Որոնել

2019.06.14 Porta di Brandeburgo, Berlino

Պերլինէն կրօններուն կոչը. թող վար առնուին ժողովուրդները բաժնող պատերը

«Ուստի` միասին նորէն սկսենք երկխօսութենէն, որ ամենարդիւնաւէտ դեղամիջոցն է ժողովուրդներու միջեւ հաշտութեան համար, քանի որ խաղաղութիւնը միշտ ալ կարելի է» կը հաստատեն տարբեր կրօններու պատասխանատուները Պերլինի մէջ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան կողմէ «Խաղաղութեան յանդգնութիւնը» հաւաքի աւարտին հրատարակած կոչին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Խաղաղութեան յանդգնութիւնը» վերտառութեամբ Սան Էճիտիոյ հասարակութեան կողմէ Պերլինի մէջ կազմակերպուած խաղաղութեան ի սպաս աղօթքի հանդիպումի աւարտին տարբեր կրօններու ներկայացուցիչները միասնական կոչ ուղղեցին դիմելու երկխօսութեան` իրար հետ խօսելու մինչ տակաւին պատերազմը ընթացքի մէջ է։

Ոչ մէկ պատ առ յաւէտ է

Ոչ մէկ պատ առ յաւէտ է, եւ այնպէս ինչպէս այդ մէկը ի յայտ եկաւ 1989-ին Պերլինի մէջ «խաղաղ յեղափոխութեան» մը միջոցաւ թող` որ վար առնուին «տեսանելի եւ անտեսանելի պատերը, որոնք կը բաժնեն ժողովուրդները` Եւրոպայի, Ասիայի, Ափրիկէի ու Ամերիկաներուն մէջ, Միջերկրական ծովուն մէջ` պատերազմէ փախչող գաղթականներուն համար» կը գրեն կրօններու ներկայացուցիչները որոնք կը զգան իրենց պատասխանատուութեան ծանրութիւնը, մինչեւ այն աստիճան` որ կը դառնան «խաղաղութեան մուրացկաններ»։

Չի յանձնուիլ անարդարութեան

Անոնք կը յանձնարարեն` որ յանդգնութիւնը յաղթէ խոհեմութեան, քանի որ խաղաղութիւնը անարդարութեան յանձնուիլ չի նախատեսէր, այլ կանխել «հակամարտութեան անվերջ կրկնուելուն վտանգը», որուն վրայ կարծես ոչ մէկը կարող է վերահսկել»:

Կրօններուն միասնական համոզմունքը այն է, թէ «ոչ մէկ պատերազմ յաւերժ է» ու թէ «պատերազմը մարդկութեան համար պարտութիւն ըլլալէ անդին, իր ազդեցութիւններով սպառնալիք է նոյնիսկ հեռաւոր մարդոց, որովհետեւ նման համաճարակին, կլիմայական փոփոխութիւններուն, ժողովուրդներու տեղափոխութիւններուն ու անհաւասարութիւններուն, «անոր հետեւանքները կը հային բոլորին» եւ ոչ մէկը զերծ կը մնայ անորմէ։ Ասկէ մեկնելով կրօններուն յանձնառութիւնն է «կառուցել իրարու եղբայր ու հաւասար ժողովուրդներու աշխարհ մը» որովհետեւ եթէ այդպէս չըլլայ, եթէ կարելի չըլլայ վերջ տալ պատերազմին, այն ժամանակ պատերազմները պիտի վլլան անոնք` որոնք վերջ պիտի դնեն մարդկութեան։

Երկխօսութիւնը հաշտութեան դեղամիջոց

«Ուստի` միասին նորէն սկսինք երկխօսութենէն, որ ամենարդիւնաւէտ դեղամիջոցն է ժողովուրդներու միջեւ հաշտութեան համար, քանի որ խաղաղութիւնը միշտ ալ կարելի է», կը հաստատեն աշխարհի տարբեր կրօններու պատասխանատուները, Պերլինի մէջ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան կողմէ «Խաղաղութեան յանդգնութիւնը» հաւաքի աւարտին հրատարակած իրենց կոչին մէջ։

Ասսիզիի Հոգիով կազմակերպուած խաղաղութեան ի սպաս այս հաւաքը 2024ին պիտի գումարուի Փարիզի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2023, 08:00