Որոնել

2022.10.27 Napoli, i mosaici del Battistero di San Giovanni in Fonte

Մտաւորական-Կաթողիկոսներ եւ հոգեւորականներ` լուսարձակի տակ։ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՐԶՆԿԱՑԻ ԾՈՐԾՈՐԵՑԻ ՐԱԲՈՒՆԱՊԵՏ (1270-1338) - Ա Մաս

Հաղորդաշար (5) նուիրուած Միջնադարեան Հայաստանի հոգեւոր պատմութեան մէջ իրենց նշանակալի աւանդը բերած մտաւորական-Կաթողիկոսներուն եւ հոգեւորականներուն։ Հաղորդաշարը պատրաստած են` Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեան
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Մեծ Հայքի հռոմէական եկեղեցւոյ մերձենալու գաղափարին մէջ մեծ ներդրում ունեցան, Թադէոս առաքեալի վանքը եւ Ծործորի դպրոցը վասպուրականի Արտազ գաւառի: Արտազի հայկական իշխանութիւնը իր մէջ ներգրաւած է վասպուրականի քանի մը շրջաններ, ինչպէս նաեւ Իրան եւ Անդրկովկաս հաստատուած մոնկոլ տիրականներու վարչական կեդրոն Ատրպատականը՝ Մարաղայ եւ Թաւրիզ քաղաքներով:

Ծործորի վանքը Արտազի հայկական իշխանութեան մշակութային կեդրոն էր, որու հիմնադիրն էր Զաքարիա Եպիսկոպոսը: Այս վանքը ԺԴ. դարուն գրական եւ թարգմանական գործունէութեամբ ճանչցուած վայր էր, իսկ Զաքարիա Եպիսկոպոսը, վանքի անունով կոչուած էր Ծործորեցի:

Զաքարիա Եպիսկոպոսն ու Յովհաննէս Ծործորեցի Րաբունապետը հայ եւ եւրոպայի խումբ մը կաթողիկէներու հետ միասնաբար՝ իրագործած են արեւմտեան նշանաւոր եկեղեցական հեղինակներու երկերու թարգմանութիւնները, ինչպէս եւ գիրք Պատարագի ծիսական մատեանի Թովմա Աքուինացիի «Գիրք Խորհրդոց Եկեղեցւոյ» աշխատութենէն բաժին մը:

Ծործորի դպրոցը սակայն իր մայրամուտը ապրեցաւ ԺԴ. դարու կէսերուն, թէեւ վանական հաստատութիւն գոյութիւն ունեցաւ մինչեւ ԺԷ. դարավերջին: Հայ դպրութեան անդաստանի մէջ բացառիկ արժէք ունի Յովհաննէս Երզնկացի Ծործորեցիի թողած աւանդը: Ան ծնած է մօտ 1270-ական թուականներուն, Մեծ Հայքի Եկեղեաց գաւառը՝ Երզնկա, վախճանած է 1338-ին եւ թաղուած Հաղբատավանքին մէջ, ըստ որոշ ենթադրութիւններու:

Հայ փիլիսոփայ, քերական, բանասէր, մեկնիչ, թարգմանիչ, եկեղեցական հասարակական գործիչ, նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի դպրատան մէջ, ապա Գլաձորի համալսարանը գործած է Եսայի Նչեցիի հետ, այնուհետեւ հաստատուած է Արտազ Ծործորի վանքը, որմէ ստացած է Ծործորեցի մականունը:

Ծանօթ է որպէս գեղագիր, առակագիր, գրիչ, ընդօրինակած է շարք մը իմաստասիրական երկեր: Մեծապէս նպաստած է Հայաստանի մէջ կաթողիկէ դաւանանքի տարածման գործին մէջ, մասնակցած՝ Ատանայի 1317 թուականի միարարական ժողովին: Այսպէս գործնական քայլեր կ'առնուին Կիլիկեան նուիրապետութիւնը դաւանանքով եւ ծէսով հռոմէականին կապելու:

Լեւոն Գ.ի յաջորդ՝ Օշին թագաւորը եւ Անաւարզեցիի յաջորդ՝ Կոստանդին Գ. Կեսարացի Կաթողիկոսը, գումարեցին Ատանայի ժողովը 1317-ին: Ներկայութեամբ՝ Կաթողիկոսին, 18 Եպիսկոպոսներու, որոնցմէ 10 Կիլիկիայէն, 2-3ը Փոքր Ասիայէն, 4-5ը Հայաստանէն, կային նաեւ 7 վարդապետներ եւ 10 իշխաններ: Ժողովին նպատակն էր վերստին հաստատել Սիսի ժողովին որոշումները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2023, 07:55