Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Կաթողիկոսի նամակը նորադարձ արեւորդիներու մասին – Բ մաս
Ովքե՞ր էին արեւորդիները, որոնց դարձին համար խնամատար հովուապետը՝ սուրբ Ներսէս հրճուագին կ՚ըսէ. «ուրախութիւն է Աստուծոյ եւ երկնքի հրեշտակներուն եւ մեզի՝ երկրի վրայ՝ այդքան մարդոց հոգիներու փրկութեան համար»։
Ինչպէս ուրիշ ազգերու մէջ տարբեր աղանդներ եղած են եւ կան, «Նոյնպէս ալ մեր ազգին մէջ Արեւորդիները սատանայական խաւարին մէջ մնալով՝ չուզեցին աստուածային լոյսով լուսաւորուիլ մեր սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի ձեռքով, այլ սիրեցին խաւարը եւ ոչ թէ լոյսը մինչեւ այսօր»։ Իսկ թէ ի՛նչ կը պաշտէին, Ներսէս Շնորհալի կը գրէ. «ես իրենց տեղակացուցի այն ինչ որ գիրքերէն կարդացած էի իրենց դիւապաշտ աղանդին եւ այն չար գործերու եւ խօսքերու մասին, որ լսած էի անոնց մօտիկներուն պատմածներէն»։
Նամակին պարունակութենէն կը հասկնանք թէ Արեւորդիները սատանայապաշտ աղանդ մըն էր որ պաշտամունքի արժանի կը համարէր արեգակը, լուսինը եւ աստղերը, երկնային մարմինները ընդունելով որպէս աստուածութիւններ։ Բարտին ուրիշ ծառերէն աւելի պատուական կը համարէին որովհետեւ միշտ դէպի արեւ կը սլանայ եւ այդ պատճառով պաշտամունքի առարկայ դարձուցած էին, անոնց մէջ դեւերուն երկրպագելով։ Արեւորդիները նոյնիսկ կը պնդէին որ Քրիստոսի խաչափայտն անգամ բարտիի փայտով պատրաստուած էր։ Պատմութենէն գիտենք որ ոչ միայն բարտին այլեւ բամբակն ու շուշանը, ինչպէս նաեւ սինձը, երիցուկն ու եղերդակը արեւորդիներու կողմէ պատուի արժանացած էին՝ իրենց արեւահայեաց յատկութեան համար։ Ասոնց կը գումարուի նաեւ մոգութիւններ կատարելը եւ կախարդական ըմպելիներ կամ պիղծ ուտելիք պատրաստելը, որոնց մասին Շնորհալի կը գրէ. «Պատուիրեցէ՛ք կիներուն՝ հեռու մնալ կախարդութենէ, հեղուկներ տալէ եւ ամէն տեսակի դիւական աղանդաւորութենէ, որովհետեւ ան որ կախարդութեան հետամուտ կ՚ըլլայ՝ դեւերու պաշտօնեայ է եւ երկրպագու. ով որ կը կատարէ եւ ընել կու տայ՝ ո՛չ հաղորդութեան արժանի է եւ ոչ ալ քրիստոնէական թաղումի»։
Ներսէս Շնորհալի կ՚ըսէ թէ այս բոլորը արդիւնք է սատանայի խաբէութեան, որ կը մոլորեցնէ մարդիկը եւ կործանումի կը տանի։ Միայն Աստուծոյ ողորմութեամբ հոգիներու խաւարած աչքերը կը բացուին հրաժարելու սատանայէն եւ առ Աստուած դառնալու։ Եւ անձամբ տեսնելով անոնց վճռակամութիւնը եւ բարի տրամադրութիւնը՝ Ս. Ներսէս Հայրապետը կը համաձայնի ընդունիլ զիրենք Քրիստոսի հօտին մէջ։ «Հետեւաբար, մենք ալ անոնց հանդէպ կը կիրառենք Տիրոջ խօսքը՝ «Ով որ կու գայ ինծի՝ դուրս պիտի չդնեմ» (Յհ Զ,37)։
Այս որոշումը կայացուցած ըլլալով հանդերձ, Շնորհալի իմաստութեամբ եւ խոհեմաբար հաշուի կ՚առնէ նաեւ այն պարագան՝ երբ արեւորդիները խաբած ըլլային, ու կը գրէ. «իսկ եթէ սուտ ըլլայ իրենց դարձը, ինչպէս անոնց մասին շատեր կը կարծեն, եւ կրկին անգամ դառնան իրենց փսխածին՝ մեզի ոչ մէկ վնաս չկայ, որովհետեւ մենք Քրիստոսի հրամանին համար կ՚ուզենք եւ կը ջանանք զիրենք եւ եթէ հնարաւոր ըլլար նաեւ ամբողջ մեր ազգը աւետարանի ուռկանին մէջ առնել։ Սակայն, աւետարանական առակաւոր խօսքին պէս, ընտրելն ու բարին՝ բարի ամաններու մէջ հաւաքելը եւ խոտանը մէկ կողմ նետելը՝ արդար դատաւորին գործն է, երբ իր փառքի աթոռին նստի եւ իւրաքանչիւրը իր հաւատքին եւ գործերուն համեմատ վարձատրէ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ