Որոնել

Farnesina: Tajani a Berlino per il Forum del Dialogo interreligioso

«Խաղաղութեան յանդգնութիւնը». Պերլինի մէջ կրօններուն «ՈՉ»ը պատերազմին

Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան խաղաղութեան միջազգային հանդիպում` Կրօններն ու մշակոյթները երկխօսութեան մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

10էն 12 սեպտեմբերին Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ կայացաւ «Խաղաղութեան յանդգնութիւնը» խորագիրով Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան կողմէ կազմակերպուած խաղաղութեան միջազգային հերթական հանդիպումը` որուն ենթատիտղոսն է` «Կրօններն ու մշակոյթները երկխօսութեան մէջ»։

Ասսիզիի հոգին

Խաղաղութեան ու կրօններու միջեւ երկխօսութեան նուիրուած այս ձեռնարկը ներշնչում կը քաղէ Ասսիզիի հոգիէն` 27 հոկտեմբեր 1986 ին` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ հրաւէրով Ասսիզիի Սրբավայրին մէջ տեղի ունեցած միջկրօնական պատմական Աղօթքի Համաշխարհային օրէն, եւ երջանկայիշատակ Սուրբ Քահանայապետին այդ ժամանակ ուղղած հրաւէրէն «Շարունակենք տարածել Խաղաղութեան պատգամը եւ ապրիլ Ասսիզիի հոգին»։

Այդ օրէն` Սանդ Էճիտիոյ հասարակութիւնը ընտրեց կենդանի պահել եւ աճեցնել «Ասսիզիի հոգին» ժամանակներու ընթացքին կառուցելով աւելի քան 60 երկիրներու պատկան կրօններու եւ մշակոյթներու ներկայացուցիչներէն կազմուած ցանց մը, որուն հորիզոնը խաղաղութիւնն է։

Այդ օրէն սկիզբ առաւ երկար ուխտագնացութիւն մը, որ հասաւ մինչեւ օրս, տարիէ տարի հանգրուան կատարելով տարբեր երկիրներու մէջ, համագոյակցութեամբ տեղական կաթողիկէ եկեղեցիներուն, քոյր եկեղեցիներուն եւ այլ իշխանութիւններուն, բոլորը դառնալով «Խաղաղութեան ուխտաւորներ», որոնք «Ասսիզիի Հոգիին» շնորհիւ սատարեցին իրագործելու երկխօսութեան հանդիպումներ։

Վերսկսիլ Պերլինէն

Այս տարի խաղաղութեան նուիրուած ձեռնարկը կազմակերպուած էր Պերլինի մէջ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին` բոլոր ցամաքամասերէ եւ 33 երկիրներէ ժամանած տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներ ու կրօնապետեր, քաղաքական իշխանութիւններու ու մշակոյթի աշխարհի ներկայացուցիչներ որոնց շարքին ի միջի այլոց Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպը, Եւրոպայի Րաբունապետերու Խորհուրդի նախագահ Կոլտշմիտը ու Քրիստոնեայ  դաւանանքերու ներկայացուցիչներ` որոնց շարքին Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին եւ Իրաքէն Ասորի Եկեղեցւոյ Պատրիարք` Մար Ավա Ռոյելը, ու նաեւ Արևմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ և Սուրբ Աթոռի մօտ Էջմիածնի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Խաժակ Արք. Պարսամեանը:

«Ժամանակահատուածի մը մէջ երբ նոր պատեր կը բարձրանան հարկ է վերամեկնիլ Պելինէն, ուր պատ մը տապալեցաւ ժողովրդավարութիւններու եւ երկխօսութեան պատճառաւ» յայտարարած է «Ասսիզզի Հոգիով» կազմակերպուած այս 30-րդ ձեռնարկին առիթով` Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան նախագահ Տիար Մարքօ Իմփալիացցօ։

Եզրափակիչ արարողութիւնը` 12 սեպտեմբերին

Հաւաքին ընթացքին նախատեսուած էին 20 նիւթերու յատկացուած «ֆորումներ», ինչպէս` բնապահպանական ճգնաժամը, գաղթականները, միջկրօնական երկխօսութիւնը, ժողովրդավարութիւնը ժամանակակից դարաշրջանին մէջ, համաշխարհայնացումը, զինաթափումը և արհեստական բանականութիւնը:

Հաւաքին եզրափակիչ արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ 12 սեպտեմբերի յետ միջօրէին, որուն առիթով նախատեսուած է նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը եւ որուն աւարտին պիտի ընթերցուի համաշխարհային կրօններու խաղաղութեան ի սպաս կոչը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2023, 10:01