Որոնել

2022.10.27 Napoli, i mosaici del Battistero di San Giovanni in Fonte

Մտաւորական-Կաթողիկոսներ եւ հոգեւորականներ` լուսարձակի տակ։ ՅԱԿՈԲ ՔՌՆԵՑԻ (ԺԳ. ԴԱՐ _ԺԴ. ԴԱՐ)

Հաղորդաշար (8) նուիրուած Միջնադարեան Հայաստանի հոգեւոր պատմութեան մէջ իրենց նշանակալի աւանդը բերած մտաւորական-Կաթողիկոսներուն եւ հոգեւորականներուն։ Հաղորդաշարը պատրաստած են` Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեան
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Թէ Մեծ Հայքը եւ թէ Կիլիկեան Հայաստանը մշտապէս եղած են արեւելքի եւ արեւմուտքի միջեւ երկխօսութեան իւրայատուկ հարթակ: Ուսումնասիրուող թեման, որ ունի շուրջ երկու դարի ընդգրկում, Հայոց Պատմութեան այն եզակի եւ իւրայատուկ ժամանակափուլերէն է, երբ հայ իրականութիւնը դարձած էր միջերկրածովեան մեծ ընտանիքի լիարժէք անդամ: Կիլիկիայի գրեթէ բոլոր մեծ քաղաքներու, այդ թուին երբեմնի մայրաքաղաք Սիսի մէջ, հանգրուանած միայն եւրոպացիները կը հաշուէին հարիւրաւորներ: Հայ մարդը կ'ապրէր բացառիկ համակեցութեան պայմաններով, ուր՝ իր հետ միեւնոյն թաղամասի մէջ կը բնակէին Վենետիկցիք, Ճենովացիք, Ֆրանսացիք, Գաթալօնացիք, Հրեաներ, Արաբներ, Յոյներ եւ ուրիշներ:

Համայնքային կեանքի բնութագիրը եւ այլ խնդիրներու հետազօտութիւնն առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի, Կիլիկիոյ քաղաքներու առօրեայ կեանքի պատմութեան լուսաբանման տեսանկիւնէն: Միեւնոյն ժամանակ, հնարաւորութիւն կ'ընձեռէ աւելի ամբողջական ու համակողմանի ներկայացնելու Կիլիկեան Հայաստանի քաղաքական եւ հոգեւոր պատմութիւնը: Լեւոն Մեծի յաջորդները՝ Հեթումեան գերդաստանի իննը թագաւորները եղան կատարեալ կաթողիկէներ: Անոնց յաջորդեցին Լուսինեան գերդաստանի լատինազգի թագաւորները, որոնք ոչ միայն դաւանանքով, այլ նաեւ ծէսով կաթողիկէ էին: Ահա այս նոր բնոյթի գործօններով ձեւաւորուող աշխարհաքաղաքական իրադրութեան պայմաններուն մէջ, Հայկական պետութիւնը սկսաւ մեծ թափով ներգրաւուիլ տուեալ ժամանակի ամենազարգացած համակարգի մէջ:

Ի դէպ այս արեւմտաեւրոպական գերտէրութիւններու կողմէ, Կիլիկեան Հայաստանը միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ ներառելը, ձեռք բերաւ բոլորովին նոր տեսակի գործընկեր: Հայոց թագաւորութիւնը այնուհետեւ յայտնուեցաւ շատ աւելի ընդգրկուն կառուցուածք ունեցող աշխարհաքաղաքական միջավայրի մէջ:

Կիլիկեան Հայաստանի պատմութեան լուսաբանման գործընթացին, մեծապէս նպաստեցին օտարալեզու բազմաբնոյթ սկզբնաղբիւրներ, որոնք ներառուած են նոյնիսկ ԺԴ. դարու եւրոպական գրականութեան հռչակաւոր գործերու մէջ: Յիշատակութեան արժանի է, վերածնունդի խոշորագոյն ներկայացուցիչ՝ Ճովաննի Պոգաչչոյի «Տեգամերոն» հռչակաւոր երկի մէջ բազմաթիւ յիշատակութիւնները, Կիլիկեան Հայաստանի մասին: Ան, Կիլիկեան Հայաստանը ուղղակի անուանած է «Հայաստան»: Նշենք, որ միջնադարեան եւրոպական գրեթէ բոլոր պատմագեղարուեստական երկերու, տարաբնոյթ սկզբնաղբիւրներու մէջ, Կիլիկեան Հայկական պետութիւնը յիշատակուած է, կամ՝ Հայաստան, կամ ալ՝ Փոքր Հայաստան:

Հայոց մէջ Հռոմէական դրութիւնը տարածելու գործընթացի եռանդուն քարոզիչները, Կիլիկիոյ մէջ՝ Ֆրանչիսկան կրօնաւորները, իսկ բուն Հայաստանի մէջ՝ Տոմինիկեանները, որոնք սերտ եւ սիրալիր յարաբերութիւններ մշակեցին կաթողիկէադաւան հայ հոգեւորականներու հետ: Այս տեսակէտէն, Թովմա Աքուինացիի աշակերտ՝ Բարթուղիմէոս Բոլոնացին, նշանաւոր աստուածաբան Ալբերտ Մեծի դպրոցին կը պատկանէր, որ հայ միարարականներու գաղափարական առաջնորդը հանդիսացաւ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2023, 07:47