կու տային Արեւելքցի Պատրիարքներու և Եպիսկոպոսներու ներկայութիւնը, իրենց Նուիրապետութիւններու գրեթէ բոլոր անդամներուն հետ: Հայ ազգը կրնար պարծենալ հայազգի ամենամեծ ու երեւելի ներկայացուցիչ՝ Կարդինալ Աղաճանեանի անձով, որ սոյն ժողովին ամենէն աչքառու դէմքերէն էր, իբրեւ Մեծաւոր Հաւատոյ Տարածման Ս. Ժողովին, և որուն իրաւասութեան տակ կը գտնուէին ժողովական Հայրերուն մէկ քառորդը, այսինքն՝ 700 Եպիսկոպոս և Վիճակաւոր:

Արդարեւ, Վատիկանեան Բ. Ժողովի նիստերուն նախագահութիւնը կ'ապահովէին չորս պատուիրակ Կարդինալներ, որոնցմէ մին Աղաճանեանն էր, որ ըստ վկայութեանց՝ նախագահած է ժողովի բազմաթիւ նիստերուն:

Յովհաննէս ԻԳ. Պապին յաջորդ՝ նորընտիր Պօղոս Զ. Քահանայապետը Վատիկանի Բ. Ժողովի ատենավար նշանակած էր Կարդինալ Աղաճանեանը: Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Նուիրապետութիւնը ներկայ էր իր գահակալով, յանձինս՝ Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեանի:

Յիշատակութեան արժանի է թէ Պօղոս Զ. Քահանայապետին հետ Հ. Կ. Նուիրապետութիւնը հանդիպումի մը ընթացքին՝ Սրբազան Քահանայապետը հիացումով արտայայտուած է Կարդինալ Աղաճանեանի մասին, ըսելով. «Զայն Տիեզերական Ժողովի չորս վարիչներէն մին կարգելով ուզեցինք մասնաւոր կերպով ցոյց տալ մեր սէրը հայ ազգին հանդէպ»: Այնուհետեւ բարձրօրէն գնահած է մարտիրոս հայ ազգը, գոված անոր աշխատունակ, ժիր և խելացի զաւակները, որոնց ներկայացուցիչները յանձինս՝ Հայ Հայրապետներու կը տեսէ ահաւասիկ իր շուրջ բոլորուած:

Վատիկանեան Բ. այս ժողովին կը մասնակցէին նաեւ դիտողի հանգամանքով՝ մօտ քառասուն պաշտօնական պատուիրականներ, Հայ Առաքելական, Ռուս Օրդոտոքս և զանազան Աւետարանական կարեւորագոյն Եկեղեցիներ: Առ ի գիտութիւն՝ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ քսան ու մէկ տիեզերական ժողովներ գումարուած են, որոնցմէ առաջինը տեղի ունեցած է Նիկիոյ մէջ 325-ին, Կոստանդիանոս կայսեր օրոք, և որուն յայտնապէս մասնակցած են Հայերը, յանձին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի որդւոյն Ս. Արիստակէս Հայրապետին:

Հարկ է յիշել թէ Տիեզերական ժողովներուն մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ Տրիդենտեան Տիեզերական ժողովը, որ տեւած է քսան տարի (1546-1564): Տրիդենտեան  ժողովը հաւաքած է 250 եպիսկոպոսէ աւելի, և հանդիսացած է իսկական անկիւնաքար մը մեր օրերու եկեղեցիներու կեանքին համար և անոր աշխատանքները մշտատեւ ներշնչումի աղբիւր եղած են մինչեւ այսօր: Այնուհետեւ, Հռոմի մէջ 1870-ին գումարուած էր Վատիկանեան Ա. Տիեզերաժողովը, որ ընդհատուած էր Հռոմի գրաւումով՝ Իտալական բանակի կողմէ, 800 եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ եղած էր իսկապէս ամէնէն տիեզերականը՝ ներկայացուած ազգերու թիւով:

Այսօր եւս, Եկեղեցին կը քալէ Վատիկանեան տիեզերական Բ. Ժողովին կողմէ գծած ճանապարհին վրայ, որ աւելի հովուական, աւելի արդար եւ աւելի սրտաբաց Եկեղեցի մը կ'ընդգծէ մեզի։ Այլ խօսքով, Վատիկանեան Բ. Ժողովը ո՛չ թէ արդիականացում բերաւ Եկեղեցւոյ, այլ՝ վերադարձ դէպի արմատները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2023, 07:59