Որոնել

Պշարա Ռայի Կարդինալը եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն.եւ Գերերջ. Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը Պշարա Ռայի Կարդինալը եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն.եւ Գերերջ. Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը 

Երիտասարդական Լիբանանեան օրերու եզրափակիչ պատարագ` Զմմառու վանքի տարածքին մէջ

Սուրբ Պատարագին մասնակցեցան Լիբանանի բոլոր շրջաններէն ժամանած երիտասարդներու հոծ բազմութիւն մը։
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 6 Օգոստոս 2023-ի, առաւօտեան ժամը 10-ին, Համաշխարհային Երիտասարդական Լիբանանեան օրերու եզրափակիչ պատարագը` Զմմառու Վանքի տարածքին մէջ մատուցանեց` Մարոնի համայնքի Պատրիարքը` Մար Պշարա Պետրոս Ալ-Րահի Կարդինալը եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն.եւ Գերերջ. Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը, մասնակցութեամբ` Լիբանանի Կաթողիկէ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու եւ ներկայութեամբ Լիբանանի համարեա բոլոր շրջաններէն ժամանած երիտասարդներու հոծ բազմութեան։

Արարողութեան «Սուրբ, Սուրբ»ի հոգեպարար երգեցողութիւնը հնչեցուցին Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան` Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Դպրեվանքի ժառանգաւորները, ղեկավարութեամբ համանուն կրթօճախի Տեսուչ` Գեր. Հ. Գրիգոր Վրդ. Պատիշահի։

Յայտնենք, թէ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն.եւ Գերերջ. Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը, Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրի միջազգային օդակայանին մէջ ընդունեց երիտասարդներու համաշխարհային օրուան  իրենց մասնակցութիւնը բերող Փորթուակալէն Լիբանան ժամանած Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ երիտասարդներու պատուիրակութիւնը։ Այս առթիւ արտասնած խօսքին մէջԱմենապատիւ հոգեւոր Տէրը յարեց, թէ երիտասարդները ԵՀՕ «այն ինչ որ տեսան եւ լսեցին մեծ օրհնութիւնն է հոգեւոր մեծ կշիռներով, որոնք պէտք է օգտագործել հոգեւոր եւ ընկերային կեանքին մէջ», ըսաւ Ամեն.եւ Գերերջ. Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը։

Պշարա Ռայի Կարդինալը եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն.եւ Գերերջ. Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը
Պշարա Ռայի Կարդինալը եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն.եւ Գերերջ. Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/08/2023, 13:16