Որոնել

2023.09.01 Il Patriarca Minassian visita il capo della chiesa armena evangelica di Aleppo

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Պատրիարքն այցը Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին

Պատրիարք Հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Համայնքապետ Վերապատուելի` Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին, հոգեւոր հովիւներու եւ համայնքի ներկայացուցիչներուն կողմէ։
Ունկնդրէ լուրը
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Պատրիարքն այցը Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Պատրիարքն այցը Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին

Չորեքշաբթի, 30 Օգոստոս 2023-ի յետմիջօրէին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Պատրիարք Հայրը, Հալէպ կատարած հովուապետական իր այցելութեան ընթացքին, այցելութիւն մը տուաւ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին, ընկերակցութեամբ՝ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, եպիսկոպոս հայրերու եւ քահանայ հայրերու։

Պատրիարք Հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Համայնքապետ Վերապատուելիին, հոգեւոր հովիւներու եւ համայնքի ներկայացուցիչներուն կողմէ։

Պատրիարք Հօր կ'ընկերակցէր Առաջնորդ Սրբազան Հայրեր, որոնք ժամանած էին Յունաստանէն, Եգիպտոսէն եւ Լիբանանէն:

Մուտքին պաշտօնական ընդունելութիւն կատարուեցաւ աղ ու հացի աւանդական օրհնութեամբ, ջանիցական երիտասարդներու եւ Հայ Աւետ. Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի երկու աշակերտներու տարազաւոր ներկայութեամբ։

Հայ Աւետ. Բեթէլ եկեղեցիին մէջ հիւրերը դիմաւորուեցան ժողուրդին "Փառք ու Պատիւ" յոտնկայս երգեցողութեամբ։

Համայնքապետ Վերապատուելին ուրախութիւնը յայտնեց եզակի այցելութեան համար, որ տեղի ունեցաւ յատուկ ժամանակի եւ վիճակի մէջ՝ ըլլալով Աստուծոյ ամբողջական կամքի շրջագիծէն ներս։ Վերապատուելին ըսաւ, որ Պատրիարք Հօր ներկայութիւնը վայելչութիւն աւելցուց մեր ժողովուրդին, ոգեւորեց եւ յոյս ներշնչեց, ինչպէս նաեւ մաղթեց որ անոր ներկայութիւնը տիրող դժուարութիւններուն դիմաց կարողականութիւնը սրող եւ ամրագրող ըլլայ։

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Պատրիարքն այցը Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Պատրիարքն այցը Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին

Վերապատուելին անդրադառնալով երեք հայ համայնքներու փոխգործակցութեան ըսաւ, որ Աստուծոյ մեզի տուած պարգեւները հասարակութեան բարօրութեան խնդիր ի սպաս օգտագործելը սորված ենք Տէր Յիսուս Քրիստոսի անձէն եւ պիտի շարունակենք ի գործ դնել յանուն մեր ազգի բարօրութեան։

Թող սոյն այցելութիւնը Աստուածային օրհնութեամբ իր հետ բերէ խաղաղութիւնը մեր ժողովուրդին, դառնալով բարի կամեցողութեան դեսպանը, որով պիտի շարունակուին ձեր եկեղեցական, ազգային ու մարդկային առաքելութիւնը ժողովուրդներու բարօրութեան եւ համակեցութեան համար։

Այնուհետեւ այցելութեան ուրախ առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը։ Ան փառք տալով Աստուծոյ իր ուրախութիւնն ու եղբայրական սէրը յայտնեց Համայնքապետ Վերապատուելիին, հոգեւոր հովիւներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Պատրիարք Հայրը մեծապէս գնահատեց Հալէպի համայնքապետներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան ոգին, յատկապէս հալէպահայ երեք համայնքապետերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրսիրութիւնն ու աշխատանքի կորովը, մաղթելով որ առաւել գործակցութեամբ շարունակուի հայ ժողովուրդի ընդհանրական շահերուն համար տարուող նուիրական աշխատանքը։

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Պատրիարքն այցը Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Պատրիարքն այցը Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին

Հոգեւոր Տէրը իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, Աստուած սէր է եւ սէրը զոհողութիւն է։

Հոգեւոր Տէրը իր բարեմաղթութիւնները փոխանցելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի յուշանուէրը նուիրեց Վերապատուելիին, մաղթելով, որ Ամենակալին օրհնութեամբ եւ պահպանութեամբ շարունակէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը:

Ապա Վերապատուելին ի յիշատակ սոյն այցելութեան, որպէս յուշանուէր արծաթեայ պնակ նուիրեց Պատրիարք Հօր, հայցելով Տէրոջմէն առողջութիւն, երկար կեանք եւ բարի ծառայութիւն։

Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքի հաւաքական երգեցողութեամբ եւ Պատրիարք Հօր առաքելական օրհնութեան փոխանցումով։

Յետ հանդիպումին, Պատրիարք Հայրը, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերապայծառ Տէրն ու Համայնքապետ Վերապատուելին Բեթէլ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող յուշակոթողին առջեւ ծաղկեմատոյց կատարեցին՝ ի յիշատակ Սուրիոյ եւ հայ նահատակներուն։

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Պատրիարքն այցը Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Պատրիարքն այցը Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին

Ապա այցելուները ուղղուեցան դէպի նորակառոյց համայնքապետարանը, շրջագայութիւն կատարեցին եւ դահլիճին մէջ հանդիպեցան համայնքի հոգեւոր, կրթական եւ բարեսիրական մարմիններուն պատասխանատուներուն հետ։ Դահլիճէն ներս ցուցադրուեցաւ համայնքի գործունէութեան մասին տեսերիզ մը։

Աւարտին Պատրիարք Հայրը իր օրհնութիւնը տուաւ ներկաներուն, որմէ ետք խմբանկարներով անմահացաւ սոյն այցելութիւնը։

Աղբիւրը` Հայ Աւետ. Բեթէլ եկեղեցի

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Պատրիարքն այցը Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Պատրիարքն այցը Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2023, 09:19