Որոնել

Assumption of the Blessed Virgin Mary

«Սուրբ Հոգին Պիտի Իջնէ Քու Վրադ...»Գերյ. Գէորգ վրդ. Զապարեանի մտորումներէն

Մեր հայ շարականագիրին ձայնակցինք՝ հայցելով. Ո'վ Հոգի Աստուծոյ, Դուն որ Յեսսէի արմատէն բխած գաւազանին վրայ հանգչեցար եօթնարփեան շնորհքներով, իբրեւ Հոգի խորհուրդի, Հոգի հեզութեան եւ զօրութեան, Հոգի իմաստութեան եւ գիտութեան, Հոգի երկիւղի եւ աստուածպաշտութեան, կ'աղաչենք, մեզի ալ ողորմութեամբ քու պարգեւներդ շնորհէ ու ասիկա կը խնդրենք բարեխօսութեամբ Ս. Կոյս Աստուածածինի, զոր քու զօրութեամբդ հովանաւորեցիր: Ամէն:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

«Անթառամ ծաղիկ, Յեսսէի արմատէն վերաբուսած անդատապարտ շառաւիղ, Եսային կանուխէն քեզ Սուրբ Հոգիի եօթնարփեան շնորհքներուն ընդունարան –Աթոռ Իմաստութեան- վերագոչեց. Աստուածածին եւ կոյս, քեզ կը մեծարենք»:

Հայ Եկեղեցին բազմաթիւ առիթներով գովերգած է Աստուածամայրը. այդ Կոյսը, որուն Գաբրիէլ հրեշտակը յայտարարած էր օր մը. «Սուրբ Հոգին պիտի իջնէ քու վրադ...» (Ղուկաս 1, 35)

Վերոնշեալ շարականը, հոգեզմայլ ներբողականի մը թելադրականութենէն շատ աւելի խոր տարողութիւն մը կ'ընդգրկէ, ու կը յայտնէ կանխասացութիւնը Եսայի մարգարէին.

«Յեսսէի արմատէն շառաւիղ մը պիտի ընձիւղի, եւ անոր արմատէն ծաղիկ մը պիտի բուսնի: Անոր վրայ պիտի հանգչի Աստուծոյ Հոգին, Իմաստութեան ու Հանճարի Հոգին, Խորհուրդի ու Զօրութեան Հոգին, Հոգին գիտութեան եւ Աստուածպաշտութեան» (Եսայի 11, 1-2):

Եսայի կը մարգարէանար Մեսիային վերահաս գալուստը: Ընձիւղ մը -Մեսիան- պիտի բուսնի Յեսսէի արմատէն: Դաւիթ մարգարէին հայրն էր Յեսսէ (Ա. Թագաւորութիւն 16,1): Այս Մեսիային վրայ պիտի հանգչի Տիրոջ Հոգին:

Հետագային, Յիսուս պիտի մտնէ Նազարեթի ժողովարանը, ու Եսայի մարգարէին Գիրքէն պիտի կարդայ հետեւեալ հատուածը. «Տիրոջ Հոգին իմ վրաս է. ատոր համար իսկ օծեց զիս եւ ղրկեց՝ աղքատներուն աւետարանելու, սրտաբեկները մխիթարելու, գերիներուն ազատութիւն բերելու, կոյրերուն աչքերը բանալու, հարստահարուածները ազատ արձակելու եւ Տիրոջ շնորհաբեր տարին հռչակելու» (Ղուկաս 4,18-19): Ապա, Յիսուս պիտի յայտարարէ. «Այս գրութիւնը, որ դուք լսեցիք, ահա այսօր իրականացաւ» (Անդ, 4, 21):

Մեսիան եւս Իր կարգին պիտի տարածէ այդ Հոգին երկրի վրայ, ամէն մարդու վրայ ա'յն չափով, որ իւրաքանչիւր ոք ընդունակ է Աստուծոյ բարեկամութեան մէջ ապրելու:

«Այո'» ըսելով, Աստուածածինը դարձած էր Ընդունարան եւ Մայրը Յիսուսի Քրիստոսի, Սուրբ Հոգիին եօթը շնորհքներով լիացած:

Եսայի մարգարէն Երուսաղէմ ապրած էր 750-ական թուականներուն (Ք. Ա.): Սուրբ Հոգւոյ ներշնչումով, ան ձայն բարձրացուցած էր ընդդէմ իր ժամանակակից իսրայէլացիներուն, իրենց գործած մեղքերուն պատճառով, որոնց հետեւանքով Աստուած զանոնք լքած էր՝ թոյլ տալով, որ նուաճուին ասորեստանցիներէն, եւ ըլլան անոնց ճորտ ու ծառայ:

Յեսսէ անունով իսրայէլացի մը, խումբ մը հարազատներով, հաճելի մնացեր էր Աստուծոյ աչքին: Կարելի է զայն բաղդատել Յովհաննէս Մկրտիչին, որ ապաշխարութեան մկրտութիւն կը քարոզէր իր ժամանակի մարդոց:

Մենք կը հաւատանք որ Եսայիի մարգարէութիւնը՝ Սուրբ Հոգւոյ ներշնչումով, կը վերաբերի Ս. Կոյս Մարիամի:

Արմատը կամ բունը, որմէ ընձիւղը՝ կամ գաւազանը՝ յայտնուեցաւ անվիճելիօրէն Աստուածամայր Ս. Կոյսն է. իսկ ընձիւղը՝ կամ ծաղիկը, որ այդ արմատէն ծլարձակեց բացայատօրէն անոր Որդին է՝ Յիսուս Քրիստոս, որուն վրայ կը հանգչի Տիրոջ Հոգին՝ «Աստուածութեան լիութիւնը» (Կողոսացիներուն 2, 9):

Յիսուս, այս աշխարհէն մեկնելէ առաջ իր Հօրը քով, խոստացաւ առաքել Իր աշակերտներուն եւ անոնցմէ վերջ բոլոր մկրտեալներուն, եօթը շնորհքներ պարգեւող Սուրբ Հոգին, որ Աստուածածինը Աւետման պահուն ընկալած էր.

1- Իմաստութեան պարգեւը, որպէսզի կարենանք լաւագոյնս կատարել մեր գործերը՝ առանց մոռնալու, որ Աստուած կը մնայ մեր վերջին նպատակը, որպէսզի այս երկրի վրայ զԱյն սիրելէ ու Անոր ծառայելէ ետք՝ կարենանք մեր մահէն յետոյ ունենալ երջանկութիւնը Անոր հետ ապրելու յաւիտեան.

2- Հանճարի պարգեւը, որպէսզի կարենանք լաւ ըմբռնել աստուածային խորհուրդները եւ խոկալով երկնային իրականութիւններուն վրայ՝ անջատել մեր մտածումներն ու մեր անկարգ հակումները այս ողորմելի աշխարհի ունայնութիւններէն.

3- Խրատի պարգեւը, որպէսզի կարենանք իմանալ Աստուծոյ կամքը եւ ընտրել ինչ որ օգտակար է մեր հոգեւոր յառաջդիմութեան համար, ինչպէս նաեւ՝ յաղթահարել փորձիչ սատանային թակարդներն ու նենգութիւնները.

4- Զօրութեան կամ արիութեան պարգեւը, որպէսզի կարենանք քաջութեամբ նուաճել աշխարհի բոլոր այն վտանգները, որոնք կը սպառնան մեր հոգւոյ փրկութեան.

5- Գիտութեան (ճանաչումի) պարգեւը, որպէսզի գիտնանք զանազանել ինչ որ Աստուծոյ է եւ ինչ որ կեսարին, եւ լուսաւորուած Անոր սուրբ հրահանգներով՝ ի վիճակի ըլլանք այս երկրի վրայ քալել առանց երբեք շեղելու մեր յաւիտենական փրկութեան ուղիէն.

6- Աստուածպաշտութեան պարգեւը, որպէսզի ապագային կարենանք աւելի եռանդով Անոր ծառայել, աւելի պատրաստակամութեամբ Անոր ներշնչումներուն հետեւիլ եւ ճշգրիտ կերպով Անոր պատուիրանները պահել.

7- Աստուծոյ երկիւղին (վախին) պարգեւը, որպէսզի Հոգին Սուրբ մեզ անկումէն պահէ մեր անցեալ յանցանքներուն մէջ, որոնց համար ներում կը խնդրենք:

Մեր հայ շարականագիրին ձայնակցինք՝ հայցելով. Ո'վ Հոգի Աստուծոյ, Դուն որ Յեսսէի արմատէն բխած գաւազանին վրայ հանգչեցար եօթնարփեան շնորհքներով, իբրեւ Հոգի խորհուրդի, Հոգի հեզութեան եւ զօրութեան, Հոգի իմաստութեան եւ գիտութեան, Հոգի երկիւղի եւ աստուածպաշտութեան, կ'աղաչենք, մեզի ալ ողորմութեամբ քու պարգեւներդ շնորհէ ու ասիկա կը խնդրենք բարեխօսութեամբ Ս. Կոյս Աստուածածինի, զոր քու զօրութեամբդ հովանաւորեցիր: Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/08/2023, 07:39