Որոնել

2020.04.26 Cardinale Gregorio Pietro Agagianian

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (35)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի Հաւատքի տարածման պաշտօնին և առաքելութեան:

ԼԵ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի Հաւատքի տարածման պաշտօնին և առաքելութեան:

Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ Հաւատոյ Տարածման Ս. Ժողովի Նախագահի այս յոյժ կարեւոր պաշտօնին վստահութիւնը Աղաճանեանի անձին՝ ինքնին պատիւ մըն էր հայ ժողովուրդին, և հետեւաբար երախտագիտութեան զգացում մը պէտք էր համակէր հայազգի բոլոր զաւակներն անխտիր, անկախաբար դաւանական տարբերութիւններէ, զի հայ հոգեւորական մըն էր ան, որ կը պանծացուէր Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ հաւատացեալներու կողմէ. հայ հոգեւորական մը, որ իբրեւ խորհրդատու Պիոս ԺԲ. Քահանայապետին՝ կը մասնակցէր Ընդհանրական Եկեղեցւոյ վարչական գործունէութեան: Ի պաշտօնէ նախագահած է միջազգային համաժողովներու, Եկեղեցական յոբելինական հանդէսներու, բանակցական ժողովներու և ազգային տօնակատարութիւններու: Այս պաշտօնին անցնելէ ետք, Աղաճանեան թէեւ կը շարունակէ վարել Պատրիարքական պաշտօնը, սակայն իրեն տեղապահ կը նշանակէ Ալոզիոս Արք. Պաթանեանը:

Աղաճանեան ինքզինք արդարացուց իր այս պաշտօնին մէջ, զոր կատարեց մեծ յանձնառութեամբ։ Հաւատոյ տարածման նախագահի հանգամանքով՝ հայազգի մեր ծիրանափայլ Կարդինալը իր անմիջական պատասխանատուութեան ներքեւ ունէր 75. 000 կուսակրօն եկեղեցականներ և 50. 000 միսիոնար մայրապետներ, որոնց վարժարաններուն մէջ կ'ուսանէին վեց միլիոն աշակերտներ: Այսպէս, Կարդինալին հոգատարութեան ներքեւ կը գտնուէին 70 միլիոն Կաթողիկէ հաւատացեալներ. և իր իշխանութեան տակ ունենալով 750 Առաջնորդական թեմեր և վիճակաւորներ (Եպիսկոպոս կամ Արքեպիսկոպոս):

Այլ խօսքով՝ 34.000 քահանաներ ու 135.000 կրօնաւորներ և կուսաններ. ինչպէս նաեւ բազմաթիւ բարեսիրական և մարդասիրական հաստատութիւններ իր հովանին ներքեւ կը գտնուէին: Այս պաշտօնին և պատասխանատուութեան բերումով՝ Աղաճանեան Կարդինալը Քրիստոսի առաքեալներուն նման, խոնարհ սրտով ու վեհանձն հոգւով կ'անցնի ովկիանոսներէն անդին, կ'իրականացնէ բազմաթիւ ճամբորդութիւններ՝ աշխարհի չորս ծագերը, մօտէն ճանչնալու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնները, ծանօթանալու միսիօնարներու գործունէութեանց, անոնց տարած աշխատանքին, անոնց մշակած և իրագործած ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու կարիքներուն: Յիշելով իր ուղղեւորութիւնները՝ առաջին հերթին՝ կ'այցելէ Ասիոյ և Ափրիկէի ցամաքամասերը. իսկ յետագային կը շարունակէ իր ճամբորդութիւնները, հասնելով մինչեւ Խաղաղական և Ատլանդեան ովկիանոսներու մեծ և փոքր առաքելութիւնները. կը ծանօթանայ շատ մը ազգերու քաղաքներուն ու զանազան ժողովուրդներու աւանդութիւններուն։

Այս այցելութիւններու ընթացքին՝ ան անիջական շփման մէջ կը մտնէր հաւատացեալներուն հետ: Իրապէ՛ս, որպէս հարազատ հայր միշտ կը քաջալերէր եկեղեցականները, որպէսզի եռանդուն պատգամաւորներ և քաջ հովիւներ ըլլան Քրիստոսի Եկեղեցւոյ և Աւետարանին: Արդարեւ պատմութեան ճշմարտութեան համար, մենք երբեք պիտի չկարենանք ըստ բաւականի գնահատել Կարդինալ Աղաճանեանին տարած աշխատանքը ի սպաս Ընդհանրական Եկեղեցւոյ և հայ ազգին:

Ի վերջոյ, որպէս իսկական հետեւորդ Առաքեալներուն, ան իր ճանապարհորդութիւններուն ընթացքին դիմագրաւած է բազմազան վտանգներ եւ դժուարութիւններ և եղած է նմանակ Տարսոնի Պօղոսին՝ Հեթանոսներու Առաքեալին: 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/08/2023, 07:59