Գերջ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը իր հայրական սիրով ընդունեց Լիզպոնէն ժամանած հայ կաթողիկէ երիտասարդները
Աննախընթաց նախաձեռնութեամբ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը իր հայրական սիրով ու օրհնութեամբ ընդունեցաւ հայ կաթողիկէ երիտասարդները, որոնք ժամանեցին Լիզպոնէն (Փորթուկալ), ուր իրենց մասնակցութիւնը բերին 37-րդ Երիտասարդաց Համաշխարհային Օրերուն:
Ընդունելութեան մասնակցեցան՝ արդիւնաբերութեան պաշտօնակատար նախարար Ժորժ Պուճիքեան, որ կը ներկայացնէր վարչապետ Միքաթին, երեսփոխան Ժան Թալուզեան, Տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան, Հոգեւոր Տիրոջ քարտուղար՝ հայր Նարեկ վրդ. Մնոյեան եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան լրատուական գրասենեակի աշխատակից՝ Շարպէլ Պասթուրի:
Լիբանանեան եւ եկեղեցական քայլերգներով ու շարականներով, երիտասարդ-երիտասարդուհիներու պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ հայր Արամ վրդ. Աբրահամեանի մուտք գործեց պատուոյ հիւրասրահ, ուր ստացաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հայրական օրհնութիւնն ու սէրը: Ապա երիտասարդները հակիրճ խօսքերով իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին մասնակցելու Լիզպոնի մէջ Երիտասարդաց Համաշխարհային Օրերուն, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ օրհնութեամբ եւ աջակցութեամբ:
Այնուհետեւ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն ըսելով. «Ինչ որ տեսանք ու լսեցինք մեծ հոգեւոր շնորհք մըն է, զոր պէտք է օգտագործէք ձեր հոգեւոր ու ընկերային կեանքերուն մէջ՝ ո՛ւր որ ալ գտնուիք: Ձեր մտքերուն մէջ հաստատ պահեցէք ինչ որ սորվեցաք եւ ընդլայնեցէ՛ք ձեր մշակութային ու մտային գիտելիքները, որովհետեւ ինչ որ ապրեցաք՝ նոր կեանքի վերածնունդ մըն է»: Ան նաեւ խնդրեց երիտասարդներէն անվախ ու քաջ մնալ ու շարունակել դէպի յառաջ ընթանալը, որովհետեւ Եկեղեցին միշտ անոնց կողքին է եւ Աստուած պիտի պահպանէ բոլորը, քանի որ Ան լոյսն ու յոյսն է, ուստի պէտք է բարեփոխել մտավախութիւնները՝ ապագայի տեսլականներով:
Նախարար Պուճիքեան իր կարգին փոխանցեց վարչապետ Միքաթիի խնդակցութիւններն ու սէրը երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն, հաստատելով թէ անոնք բարձրացուցին Լիբանանի եւ Եկեղեցւոյ անունը, եւ Լիբանանի մշակութային իւրայատուկ դիմագիծը ներկայացուցին համայն աշխարհին:
Հայր Արամ վրդ. Աբրահամեան եւ որոշ երիտասարդներ վկայութիւններ ներկայացուցին այն, ինչ որ ապրեցան ու քաղեցին երիտասարդական հանդիպումներուն ընթացքին, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին եւ կազմակերպեցին անոնց մասնակցութիւնը այս համաշխարհային հանդիպումին:
Ընդունելութիւնը աւարտեցաւ աղօթքով մը՝ երիտասարդներու դիտաւորութեան համար, ապա տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ