Որոնել

2023.04.01 San Nerses Shnorhali

Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի մահուան 850րդ յոբելեանին նուիրուած տօնակատարութիւններ Վենետիկի մէջ (8-10 սեպտեմբեր 2023)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի մահուան 850 ամեակի յոբելինական տարուան առիթով Մխիթարեան միաբանութիւնը Հայոց Հայրապետի յիշատակը պանծացնող հանդիսութիւններ կազմակերպած է
Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի մահուան 850 ամեակի յոբելինական տարուան առիթով Մխիթարեան միաբանութիւնը Հայոց Հայրապետի յիշատակը պանծացնող հանդիսութիւններ կազմակերպած է եւ Վենետիկի ՀՀ Պատուոյ Հիւպատոսութեան աջակցութեամբ պիտի իրականացնէ հետեւեալ միջոցառումները։

Սեպտեմբերի 8-ին, երանուհի սուրբ կոյս Աստուածածնի ծննդեան եւ Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադրման օրը, Սուրբ Ղազարի եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի գոհաբանական սուրբ եւ անմահ Պատարագ։ Երգեցողութիւնը պիտի կատարէ Կոմիտաս վարդապետի բազմաձայն ներդաշնակութեամբ եւ «Սաղմոսերգու» երգչախումբի կատարումով, ղեկավարութեամբ երգչապետ Տիար Վահէ Բեգոյեանի:

Սեպտեմբեր 9-ին, երեկոյեան ժամը 6։00ին, «Սան Ճորճոյ Մաճճորէ» կղզիի վրայ Փալլատեան եկեղեցիի կամարներուն տակ պիտի հնչէ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի երաժշտական հարուստ ժառանգութիւնը ներկայացնող համերգը, ընդմիջուած Հայաստանի Հանրապետութեան Արուեստի վաստակաւոր գործիչ, արուեստագիտութեան վարդապետ, ուսուցչապետ Տիար Մհեր Նաւոյեանի բանախօսութեամբ:

Սեպտեմբեր 10-ին, երեկոյեան ժամը 5.30ին, Սուրբ Մարկոսի տաճարին մէջ հանդիսապետութեամբ Վենետիկի պատրիարք մոնսինիոր Փրանկիսկոս արքեպիսկոպոս Մորալիայի կը կայանայ ժամերգութիւն՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի հեղինակած արուեստի բացառիկ նմոյշ հանդիսացող երգերու ընկերակցութեամբ, «Սաղմոսերգու» երգչախումբի կատարումով:

Երգչախումբի մենակատարներն են՝

Սարգիս Մինասեան (բարձրերգակ - tenor)

Միքայէլ Գրիգորեան (բարձրերգակ - tenor)

Վարդան Թումանեան (բարձրերգակ - tenor)

Արէն Աւետեան (առնաձայն - baritone)

Արման Գրիգորեան (առնաձայն - baritone)

Արմէն Գրիգորեան (բամբ - basso)

Երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար՝ երգչապետ Տիար Վահէ Բեգոյեան:

Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը կը հայցենք բոլոր աջակիցներուն համար, մասնաւորապէս Վենետիկի ՀՀ Պատուոյ Հիւպատոս Տիար Գագիկ Սարուխանեանին եւ «ՄԵՆՔ» բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր Տիար Հայկ Գրիգորեանին, Ճորճիոյ Չինի հիմնադրամին, Վենետիկի Սուրբ Գէորգ Մեծագոյն տաճարի հոգաբարձութեան եւ տեղւոյն Բենեդիկտեան միաբանութեան, ինչպէս նաեւ Վենետիկի Ս. Մարկոս Տաճարի հոգաբարձութեան:

Աղբիւրը` Մխիթարեան Միաբանութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/09/2023, 08:32