Որոնել

ARMENIA-AZERBAIJAN-KARABAKH-CONFLICT-DEMO

Մեր հայ եղբայրներուն ու քոյրերուն դէմ դաժան հալածանքներուն, աւելին բնաջնջման դիմաց տեղ չկայ լռութեան և անշարժութեան

Կարդինալ Պուրքին կոչը աղօթելու եւ կանգնելու հայ ժողովուրդին կողքին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մալթայի Ասպետական Ուխտի վաստակաւոր վիճակաւոր Ամերիկացի Կարդինալ Raymond Leo Burke, անցեալ 29 օգոստոսին հրապարակած էր կոչ մը` ի զօրակցութիւն Արցախահայութեան խնդրելով աղօթքով ու գործով իրեն միանալ` կանգնելով հայ ազգի կողքին։ Լուրը կը քաղենք Կարդինալ Պուրքի պաշտօնական կայքէջէն. ուր Ան ակնարկելով Սուրբ Թադէոսի հետ միասին Հայաստանի առաքեալ` Սուրբ Բարթողոմէոս առաքեալի տօնին, զոր լատիններու մօտ կը տօնախմբուի 24 օգոստոսին, կը յիշէ երջանկայիշատակ Պենետիկտոս ԺԵ Պապը ու անոր դափած անխոնջ ջանքերը` ի պաշտպանութիւն հայ ժողովուրդին, «մինչ անոր վրայ կը ներխուժեր ցեղասպանութեան սարսափը Համաշխարհային առաջին հակամարտութեան սկիզբը», կը գրէ Կարդինալ Պուրքը ու մէջբերելով Պենետիկտոս ԺԵ Քահանայապետին խօսքերը կը հաստատէ. «Մեր հայ եղբայրներն ու քոյրերը լաւապէս գիտեն ինչ կը նշանակէ հաւատքի, պատմութեան, քրիստոնէական ուրախութեամբ յատկանշուած կեանքին համար ջարդուիլը։ Անոնք գիտեն ինչ ըսել է կռել մեր Տիրոջ Խաչը, քալել անապատներուն մէջ, առանց կերակուրի եւ ջուրի։ Անոնք պատիւն ունին քրիստոնեայ ըլլալու Բարթողոմէոս եւ Թադէոս առաքեալներու օրերէն եւ իրենց Քրիստոսի հանդէպ սիրոյն համար իրենց արիւնով վկայեցին առաքելական հաւատքին ճշմարտութիւնը»։

«Այժմ անոնք դարձեալ թիրախ են յարձակումի» կը շարունակէ Կարդինալ Պուրքը բացատրելով, թէ ինչպէս «2022ի դեկտեմբեր ամիսէն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի (կամ Արցախի` այնպէս ինչպէս անոնք կը կոչեն իրենց երկիրը) 120.000 հայերը կը գտնուին շրջափակման մէջ»։

«Դատարանները դատապարտեցին պաշարումը։ Կառավարութիւնները դատապարտեցին պաշարումը: Բայց, առայժմ, ոչ մէկը կանգնեցաւ այս ծանր անարդարութեան զոհերու կողքին՝ մեղմացնելու համար անոնց քաղցն ու ծարաւը» կը շեշտէ Ծիրանաւորը յիշեցնելով Յիսուսին խօսքերը «Այն ինչ որ իմ այս փոքր եղբայրներէն մէկուն ըրիր, ինծի ըրիր» (Մատթ. 25:40):

«Մեր հայ եղբայրներուն ու քոյրերուն դէմ դաժան հալածանքներուն, աւելին բնաջնջման դիմաց, տեղ չկայ լռութեան և անգործութեան» կը հաստատէ Կարդինալ Պուրքը ապա կը հրաւիրէ աղօթք բարձրացնել առ Տէրը` «հայ եղբայրներուն ու քոյրերուն համար։ Հասնինք անոնց օգնութեան։ Տանինք անոնց ուտեստեղէն եւ ըմպելի» կ՛առաջարկէ Ան, յոյս յայտնելով օր մը ուխտագնացութիւն կատարելու Լաչինի միջանցք` «ուր մեծարուած են Թադէոս առաքեալի ոսկորները, որ Սուրբ Բարթողոմէոսի հետ եղաւ Հայաստանի մէջ Աւետարանի առաջին քարոզիչը»։

«Եկէք բոլորս միասին ուխտաւոր դառնանք, թէկուզ մեր ամենօրեայ աղօթքով, ուրախութեամբ նշելու մեր Տիրոջ կենդանի ներկայութիւնը հայաստանի իր եղբայրներուն և քոյրերուն մէջ։ Սուրբ Բարթողոմէոսի եւ Սուրբ Թադէոսի հետ միասին ըլլանք կողմնակից Քրիստոսի լոյսին` խաղաղութեան Թագաւորին, եւ կը խնդրեմ ինծի միանաք աղօթքի ու գործի մէջ` կանգնելով հայ ժողովուրդի կողքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/09/2023, 15:11