Որոնել

2023.07.28 Vangelo della XVII Domenica A

Բարեկենդան Սուրբ Աստուածածնի Մասթէոսի կոչումը (Մարկոս 2, 13-17)

Երբեմն բարի օրինակ մը տրուած քրիստոնեայի մը կողմէ, կը բաւէ առինքնելու համար անձ մը եւ զայն դարձնելու հաւատացեալ. կը պատահի յաճախ նաեւ որ քրիստոնէական կեանքի ապրումը եւ վկայութիւնը աւելի ազդեցիկ ըլլան քան քարոզ մը. Ուստի մեր կեանքով, խօսքով ու գործերով տեւապէս քարոզիչներ ըլլանք Քրիստոսի աստուածային նուիրական պատգամին. Ամէն։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Այսօր Յիսուս կոչ կ'ուղղէ մաքսաւորի մը, Ղեւի անունով, որ հետագային պիտի կոչուի Մատթէոս ու պիտի ըլլայ առաջին աւետարանիչը, իրեն կը հետեւի ան, անմիջապէս թողլով իր գործը, առանց պատճառաբանելու: Իսկ որպէս նշան իր այս նոր կեանքի փարումին, կը հրաւիրէ Յիսուսն ու իր աշակերտները իր տունը, մեծ խնճոյքի մը որուն մաս կը կազմեն նաեւ իր մաքսաւոր եւ մեղաւոր ընկերներն ու ընկերուհիները:

Իսկ փարիսեցիները եւ տաճարի դպիրները, տեսնելով այս բոլորը, մէկդի կը կանչեն առաքեալները եւ, ինչ որ չեն համարձակիր ըսել Յիսուսին, իրենց կը լսցնեն, յուսալով որ անդրադառնան Յիսուսի առած այս սխալ քայլին եւ հրաժարին մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու հետ սեղան նստելէ: Բարեբախտաբար Յիսուս կը լսէ անոնց առարկութիւնները եւ իսկոյն կը պատասխանէ անոնց, ազատելով իր աշակերտները նեղ ու դժուարին կացութենէ մը:

Քրիստոս բժիշկն է հոգիներու. Ան նախ կը փնտռէ մեղաւորները, այն անձերը որոնք մերժուած են ընկերութենէն, անոնք որ մեղանչական վարքով հեռու կ'ապրին եկեղեցիէն ու խորհուրդներէն, անոնք որ երբեք չեն մտահոգուած իրենց հոգիի փրկութեամբ, անոնք որ իրենք զիրենք լքուած կը զգան բոլորէն. Անոնց կ՛ուզէ նախ աւետել Աստուծոյ արքայութեան աւետարանը, որպէսզի յոյս ներշնչէ անոնց թէ ինք ղրկուած է Աստուծմէ մասնաւորապէս իրենց համար : Բժիշկին պարտականութիւնն է նախ եւ առաջ բուժելու հիւանդները եւ ապա զբաղելու նաեւ առողջներով:

Յիսուսի այս նախընտրութիւնը պէտք է հրճուանք պատճառէ մեր սրտին, որով այս բոլոր հոգեպէս աղքատ ու լքուած անձերը մեր քոյրերն ու եղբայրներն են եւ Քրիստոսի կոչով՝ անոնք կը վերադառնան իրենց նախնական արժանապատուութեան, որ է ըլլալ զաւակներ Աստուծոյ, Երկնաւոր Հօր, եւ եղբայրներ ու քոյրեր Քրիստոսի։ Անոնք մեզմէ աւելի պէտք ունին Քրիստոսի, ուստի անտեղի է նախանձիլ այլ ընդհակառակը՝ հարկ է ուրախ ըլլալ եւ ձեռք երկարել անոնց, որպէսզի մեզի միանան ու շարունակեն ճամբան դէպի փրկութիւն, շրջապատուած լաւագոյն անձերէն։

Հրէաները զանազան օրէնքներ ունէին, ճաշէն առաջ լուացուիլ, պիղծ մարդոց հետ սեղան չնստիլ, չուտել ամէն ուտեստեղէն, զանազանել սուրբ եւ անսուրբ կերակուրները եւայլն... Քրիստոսի համար մէկ օրէնք կայ միայն որ կը գերազանցէ միւս բոլորը, սիրոյ օրէնքը եւ այս օրէնքին վրայ հիմնուած՝ ինք պատրաստ է ընկալելու նոյնիսկ ամենաթշուառ անձերը զանոնք սիրաշահելու համար եւ մօտեցնելու դէպի Տէրը։

Յիսուս իր սիրոյ պատգամը կը փոխանցէ մարդկութեան նոյնիսկ ճաշի ժամանակ. ճիշդ է որ Աստուծոյ պատգամը նախընտրաբար եկեղեցիներու մէջ կը քարոզուի, սակայն կարելի է զայն կատարել նաեւ ամենուրեք, սովորական կեանքի բոլոր ժամանակներուն եւ առիթներուն։

Երբեմն բարի օրինակ մը տրուած քրիստոնեայի մը կողմէ, կը բաւէ առինքնելու համար անձ մը եւ զայն դարձնելու հաւատացեալ. կը պատահի յաճախ նաեւ որ քրիստոնէական կեանքի ապրումը եւ վկայութիւնը աւելի ազդեցիկ ըլլան քան քարոզ մը. Ուստի մեր կեանքով, խօսքով ու գործերով տեւապէս քարոզիչներ ըլլանք Քրիստոսի աստուածային նուիրական պատգամին. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2023, 07:51