Որոնել

2019.04.08 simboli cristianesimo, Croce, cielo, sole, religione cristiana

Եկեղեցական գիտելիքներ - Բարեկենդան և ապա Պահք Ս. Խաչի տօնին (10_17 սեպտեմբեր 2023)

Շաբաթ օրը` 16 սեպտեմբեր, Նաւակատիքն է Սուրբ Խաչին. Նաւակատիքը շաբաթապահքի մը աւարտին` պահքի մեղմացումն է. Այն օրը կարելի է զոր օրինակ ձկնեղէն ու կաթնեղէն ուտել։
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 10 Սեպտեմբերին` կը սկսինք վերափոխման Դ. շաբաթը. Որ նաև Բարեկենդան է Ս. Խաչի տօնին: 

Կիրակի օրուայ աւետարանին մէջ,  ըստ  Մարկոսի (գլուխ 7, 31_ 37 համարներուն մէջ), կը կարդանք  Յիսուսի հրաշքը, որ է "բանալ խուլերու ականջները":  

Յիսուս  կը թողու Տիւրոսը և Սիդոնի ճամբով կը մեկնի դէպի Գալիլիոյ ծովին եզերքը, Դեկապոլսի շրջանէն անցնելով: 

Իրեն կը բերեն խուլ մը, որ նաև դժուարաւ կը խօսէր, աղաչելով որ Յիսուս  իր ձեռքը  վրան դնէ: Յիսուս  (կը կարդանք աւետարանին մէջ) խուլը  տարաւ ամբոխէն  հեռու,  մատները  խուլին ականջներուն մէջ դրաւ և թուքով լեզուին դպաւ: Յետոյ աչքերը երկինք  բարձրացնելով ըսաւ "Եփփաթա" որ կը նշանակէ բացուէ: 

Խուլին  ականջները  իսկոյն  բացուեցան, լեզուն քակուեցաւ և սկսաւ անթերի  խօսիլ: Յիսուս պատուիրեց անոնց որ մարդու մը բան չըսեն, սակայն որքան ան պատուիրէր, անոնք այնքան աւելի  կը հռչակէին: 

Անոնք զարմանքով  կ՜ըսէին. ՜՜Ամէն բան լաւ կ՜ընէ,  խուլերու լսել կու տայ,  և համրերու խօսիլ՝՝:

Բոլոր շաբաթը, երկուշաբթի օրէն մինչեւ Ուրբաթ,  պատրաստողական պահք մըն է Սուրբ Խաչի տօնին առթիւ։

Խաչվերացը, կամ Սուրբ Խաչի յաղթական վերադարձին տօնը, 5 տաղաւարներէն մին է հայկական տօնացոյցին. Այս պատճառաւ ալ կ՛ընդգրկէ պատրաստողական պահք եւ ապա` տօնէն ետք, նաեւ օր մեռելոց եւ տօնի շարունակութիւն, ամբողջ շաբաթ մը։

Շաբաթ օրը`  16 սեպտեմբեր, Նաւակատիքն է Սուրբ Խաչին.  Նաւակատիքը շաբաթապահքի մը աւարտին` պահքի մեղմացումն է. Այն օրը կարելի է զոր օրինակ ձկնեղէն ու կաթնեղէն ուտել։

Սակայն Նաւակատիք կը կոչուի նաեւ եկեղեցւոյ մը շինութեան աւարտին կատարուած հանդէսը. Ամէն տարի, նոյն եկեղեցւոյ կառուցման տարեդարձի օրը կը կոչենք մեր ծէսին մէջ Նաւակատիք։

Շաբաթապահքը եւ Նաւակատիքը նիւթական ու մարմնական պատրաստութիւններ են Սուրբ Խաչի մեծ տօնին, որուն պէտք է նաեւ պատրաստուիլ հոգեպէս, աղօթքով ու ապաշխարութեամբ։

Կիրակի 17 Սեպտեմբերը Խաչվերաց է. Տօն՝ Ս. Խաչի Վերացման. Տաղաւար տօն է։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2023, 08:02