Որոնել

77/a assemblea generale dei vescovi italiani

«Յաղթանակը խաղաղութիւնն է` մեր ուժը հաղորդութիւնն է». Կարդինալ Ծուփփի

«Իսկական վերջնական յաղթանակը կարելի կ՛ըլլայ, եթէ մենք բոլորս մեզ մարդ արարած պահենք՝ բառին բուն իմաստով։ Մնացած բոլոր յաղթանակները միայն մասնակի կամ երևակայական են և երբեք չեն հանգեցնէր իրական խաղաղութեան» - Քիեւ-Հալիչ Թեմին Աւագ Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Լուպոմիր Հուսար
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այս օրերուն եւ մինչեւ 13 սեպտեմբերին Հռոմի մէջ գումարուած է Ուքրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն սիւնհոդոսը, որուն որպէս զեկուցող իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ` Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին, որ իր ունեցած ելոյթի ընթացքին ընդգծեց երկու եկեղեցիներու միջեւ զօրեղ կապը, ի տես նաեւ այն իրականութեան թէ Իտալիոյ մէջ կը գործեն բազմաթիւ ուքրանացի քահանաներ։ Կապ` որ աւելիով ամրապնդուեցաւ հակամարտութեան առիթով դառնալով նաեւ զօրակցութեան ու շօշափելի մօտիկութեան արտայայտութիւն։

Հաղորդութիւն

«Մեր ուժը, ըսաւ Կարդինալ Ծուփփին, հաղորդութիւնն է» եւ ակնարկելով Ուքրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմութեան, որ յատկանշուած է նաեւ մարտիրոսներու դափած արիւնով, իր ցաւը արտայայտեց ուքրանացի ժողովուրդին կրած տառապանքներուն համար ու պատերազմի անհեթեթութիւնը որակեց «եղբայրասպան պարտութիւն», հրատապ նկատելով «աշխատիլ` դիմագրաւելու համար մարդասիրական հարցերը, մասնաւորապէս ի սպաս աւելիով դիւրաբեկներուն ու մանուկներուն, որոնք պէտք է որ կարողանան Ուքրանիա վերադառնալ» ընդգծեց Ծիրանաւորը մատնանշելով նաեւ Իտալական Թեմերուն ու ժողովրդապետութիւններուն մէջ հիւրընկալութեան ուղղութեամբ տարուած մեծ աշխատանքին։

Արդար ու անվտանգ խաղաղութիւն

Կարդինալ Ծուփփին հուսկ բոլորը հրաւիրեց յանձնառու ըլլալու արդար եւ անվտանգ խաղաղութեան մը համար։ «Յաղթանակը խաղաղութիւնն է, ըսաւ Ան, եւ անիկա երբեք չի կրնար ըլլալ թշնամիին նուաստացումը, որ ընդհակառակը, կը հանգեցնէ ապագայ թշնամանքի և ատելութեան» եւ ասկէ մեկնելով մէջբերեց Քիեւ-Հալիչ Թեմի Աւագ Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Լուպոմիր Հուսարին խօսքերը. «Իսկական վերջնական յաղթանակը կարելի կ՛ըլլայ, եթէ մենք բոլորս մեզ մարդ արարած պահենք՝ բառին բուն իմաստով։ Մնացած բոլոր յաղթանակները միայն մասնակի կամ երևակայական են և երբեք չեն հանգեցնէր իրական խաղաղութեան»:

Կարդինալ Ծուփփին առ այդ Ուքրանիոյ յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ ապահովեցուց Իտալական Եկեղեցւոյ աղօթքները, կիսելով նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին իղձը` որպէսզի հոկտեմբեր ամսոյն ընթացքին, յատկապէս սրբավայրերուն մէջ, աղօթք մատուցուի աշխարհի և Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2023, 10:27