Որոնել

TOPSHOT-PAKISTAN-RELIGION-CRIME-CHURCH

Փաքիստան։ Կիրակի 20 օգոստոսին յատուկ աղօթքի Օր ի սպաս խաղաղութեան

«Պիտի աղօթենք խաղաղութեան համար միջկրօնական ներդաշնակութեան համար, «Ոչ» ըսելու որեւէ բռնութեան եւ ատելութեան ձեւի, որոնք միշտ ալ անարդարացի են, եւ ընկերութեան համար թոյն։ Կը դիմենք Աստուծոյ, ամէն բարիք պարգեւող, ու քրիստոնեայ եւ մահմետական բարի կամքի բոլոր մարդոցմէ կը խնդրենք, կայնիլ մեր կողքին, միացած` ի նպաստ խաղաղ եւ ատելութենէ ազատ Փաքիստանի մը, ուր կը յարգուին իրաւունքները եւ բոլոր քաղաքացիներու ազատութիւնը, անկախ անոնց հաւատքէն»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յառաջիկայ կիրակի 20 օգոստոսին Փաքիստանի կաթողիկէ բոլոր համայնքներէն ներս պիտի նշուի խաղաղութեան համար աղօթքի յատուկ Օր մը»։ Այս յայտարարութեամբ Փաքիստանի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը Ամենակալի ձեռքերուն կը յանձնէ անցեալ 16 օգոստոսին Ժարանուալայի մէջ պաշտամունքի վայրերու եւ ընտանիքներու դէմ գործադրուած բռնութիւնները, որոնք յառաջացան անգրագէտ Սալէմ Մասիհ անունով քրիստոնեայի մը հասցէին ուղղուած հայհոյանքի ենթադրեալ մեղադրանքի հետեւանքով։

Մի քանի իսլամներու վկայութեամբ ի յայտ եկած են Քուրանի որոշ էջեր, որոնց վրայ արձանագրուած են հայհոյանքներ եւ մեղադրանքը ինկած է այս խեղճ անգրագէտ քրիստոնեային վրայ։

Ծայրայեղականներու բռնութեան արարքներ

Տեղական իսլամ ղեկավարի մը կոչէն ետքը` տեղի ունեցած է ամբոխային բռնութիւն Ժարանուալայի եկեղեցիներու ու քրիստոնեաներուն բնակարաններուն դէմ, որուն հետեւանքով քար ու քանդ եղած են չորս եկեղեցիներ, որոնցմէ մին կաթողիկէ, եւ երեք մատուռներ, ապա պղծուած է գերեզման մը ու քրիստոնեաներու բազմաթիւ տուներ ենթարկուած են կողոպուտի։ Բարեբախտաբար չկան մարդկային զոհեր բայց միայն երեք ծանր վիրաւորներ։

Աղօթք խաղաղ եւ ատելութենէ զուրկ Փաքիստանի համար

«Պիտի աղօթենք խաղաղութեան համար միջկրօնական ներդաշնակութեան համար, «Ոչ» ըսելու որեւէ բռնութեան եւ ատելութեան ձեւի, որոնք միշտ ալ անարդարացի են, եւ ընկերութեան համար թոյն։ Կը դիմենք Աստուծոյ, ամէն բարիք պարգեւողին, ու քրիստոնեայ եւ մահմետական բարի կամքի բոլոր մարդոցմէ կը խնդրենք, կայնիլ մեր կողքին, միացած` ի նպաստ խաղաղ եւ ատելութենէ ազատ Փաքիստանի մը, ուր կը յարգուին իրաւունքները եւ բոլոր քաղաքացիներու ազատութիւնը, անկախ անոնց հաւատքէն», յայտնած է այս առիթով Լաորի Արքեպիսկոպոս Սեպասեան Շաու, Ֆիտես լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին։

Հետաքննութիւններ

Նշենք, որ վերոնշեալ բռնութիւններէն ետքը ոստանկութեան ու յատուկ զինեալ ջոկատներու միջամտութեամբ քաղաքական իշխանութիւնները կը ջանան ապահովել անվտանգութիւնը ու դիմած են հետաքննութեան` պարզելու համար բռնութիւններ հրահրողներուն պատասխանատուութիւնը։

Զօրակցութեան արձագանգներ

Փաքիստանի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ, Իսլամապատ -Ռավալպինդի թեմին արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Ժոզէֆ Արսատ յոյս յայտնեց, որ «վերականգնուի օրէնքի և արդարութեան գերակայութիւնը և կառուցուի աւելի լաւ հասարակութիւն», մինչդեռ Անկլիքան եպիսկոպոս Ազատ Մարշալը խնդրեց կառավարութենէն «բոլորին երաշխաւորել արդարութիւնն ու անվտանգութիւնը»:

Իրադարձութիւնները դատապարտուեցան իսլամ եւ քրիստոնեայ բազմաթիւ կրօնական ու քաղաքացիական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէ մինչ Փաքիստանի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի «Արդարութիւն ու Խաղաղութիւն» յանձնախումբերը իր զօրակցութիւնը արտայայտեց բռնութեան արարքներու թիրախ ընտանիքներուն, հրաւիրելով ու քաջալերով բոլորը «մնալ աղօթքի մէջ միացած»։

«Ժարանուալայի միջադէպը կը յիշեցնէ կրօնական համայնքներու միջև ներդաշնակութեան, միասնութեան և փոխըմբռնումի խթանման հրատապութիւնը» հաստատած է ապա Արդարութիւն ու Խաղաղութիւն յանձնախումբը, յոյս յայտնելով, որ հասարակութեան բոլոր բաղադրիչները «աշխատին ի սպաս արդարութեան, խաղաղութեան և համակեցութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2023, 14:15