Որոնել

2021.02.18 Cardinal Gregorio XV Agagianian

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (37)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի Պապ ընտրութեան վարկածին:

 

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Տարիներու անձնուէր գործունէութենէ ետք, փոքր ազգի արժանաւոր զաւակը 20-րդ դարու աշխարհահռչակ այն եկեղեցականն էր, որ արժանացած էր ամենուն հիացմունքին և յարգանքին, ի պատիւ հայ ժողովուրդին:

Անոր կեանքի սրբութիւնը, նկարագրի քաղցրութիւնը ու գիտական բազմակողմանի հմտութիւնը, կարդինալական տիտղոսին արժանացնելէ ետք, Հռոմի հասարակութեան մօտ ստեղծած էր այն կարծիքը թէ հայազգի Ծիրանաւորը 1958 թուի Հոկտեմբերին գումարուած քահանայապետական գաղտնի ընտրաժողովին՝ ստացած էր մեծ թուով ձայներ և Պապ ընտրուած էր, բայց ան մերժած էր, ինքզինք անարժան համարելով:

Աւելի ուշ, Յովհաննէս ԻԳ. Քահանայապետը Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետական Աթոռի ներկայացուցիչներու հետ մտերմիկ զրոյցի մը պահուն, հետեւեալ սրտբաց խոստովանութիւնը կատարած էր. «Գիտէ՞ք, որ ձեր Կարդինալը եւ ես Հոկտեմբերի ընտրութիւններուն գրեթէ հաւասար էինք: Մեր անուններն իրար կը յաջորդէին, մէկը՝ վեր, միւսը՝ վար, եռացող ջուրի մէջ նետուած սիսեռահատիկներու նման»:

Իսկապէս, հայ ծիրանաւորին համբաւն ու փառքը իր գագաթնակէտին հասած էին, այն աստիճան որ Յովհաննէս ԻԳ. Պապին վախճանումէն ետք՝ երբ 19 Յունիս 1963-ին, Աղաճանեան եւս կը մասնակցէր պապընտիր կարդինալներու դռնփակ ժողովին, հանրային կարծիքը զինք վերստին քահանայապետութեան արժանի եկեղեցական մը համարած էր. և ատեն մը, նոյնիսկ համոզում գոյացած էր թէ ան իսկապէ՛ս Պապ ընտրուած էր, սակայն՝ տակաւին մեր բոլորին անծանօթ և խորհրդաւոր պատճառներով՝ տեղի տուած և մերժած էր յանձն առնել՝ այդ գերագոյն և սրբազան պատասխանատուութիւնը:

Այսուամենայնիւ, 1963 թուին, Աղաճանեանի փոխարէն՝ այլ Կարդինալ մը Պապ պիտի ընտրուէր, Միլանի Արքեպիսկոպոս Մոնթինին, որ պիտի կրէր Պօղոս Զ. անունը: Ըստ հաւաստի վկայութիւններու՝ 1963-ի Պապ ընտրութեան ընթացքին, Վատիկանի դահլիճի ծխնելոյզէն նոր Պապի մը ընտրութիւնը աւետող սպիտակ ծուխը յայտնուելէն մի քանի վարկեաններ ետք, ի զարմանս ականատեսներու՝ ահա դարձեալ սեւ ծուխ մը բարձրացած էր դէպի երկինք. ինչ որ ցոյց կու տայ թէ տեղի ունեցած էր Պապի ընտրութիւն մը և անակնկալ դիպուած մը և հրաժարում անմիջական, որմէ ետք, երկրորդ անգամ ըլլալով, նոր ընտրութիւն տեղի ունեցած էր:

Արդարեւ, Հռոմէական Վատիկանի պատմական արխիւներուն մէջ, ինչպէս նաեւ հին ժամանակներէն ի վեր մեզի հասած դիւաններու մէջ արձանագրուած և Պապական ընտրութեանց ատենագրութեանց մէջ ի պահ դրուած՝ նմանօրինակ դէպք մը չէ յիշուած, ո՛չ ալ արձանագրուած է. ինչ որ համայն աշխարհին և յատկապէս հայութեան մեծ հիասթափութիւն ու ափսոսանք պատճառած էր, արդար դատաստանը թողնելով պատմութեան գնահատանքին:

Հոգելոյս Կարդինալի աշակերտներէն ոմանք՝ Աղաճանեանի Պապ ընտրութեան մերժումին առնչութեամբ մի քանի պատճառներ կը յիշեն, զորս Կարդինալը անձամբ յայտնած էր իրենց:

Ըստ Աղաճանեանի՝ կարգ մը ծայրահեղ իտալացիներ կը նախընտրէին որ ընտրուող Պապը իտալացի ըլլար: Ան յիշած է նաեւ թէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ արմատական և կարեւոր բարեկարգութիւններ և փոփոխութիւններ ծրագրուած էին, որոնք պէտք է իրագործուէին Վատիկանեան Բ. Ժողովի հանգրուանին. խօսք կար նաեւ Եկեղեցիներու միջեւ միութենական շարժումի մասին: Արդարեւ, 1962-ի Վատիկանեան Բ. ժողովը տեսակէտներու և նկատելակերպերու կարեւոր ու մեծղի նորութիւններ պիտի բերէր, թէ՛ վարդապետական և թէ՛ գործնական հանգամանքով: Իսկ ան որպէս Կարդինալ, այնքան համոզուած չէր առնուելիք որոշումներու դրական արդիւնքներուն և հետեւանքներուն, որուն պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2023, 07:45