Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց.­ Ներսէս Կաթողիկոսի նամակը նորադարձ արեւորդիներու մասին – Ա մաս

Հաղորդաշար (24) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ. Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Ս. Ներ­սէս Հայ­րա­պե­տը իր կա­թո­ղի­կո­սու­թեան շր­ջա­նին ոչ միայն կը խրա­տէ ու կը կշ­տամ­բէ հո­գե­ւո­րա­կան­ներն ու ազ­նուա­կան­նե­րը, կը մխի­թա­րէ աղ­քատ­ներն ու հի­ւանդ­նե­րը, դար­ձի կը բե­րէ ոխե­րիմ թշ­նա­մի­նե­րը եւ կ՚ըմ­բե­րա­նէ չա­րա­խօս­նե­րը, այլ որ­պէս բա­րի հո­վիւ Քրիս­տո­սի հօ­տը կը վե­րա­դարձ­նէ մո­լո­րած­նե­րը։­

Ա­սոնց շար­քին կը պատ­կա­նին Սա­մոս­տիա քա­ղա­քի հա­յազ­գի բնա­կիչ­նե­րէն խումբ մը, որոնց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը կը դի­մեն Շնոր­հա­լի հայ­րա­պե­տին՝ խոս­տո­վա­նե­լով որ Արե­ւոր­դի­նե­րու աղան­դի գաղտ­նի հետ­նորդ­ներ են, բայց որո­շած են հրա­ժա­րիլ իրենց հայ­րե­նա­ւանդ մո­լո­րու­թե­նէն եւ դառ­նալ քրիս­տո­նեայ։

Ս. Ներ­սէս հայ­րա­բար կ՚ըն­դու­նի զի­րենք եւ, ինչ­պէս գրած նա­մա­կին մէջ կը նկա­րագ­րէ, եր­կար խօ­սակ­ցու­թեամբ կը քն­նէ անոնց յայտ­նած փա­փա­քին ճշ­մար­տա­ցիու­թիւ­նը եւ յս­տակ պայ­ման­ներ դնե­լով եւ անոնց խոս­տում­նե­րը լսե­լով կ՚ո­րո­շէ ըն­դա­ռա­ջել անոնց խնդ­րան­քին։

­Միաժա­մա­նակ ստա­նա­լով Սա­մոս­տիա քա­ղա­քի առաջ­նոր­դին՝ Թո­րոս քո­րե­պիս­կո­պո­սի եւ Գա­զան իշ­խա­նի կող­մէն գրուած նա­մա­կը, ուր կը յայտ­նէին թէ ինչ­պէս հա­յազ­գի Արե­ւոր­դի­նե­րը կը փա­փա­քին եւ կ՚ա­ղա­չեն միանալ Քրիս­տո­սի հօ­տին, եր­կար նա­մա­կով մը կը յայտ­նէ իր դրա­կան որո­շու­մը, նշե­լով դր­դա­պատ­ճառ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ յս­տա­կօ­րէն կա­նո­նա­կար­գե­լով պա­հան­ջուած նա­խա­պայ­ման­նե­րը եւ թե­լադ­րե­լով հայ­րա­կան խրատ­նե­րը։

­Պա­տաս­խան նա­մա­կը որ Շնոր­հա­լի Հայ­րա­պե­տը կը գրէ՝ կա­թո­ղի­կո­սա­կան դի­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան նա­մա­կագ­րու­թեան փայ­լուն նմոյշ մըն է։ Կը սկ­սի նա­մա­կագ­րի անու­նով եւ տիտ­ղո­սով «Ներ­սէս, ծա­ռայ Աս­տու­ծոյ եւ Իր ողոր­մու­թեամբ կա­թո­ղի­կոս Հայոց», եւ ապա կը նշէ հաս­ցէն՝ Սա­մոս­տիա քա­ղա­քը եւ հաս­ցէատէ­րե­րը՝ նախ հո­գե­ւո­րա­կան­ներն իրենց քո­րե­պիս­կո­պոս Թո­րո­սով եւ ապա աշ­խար­հա­կան տա­նու­տէ­րե­րը իրենց գլ­խա­ւո­րով՝ որու անու­նը Գա­զան էր, որոնց ող­ջոյն եւ օրհ­նու­թիւն կը յ­ղէ՝ «աս­տուա­ծըն­կալ սուրբ Նշա­նէն եւ սուրբ Լու­սա­ւոր­չի աջէն եւ աթո­ռէն», մաղ­թե­լով որ Տէր Աս­տուած միշտ ողջ եւ առողջ պա­հէ զի­րենք թէ՛ հո­գե­պէս եւ թէ՛ մարմ­նա­պէս։

­Հա­կիրճ խօս­քե­րով տե­ղե­կաց­նե­լէ ետք Արե­ւոր­դի­նե­րու պա­տուի­րա­կու­թեան մա­սին՝ սուրբ Ներ­սէս Շնոր­հա­լի հա­մա­ռօտ պատ­մա­կան տե­ղե­կու­թիւն կու տայ, յայտ­նե­լով որ այս­պի­սի հե­թա­նո­սա­կան թա­քուն շար­ժում­ներ տար­բեր ազ­գե­րու մէջ գո­յա­տե­ւած են։ Փառք կու տայ Աս­տու­ծոյ որ իր հո­վուա­պե­տու­թեան ժա­մա­նակ կը պար­գե­ւէր այս բա­ցա­ռիկ շնորհ­քը՝ Լու­սա­ւոր­չի քա­րո­զու­թե­նէն փախ­չող խա­ւա­րա­սէր մո­լո­րու­թիւ­նը լու­սա­ւո­րե­լով։­

Ա­պա կը յայտ­նէ թէ ինչ­պէս իրեն ներ­կա­յա­ցած պա­տուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը եր­դու­մով մեր­ժած եւ նզո­ված են սա­տա­նա­յա­պաշ­տու­թիւ­նը եւ իրենց չար աղան­դը, յանձն առ­նե­լով կա­տա­րել ամէն պայ­ման, որու հի­ման վրայ յս­տա­կօ­րէն կը յայ­տա­րա­րէ իր դրա­կան որո­շու­մին վճի­ռը՝ հիմք ըն­դու­նե­լով Պօ­ղոս Առա­քեալի խօս­քը՝ թէ «Աս­տուած կ՚ու­զէ որ ամէն մարդ փր­կուի եւ ժա­մա­նէ ճշ­մար­տու­թեան գի­տու­թեան» (Ա Տիմ Բ,4)։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/08/2023, 08:00