Որոնել

2022.10.27 Napoli, i mosaici del Battistero di San Giovanni in Fonte

Մտաւորական-Կաթողիկոսներ եւ հոգեւորականներ` լուսարձակի տակ։ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՐԶՆԿԱՑԻ ԾՈՐԾՈՐԵՑԻ ՐԱԲՈՒՆԱՊԵՏ (1270-1338) - Բ Մաս

Հաղորդաշար (6) նուիրուած Միջնադարեան Հայաստանի հոգեւոր պատմութեան մէջ իրենց նշանակալի աւանդը բերած մտաւորական-Կաթողիկոսներուն եւ հոգեւորականներուն։ Հաղորդաշարը պատրաստած են` Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեան
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

....Հեթում Ա.ի եւ Կոստանդին Կաթողիկոսի հրաւէրով եւ գլխաւորութեամբ, 1243-ին Սիսի մէջ ժողով մը գումարուեցաւ եւ 25 կանոններ սահմանուեցան, առհասարակ բարեկարգական բնոյթ կրող: Այնուհետեւ Լեւոն Գ. եւ իր թագաւորահայրը Հեթում Բ., որոնք համոզուած կաթողիկէներ էին, 1307-ին, Սիսի մէջ ժողով մը գումարեցին, Ծաղկազարդի օրն էր: Կ'ենթադրուի թէ ժողովին ներկայ եղած ըլլային 26 Եպիսկոպոսներ, 30 վանահայրեր, վարդապետներ եւ իշխաններ: Մէկ օրուայ վրայ երկարող ժողովին նպատակն էր՝ միութիւն լատինաց հետ ոչ միայն ի հաւատս, այլ նաեւ՝ միութիւն տօներուն կատարման մէջ: Երկու թագաւորներու ծրագրած կանոնները ներկաները առանց առարկելու կ'ընդունին, ուշագրաւ է այն, որ սոյն ժողովը նախագահող Կաթողիկոս չունէր, տրուած ըլլալով, որ Անաւարզեցին վախճանած էր եւ նորը չէր ընտրուած:

Յովհաննէս Երզնկացին, 1321-ին թարգմանած է՝ Թովմա Աքուինացիի «Գիրք Խորհրդոց» աշխատութիւնը: Խմբագրած է գիտափիլիսոփայական երկերու յառաջաբաններ, մեկնութիւններ, քարոզներ, թուղթեր, բանաստեղծութիւններ: Որպէս հայ միարարներու ներկայացուցիչ ազդուած է Թովմա Աքուինացիի շունչէն, զոր ակնյայտ է գիտութեան եւ հաւատքի սահմանազատման, գիտութիւնը հաւատքին ենթարկելու անոր փորձին մէջ:

Գոյաբանական հարցերու նկատմամբ եղած է՝ իտէալիստ, սակայն շարունակելով հայ մտածողներու յառաջդիմական հայեացքները, ան ամէն ինչ փոփոխական սեպած է: Ըստ Յովհաննէս Երզնկացիի Ծործորեցիի իրականութիւնը կը ճանչցուի երեք ձեւերով՝ բնազդով, փորձով եւ բանականութեամբ:

Ծործորեցին կը քննադատէ հոգիի եւ մարմնի փոխյարաբերութեան Պղատոնեան ըմբռնումը, ան հոգին կը համարէ բնութեան մաս, իսկ մարդուն մարմինը ներդաշնակ ամբողջութիւն:

Յիշատակութեան արժանի է Յովհաննէս Ծործորեցիի «Համառօտ Տեսութիւն Քերականի» աշխատասիրութիւնը, ուր ներառուած են քերականական, գրական, գրականագիտական սահմանումներ միջնադարեան ըմբռնումով: Իր նախորդներուն թարգմանութիւնները, քննահամեմատական ձեւով բաղդատած է՝ յոյն եւ լատինական բնօրինակներուն հետ, կատարելով պատմաբանասիրական բնագրային ճշդումներ, իմաստասիրական, լեզուական ստուգաբանութիւններ: Գրական ստեղծագործութեան ասպարէզին մէջ, առանձնապէս հետեւած է Ներսէս Շնորհալիին:

Յովհաննէս Երզնկացիին չափածոն՝ գանձեր, երգեր, շարականներ, խրատական ոտանաւորներ, հանելուկներ, քնարական եւ պատմողական ստեղծագործութիւնները՝ գրուած ազատ չափով ու յանգով: Յովհաննէս Երզնկացի Ծործորեցին ականաւոր մանկավարժ եւ ուսուցիչ է, անոր աշակերտած են բազմաթիւ բանասէր անձինք:

Կրթական, ուսուցողական նպատակներով գրած է փիլիսոփայական աշխատութիւններ, խրատական ոտանաւորներ, հանելուկներ: Ծործորեցիի ընտրութեամբ եւ յանձնարարութեամբ ընդօրինակեր են գիտական, փիլիսոփայական, քերականական աշխատութիւններու ժողովածուներ:

Մեծ է Յովհաննէս Երզնկացիի մատենագրութեան ճանաչողական նշանակութիւնը, բացայայտելով տարբեր ժողովուրդներու անցեալի եւ ժամանակի փիլիսոփաներու գիտական մտքի մակարդակը, ընկերային, տնտեսական, եկեղեցական, դասակարգային յարաբերութիւնները: Ան իր վերաբերմունքը արտայայտած է այս կամ այն երեւոյթի տեսակէտի կամ մտածողի նկատմամբ:

Յովհաննէս Երզնկացիի Ծործորեցիի գիտական, գեղարուեստական ժառանգը Հայոց Պատմութեան թանկարժէք նշխարներէն է, որոնք հարստացուցած են Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի մատենադարանը եւ հայ ժողովուրդի գանձատունը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2023, 07:51